Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ապահովական Գօտի… Ո՞ր Կողմին Ապահովութեան Համար
24 Սեպտեմբեր 2019 Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ ապահովական գօտի հաստատելու թուրք-ամերիկեան փորձը յիշեալ երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան եւ ազդեցութեան գօտիի ընդլայնումին նպաստող համաձայնութիւն մըն է, որ իրականութեան մէջ Սուրիոյ ժողովուրդին ու անոր բազմերանգ ընկերութեան ոչ մէկ մասնիկին ապահովութիւնը պիտի երաշխաւորէ: Ընդհակառակը, ապահովական գօտիին հաստատումով մշտապէս թիրախ պիտի դառնայ Սուրիոյ ժողովուրդը, որովհետեւ ապահովական գօտիին հաստատումը օտար ուժերու սուրիական տարածքներ թափանցումը պիտի ամրագրէ` առանց հաշուի առնելու բնիկ ժողովուրդին կամքը, կարծիքն ու ապահովութիւնը:Սուրիա, բնականաբար, կտրականապէս պիտի մերժէր իր հողերուն վրայ, իր հողերուն շուրջ նման սակարկութիւններն ու ոտնձգութիւնները, Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անտեսող թուրք-ամերիկեան այս համաձայնութիւնը:
Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու բարդ կացութիւնը պիտի մեղմանա՞յ թրքական ուժերու թափանցումով, թրքական ներկայութի՞ւնը ապահովական երաշխիք պիտի դառնայ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի քիւրտ, արաբ, քրիստոնեայ ողջ բնակչութեան համար: Իրականութիւնը հակառակ պատկերը պիտի պարզէ. պիտի վտանգուին երկրի հիւսիսային շրջանն ու տեղւոյն բնակչութեան ապահովութիւնը:
Թուրքիա սուրիական տագնապի սկզբնական շրջանի իր նախնական ծրագիրը չյաջողեցաւ իրագործել ու ապահովական գօտի մը հաստատել` հասնելու մինչեւ Հալէպ, օսմանեան իր երազներու գէթ մէկ մասը իրականացած տեսնելու եւ քրտական գործօնի ազդեցութենէն ձերբազատելու համար, բնականաբար` Սուրիոյ ժողովուրդին հաշուոյն: Հիմա ան ի գործ կը դնէ երկրորդ ծրագիրը` առնուազն Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային կարգ մը շրջանները իր վերահսկողութեան տակ առնելու, միաժամանակ գոհացում տալու իսրայէլեան հեռանկարներուն, հատել փորձելով Իրանէն Սուրիա, ապա Լիբանան հասնող ազգային դիմադրութեան առանցքը:

Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն համաձայնութեան եզր մը գտնել երկու թշնամիներու` թուրքերու եւ քրտական կարգ մը միաւորներու միջեւ, պարզապէս իրանեան ազդեցութենէն զերծ պահելու այդ շրջանները: Միացեալ Նահանգներ չեն հետաքրքրուած ո՛չ քրտական հարցով, ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ Սուրիոյ ապահովութեան երաշխիքներով: Ան պարզապէս իր արտաքին քաղաքականութեան յաջողութեան երաշխիքները կ՛որոնէ:
Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա մինչեւ օրս տարակարծիք են ապահովական գօտիի սահմաններուն եւ խորութեան շուրջ իսկ: Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն սուրիական հողերուն վրայ 15 քմ խորութեամբ ապահովական գօտի հաստատել, մինչ Թուրքիա` 30-40 քմ, միեւնոյն ժամանակ պահանջելով թրքական զինուորական ուժերուն ներկայութեան ապահովումը Սուրիա-Թուրքիա սահմանի երկայնքին:
Թրքական այսպիսի ներկայութիւն մը ոչ միայն ապահովական երաշխիք չի հանդիսանար Սուրիոյ ժողովուրդին համար, այլեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը կը վտանգէ:
Նման ոտնձգութիւն բնականաբար պիտի մերժուի ոչ միայն Սուրիոյ պետութեան, այլեւ ժողովուրդին կողմէ: Ա՛յն ժողովուրդին, որ վերջին տարիներուն ականատեսը դարձաւ սուրիական պատերազմին Թուրքիոյ չարաղէտ միջամտութեան, որուն պատճառով Սուրիոյ բնակչութեան ողբերգութեան` հիւսիսային շրջաններէն մինչեւ հարաւ, արեւելք ու արեւմուտք:
Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բնակչութեան ապահովութեան միակ երաշխիքը սուրիական բանակն է: Երկրի բնակչութեան բոլոր շերտերուն ապահովութեան պիտի հսկէ ոչ թէ օտարը, այլ` երկրին օրինական բանակը, պետութիւնը:
Իւրաքանչիւր քայլ, որ կ’անտեսէ կամ ետ կը մղէ սուրիական բանակը, կը նպաստէ թրքական ծրագիրներուն:
Ռուսիա-Սուրիա համակարգուած պաշտպանողական համակարգն է, որ հարցերուն լուծման ազդանշանը պիտի տայ վերջաւորութեան` նկատի առնելով գերտէրութիւններու քաղաքական շահերը, միաժամանակ վերականգնելով տարածաշրջանի մէջ Սուրիոյ ռազմաքաղաքական դերակատարութիւնը:
Յառաջիկայ օրերուն կարճաժամկէտ բախումներ կրնան տեղի ունենալ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին վրայ, սակայն այս բոլորը բանակցութիւններու նախապատրաստութեան պիտի ծառայեն պարզապէս:
«Գ.»