«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ցայսօր Հեռու Ենք «Կանաչ Տնտեսութիւն» Գաղափարէն
28 Հոկտեմբեր 2019 Բնութեան ծննդոցին մասին խօսիլն ու զրուցելը անհեթութիւն եւ ժամավաճառութիւն է: Հաւանաբար ցայտուն օրինակ մը` բիւզանդական վիճաբանութեան:Աշխարհն իսկ, իր ստեղծուած օրէն, բնութեան մաս կը կազմէ եւ կամ ալ հակադարձաբար բնութիւնն է, որ աշխարհին մաս կը կազմէ:
Այսպէս, բնութեան գոյութենէն ետքն է, որ մարդ էակը մուտք գործեց աշխարհ: Հետեւաբար, անոր պարտականութիւնն է զայն գուրգուրալ, խնամել եւ շարունակ տէր կանգնիլ: Այսինքն այս պարտականութիւնը կատարելու, ՄԱՐԴ պէտք է, որ ըլլայ բնութեան պահապանը:
Շատեր կ՛օգտագործեն բնութիւնն ու անոր հարստութիւնը, երեւոյթ մը կամ գործընթաց մը, որ կարելի է ժխտական ձեւով մօտենալ, այնքան ատեն որ այս ներդրումը ճիշդ ձեւով կը կատարուի, այսինքն «կանաչ տնտեսութիւն» կը կիրակուի, առանց վտանգելու կենսոլորտն ու շրջապատը: Բնութեան շահագործումն ու «ապրանքացում»-ը կենսական է, եւ օգտակար, այնքան ատեն որ կը յարգուին պայմանները:

Վերջերս, շուէտացի համակրելի պարմանուհի Կրեթա Թումպերկ բառին բուն իմաստով փոթորիկ ստեղծեց: Իր երկրի խորհրդարանին առջեւ` յաչս բնութեան, պաշտպանման փոքր պաստառ մը բռնելով, այս բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակը առաջին օրերուն կարծուեցաւ, թէ անտուն մըն է: Սակայն ամիսներ ետք այս պարմանուհին այցելեց զանազան հիմնարկներ եւ բեմահարթակի վրայ ոգի ի բռին պաշտպանեց իր բնական, այսինքն բնութեան դատը:
Հաւանաբար, անծանօթ մը ըլլալով, քաղաքական շողարձակներէ հեռու այս «դիցուհի»-ն կրցաւ նոյնիսկ գերազանցել Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու Ալ Կորը, որուն հետեւողական պայքարը, ի նպաստ բնապահպանման, ինկաւ քաղաքական մութ հաշիւներու ծուղակին մէջ, իր «Անպատշաճ իրականութիւն»-ը պատշաճօրէն չիրականանալով:
Փոքրիկն Կրեթա Թումպերկ դեռ ծնած չէր, նոյնիսկ Ալ Կորն ալ հաւանաբար դեռ նոր համալսարանաւարտ էր, երբ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ ծնունդ առին «Կանաչներ» կուսակցութիւնները, որոնք շարունակ կը շփոթին այդ օրերուն ծայրայեղ ձախակողմեան եւ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարող կազմակերպութիւններու հետ: Անշուշտ այդ օրերուն Եւրոպա հասկացողութիւնը համեմատաբար սահմանափակ էր եւ կ՛ընդգրկէր արեւմտեան Եւրոպան: Զերծ կը մնային արեւելեան Եւրոպայի, այսինքն այդ օրերու Խորհրդային Միութեան արբանեակ երկիրները: Աշխարհագրականօրէն քիչ մը արեւելք թեքելով, այդ օրերու Հայաստանն ալ հեռու էր քաղաքական «կանաչութիւն»-էն: Իսկ, այսօր տարիներ ետք, Հայաստանի մէջ բնապահպանման գործընթացը կը յատկանշուի հասարակական զօրաշարժով:
Թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ ալ, Հայաստանի բնապահպանական շարժումը կը գործէր: Բազմիցս խօսուեցաւ հանքային արտահանումներու եւ անոնց յաջորդող կամ ընկերակցող գայթակղութիւններու մասին: Հոս տեղին է նշել եւ ընդգծել, թէ Հայաստանի մէջ բնապահպանական շարժումը ծնունդ տուաւ արդէն դէմքերու եւ դէպքերու:
Նախապէս Թեղուտն ու Կապանն էին, իսկ ամիսներէ ի վեր Ամուլսարն է, որ գործի լծած է բնապահպանները:
Ղեկավարութիւնը փոխուած է: Օլիկարխի փոխարէն նէօ-լիպերալ ղեկավարութիւն մը բեմահարթակի վրայ է, սակայն ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ կը մնայ անտէր ու անխնամ:
Ժամանակն է, որ Հայաստանի բնապահպանական ոլորտը զօրաշարժի ենթարկէ իր ուժերը եւ անմիջական օրակարգի վրայ դնէ «կանաչ տնտեսութեան» հեռանկարը` քաղաքական ծրագիրի վերածելու ակնկալութեամբ:
Ի վերջոյ պատահարներն ու եղելութիւնները ցոյց կու տան, թէ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերը ցայսօր այնքա՛ն յեղափոխական չեն, որքա՛ն բնապաշտպաններու կատարած եւ կատարելիք զօրաշարժը:
Բնական է, որ ո՛չ մէկ հայորդի կը փափաքի իր երդիքին վրայ նկատել քարիւղածածկ թեւերով արագիլներ կամ տեսնել ապականած Սեւանայ լիճ մը:
Բնապաշտպաններուն շարժումը հետամուտ է քաղաքացիական հասարակութեան վերահսկողութեան տակ դնելու եւ մեծ դրամագլուխի շահագործումէն զերծ պահելու այն, ինչ որ հասարակութեան կամ նոյնինքն հայութեան կը պատկանի:
Այլ խօսքով` բնապաշտպաններու զօրաշարժը կրնայ մեկնակէտն իսկ հանդիսանալ համակարգային արմատական փոփոխութեան, որ հայրենի երկիրն ու հասարակութիւնը կրնայ ազատագրել մենաշնորհային դրամատիրութեան նախնական տարբերակէն, որ այսօր կը տիրապետէ եւ ինքզինք կը պարտադրէ որպէս տնտեսական զարգացման միակ այլընտրանք, ինչ որ, յստակ է, թէ գաղափարախօսական գործելաձեւ մըն է յաւերժացնելու համար իշխող դասակարգի շահագործումը:
hairenikweekly.com