Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան վերընտրուած են CCAF-ի համանախագահ
30 Նոյեմբեր 2019
Նոյեմբեր 24-ին Տէսինի Հայ յուշագրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած են Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) նոր վարչութեան, այնուհետեւ ալ նախագահութեան ընտրութիւնները։
Ինը հոգինոց նոր վարչակազմ ընտրուած է Ֆրանսայի երեք շրջաններէն (Հիւսիս, Կեդրոն եւ Հարաւ) երեքական պատգամաւորներով։ Բարոյական, ֆինանսական եւ քաղաքական տեղեկագրերու ընդունուելէն ետք, երեք շրջաններու 27 պատգամաւորները 24 թեր, մէկ դէմ, մէկ անվաւեր եւ մէկ սպիտակ քուէով՝ երեք տարուան համար վերստին CCAF-ի համանախագահ ընտրած են Մուրատ Փափազեանը եւ Արա Թորանեանը։
«Նոր Յառաջ»
Նոյեմբեր 30, 2019թ.