Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան (ՄԻՊ) Արտակ Բեգլարեանը Վիեննայի մէջ կը հանդիպի Աւստրիացի, Միջազգային ու Հայկական Շրջանակներու հետ
07 Նոյեմբեր 2019 Աւստիրոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը համագործակցաբար Աւստրիոյ մէջ ՀՀ. Դեսպանատան, 5 եւ 6 Նոյեմբերին շարք մը հանդիպումներ կազմակերպեց Արցախէն ժամանած Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արտակ Բեգլարեանին համար:6 Նոյեմբերին, ՄԻՊ-ը Աւստրիոյ Խորհրդադանին մէջ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրիա – Հայաստան խորհդարանական բարեկամական խումբի Աւստրիոյ նախագահ, պատգամաւոր Տիկին Կուտրոն Քուկլերին հետ, որուն ընթացքին մանրամասնօրէն քննարկուեցաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Աւստրիա-Արցախ ուսանողական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:

5 Նոյեմբերին, Պրն. Բեգլարեանը հանդիպումներ ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ ասորական և քրտական համայնքներու ղեկավարութեան հետ, որոնց հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը ու համագործակցութեան եզրեր:
Նոյն օրը, հանդիպման ու զրոյցի արդիւնաւետ առիթ մը եւ ստեղծուեցաւ այս անգամ Վիեննայի հայութեան հետ: Աւստրիոյ մէջ ՀՀ. Դեսպան Արմեն Պապիկյանի ներկայութեամբ, դեսպանատան կից «Հայաստան» սրահին մէջ Պրն. Բեգլարեան հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու եւ երիտասարդներու հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգը, առանձնայատկութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Արցախի զարգացման ու մարդկային իրաւանց ամրագրման համար Սփիւռքի դերակատարութիւը: Ներկայացման յաջորդեց մտերմիկ զրոյց-քննարկում, որու ընթացքին Պրն. Բեգլարեան, մանրամասնօրէն լուսաբանութիւններ փոխանցեց ներկաները յուզող հարցերուն:
Տեղին է նշել, թէ Արցախի ՄԻՊ-ը օրեր առաջ Աւստրիա ժամանած էր, որպէս լիազօր անդամ Ինսպրուկի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի ՄԻՊ-երու խորհրդաժողովին մասնակցելու:
Աւստրիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբ