Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան Աթէնքի մէջ
12 Նոյեմբեր 2019 Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Դաւիթ Իշխանեան, 5 եւ 6 Նոյեմբեր 2019ին, Աթէնք գտնուեցաւ եւ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ յունահայ գաղութի կառոյցներուն հետ։Երեքշաբթի՝ 5 Նոյեմբերի առաւօտուն, ընկ. Իշխանեան եւ իր տիկինը այցելեցին «Ազատ Օր»ի խմբագրատուն եւ մօտէն ծանօթացան յունահայ օրաթերթի հրատարակութեան աշխատանքներուն։ Իր այցելութեան առիթով, ընկ. Իշխանեան շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ թերթին, որ պիտի հրատարակուի յաջորդիւ։
Նոյն օրը, Արցախի պատգամաւորն ու իր տիկինը առիթը ունեցան այցելելու Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան», «Յակոբեան» եւ «Զաւարեան» ազգային վարժարանները եւ ծանօթանալու աշակերտութեան ու ուսուցչական կազմերուն հետ։ Փոքրիկները հետաքրքրութեամբ մօտեցան Արցախի հիւրին եւ լսեցին անոր պատգամներն ու թելադրանքները հայու ինքնութիւնը եւ Արցախի հերոսական պատմութիւնը իրենց սրտերուն մէջ պահելու համար։

Ընկ. Իշխանեան յորդորեց աշակերտներուն այցելել Արցախ, զգալ մեր արծուաբոյն հայրենի հողին զօրութիւնը եւ ամէն տեղ զօրավիգ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդի գոյապայքարին։
Ընկ. Դաւիթ Իշխանեան հարցազրոյց տուաւ յունական «Էֆիմէրիտա թոն սինտաքթոն» թերթի հայասէր թղթակից Նիքոլաս Զիրղանոսին, որ Արցախի քառօրեայ պատերազմին այցելած էր Արցախ եւ իր տպաւորութիւններն ու Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարը նկարագրած էր երկարաշունչ յօդուածով մը։
Չորեքշաբթի՝ 6 Նոյեմբերին, Արցախի ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ։ Նոյն գիշեր, ընկ. Դաւիթ Իշխանեան հանդիպեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի կազմին հետ։ Ընկերը ներկայացուց Արցախի հիմնահարցի վերջին զարգացումները, խօսեցաւ Արցախի քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակին մասին, յատկապէս՝ 2020ի նախագահական եւ երեսփոխանական զոյգ ընտրութիւններու լոյսին տակ։ Անդրադարձ կատարեց Արցախի միջազգային ճանաչման համար եղած ջանքերուն եւ քաղաքական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը ծաւալին պետական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ աւելի մանրամասնեց վերջերս Արցախի պետութեան եւ Հ.Յ.Դ.ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին մասին։
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան
Ազգային առաջնորդարանի դիւանը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի՝ 6 Նոյեմբեր 2019ի երեկոյեան, Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանի: Հիւրին ընդունեցին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութեան անդամները: Պրն. Սերգօ Գույումճեան ներկայացուց Արցախեան շարժումի առաջին իսկ օրէն՝ թէ՛ ռազմական թէ՛ հասարակական-քաղաքական մարզէն ներս իր մասնակցութիւնը բերած պրն. Իշխանեանին: Առաջնորդ Սրբազան հայրը, յանուն Ազգային իշխանութեան, ուրախութեամբ ողջունեց այս այցելութիւնը, նշելով որ արդէն անցնող տասնամեակներուն, Լիբանանի Թեմին Առաջնորդի հանգամանքով, ինք ծանօթ էր յարգելի հիւրին. այս առիթով, Սրբազան հայրը անգամ մը եւս հաստատեց Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու իր թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախին:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց այցելութիւնը յարգելի հիւրին:
Պրն. Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալ ըլլալով եղած պատիւին ու ընդունելութեան համար, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Յունաստանի հայութեան մօտ կը գտնուի, նշելով անցնող տարիներուն յունահայութեան բերած նպաստն ու մասնակցութիւնը Արցախեան պայքարին, ապա ընդհանուր կէտերու մէջ ան անդրադարձաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած հիմնահարցերուն: Պրն. Իշխանեան կարեւորութեամբ նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի դերակատարութիւնը, ի մասնաւորի՝ Արցախ կատարած յատկանշական այցելութիւնը: Ազգային վարչութեան անդամներուն կողմէ եղած հարցումներուն, պրն. Իշխանեան տուաւ անհրաժեշտ եւ մանրամասն լուսաբանութիւններ:
azator.gr
11.11.2019թ