Մեր պայքարը կանգ պիտի չառնէ
31 Հոկտեմբեր 2019 Անկախ այն բանէն, թէ այս գործընթացը ի վերջոյ ո՞ւր կը հասնի եւ որքա՞ն ժամանակ կը պահանջէ, գոյութիւն ունի քաղաքական կեանքի հետեւեալ անսխալ հրամայականը ԲՈԼՈՐԻՍ ՀԱՄԱՐ։Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հսկայ միջոցներ կը ներդնեն այս գործին մէջ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը ձախողեցնելու համար, այլ ամերիկահայութեան քաղաքական ուժը հակակշռելու, զայն չէցոքացնելու, զայն հանրային կարծիքին առջեւ վարկաբեկելու, զայն որպէս որոշիչ զանգուած՝ պառակտելու եւ ռազմադաշտէն դուրս շպռտելու։ Այս մէկը կ՚ընեն քաջ գիտնալով, որ մեր քաղաքական ուժը Ա.Մ.Ն.-ի քաղաքական բեմին վրայ կը խափանէ իրենց գործը Ա.Մ.Ն.-ի քաղաքականութիւնը իր հարազատ հունէն շեղելու։ Նաեւ կ՚ընեն քաջ գիտնալով, որ բարոյական առաւելութիւնը այնուամենայնիւ մեզի կը պատկանի։ Մեր մէկ մամիկի անկեղծ եւ պահանջատէր խօսքը Քոնկրէսէն ներս, իր պարզութեանը մէջ, համազօր է իրենց միլիոնաւոր տոլարներուն։

Այս առումով, պաշտօնապէս Հայ Դատի գրասենեակները կը ներկայացնեն ամերիկահայութեան շահերը եւ հետեւաբար հայ պետականութեան օրինական գործակալները չեն, բայց ամերիկահայութեան շահերը կը կայանան Ա.Մ.Ն.-ի արտաքին քաղաքականութիւնը ճիշտ հունի մէջ պահելու նախանձախնդրութեան մէջ յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի մեր տարածաշրջանին. այսինքն Հայաստանի եւ Արցախի (եւ Ջաւախքի եւ հայ աշխարհատարած Սփիւռքի) անվտանգութեան եւ ազատ զարգացման խնդիրներուն։
Հետեւաբար Ա.Մ.Ն.-ի քաղաքական բեմին վրայ ըլլալ մշտագործօն ուժ եւ կասեցնել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յանցաւոր յառաջխաղացքը նպատա՛կն իսկ է այսօր՝ առաւե՛լ այն պահանջկոտ օրակարգը, զոր հետապնդած ենք ու պիտի հետապնդենք անխոնջ ու անդեդեւ։
Ինչպէս ըսած եմ ասկէ առաջ, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի քաղաքական բեմերը — այսինքն մեծապետական մայրաքաղաքները՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յանցաւոր քաղաքականութեա՛մբ իսկ — ռազմաճակատին մաս կը կազմեն այսօր եւ հետեւաբար մեր գործի սահմանագիծը այս սահմաններու մէջ միայն կարելի է պատկերացնել…Քանի մը շաբաթ առաջ, թուրք հրամանատարը կը յայտարարէր (Հիւսիսային Սուրիոյ ակնարկելով)՝ «Մեր երկրին սահմանները հոն են, ուր կը գտնուին թուրք զինուորին ոտքերը»…Իսկ մենք կ՚ըսենք՝ մե՛ր երկրին անվտանգութեան սահմանները հոն են այսօր, ուր կը գտնուի ոչ միայն հայ զինուորը իր կորովի պաշտպանական համակարգով, այլեւ Հայ Դատի նուիրեալ զինուորը իր փայլուն ռազմավարութեամբ եւ վճռական եւ ազդու քաղաքական բռունցքով։
Կարօ Արմենեան
Հոկտեմբեր 30, 2019
Ուաշինկթըն
hairenikweekly.com