Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց Հասսան Տիապի Թեկնածութիւնը
20 Դեկտեմբեր 2019 Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ կը զօրակցի Հասսան Տիապի թեկնածութեան:Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրած է Հասսան Տիապի թեկնածութիւնը:

«Այս ամպիոնը այսօր վարչապետի նշանակման համար է միայն եւ ոչ թէ քաղաքական կեցուածքներ արտայայտելու կամ կառավարութեան տեսակին թէ չափին մասին խօսելու: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով եւ հաւատալով ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութեան` Հասսան Տիապի անունը կ՛առաջադրենք վարչապետի պաշտօնին համար», ըսաւ ան:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք ծանօթ է եւ նախապէս բազում հանդիպումներ ունեցած է Հասսան Տիապի հետ: «Համոզուած եմ, որ ատակ եւ կարողութիւն ունեցող անհատներու պէտք է գործելու առիթ ընծայել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Տիապ ակադեմական է, մասնագէտ եւ կասկածներէ հեռու անձնաւորութիւն մը», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան խորհրդակցութիւններուն ներկայ չգտնուեցաւ երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով, սակայն ան գրաւոր կերպով հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց պլոքի որոշումին իր զօրակցութիւնը:
aztagdaily.com