ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Դաշնակցութեան խօսքը նորազատականութեան այսօրուան ժխորին մէջ

18 Հունվար 2020 Սկսինք հիմնականէն, սկիզբէն։

Նորազատականութիւնը դրամատիրական համակարգի նորագոյն գաղափարախօսական «գիւտ»ն է։ Դրամատիրութիւնը միշտ ձգտած է հարստութեանց անյագ կուտակումին: Այդ հարստութիւնը կրնայ կանխիկ դրամի ձեւով ըլլալ, կրնայ նաեւ յառաջանալ բնական պաշարներով՝ քարիւղով, բնական կազով, հանքային զանազան պաշարներով (մետաղներ եւ այլն), առանց մոռնալու… ջուրը։

Բանակներով գաղութատիրութիւնը, ճնշումը, զինուորական գրաւումը, մէկ խօսքով՝ բռնամիջոցներու օգտագործումը այսօր միակ ձեւը չէ այլ ժողովուրդներու հարստութիւններուն տիրանալու համար։
Կան նաեւ «խաղաղ» միջոցներ, որոնք առաւելաբար կ’առնչուին գաղափարներու, այսինքն՝ մարդկային համընդհանուր գաղափարներ շահագործելով, կամային կերպով զանոնք մեկնաբանելով։ Այս գաղափարներէն են ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ՝ խօսքի, խղճի եւ մամուլի ազատութիւն, կենսոլորտի պաշտպանութիւն եւ այլն։

Մէկ խօսքով, հարստութեան կուտակումի ձեւերը կրնան փոխուած ըլլալ ըստ պահու կամ պարագայի, սակայն նպատակը չէ փոխուած։

Համամարդկային վերոնշեալ բոլոր ազնիւ գաղափարները կեանքի վերածելու համար, մարդկային հասարակարգը դիմած է յեղափոխութիւններու, քաղաքական անդուլ պայքարներու։ Շատ յաճախ ալ մեծ գին վճարելով այս ազնուագոյն գաղափարները, իտէալները կեանքի վերածելու համար։ Բոլորս ալ գիտենք եւ օրինակներ տալու կարիքը չկայ հոս։

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր կարգին, մեր ժողովուրդի պատմութեան վերջին աւելի քան 130 տարիներուն ընթացքին, ինք եւս մղած է այս պայքարը՝ յանուն հայութեան ազատագրումին, ֆիզիքական ապահովութեան, իրաւունքներու տիրացման եւ բարգաւաճման։ Մեր պայքարը այսօր եւս կը շարունակուի։

ԺԽՈՐԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

Եւ ուրեմն, Արեւմուտքը, իբրեւ յառաջապահը դրամատիրական կարգերուն, իր նպատակներուն հասնելու համար, տասնամեակներու ընթացքին արդէն իսկ ստեղծած էր իր լծակները՝ զինուորական (ՆԱԹՕ), ելեւմտական (Համաշխարհային դրամատուն, Միջազգային Դրամական Հիմնարկ (ՄԴՀ), դրամատնային փոխանցումներու SWIFT դրութիւն) եւ մանաւանդ՝ քարոզչական (թերթեր, լսատեսողական սփռումի կայաններ, ընկերային ցանցեր, կայքէջեր եւ այլն)։

Հարստութեան կուտակումի համար, դրամատիրական աշխարհը, հոն ուր կարիքը կար, չվարանեցաւ դիմելու զինուորական միջոցներու. ինչպէս Իրաք, Լիպիա, Սուրիա, Եմէն եւ այլն։ Սակայն այս զինուորական քայլերուն նախորդեց քարոզչական այնպիսի աղմուկ-աղաղակ մը, զոր դժուար էր կասեցնել։
Այսօր, նորազատականութեամբ «զինուած» դրամատիրական հասարակարգը ամբողջ աշխարհը կը նկատէ մեծ «շուկայ» մը պարզապէս, ուր կարելի է գնել (շատ յաճախ ալ պարզապէս կողոպտել) այլ երկիրներու-ազգերու բնական հարստութիւնները ու անոնց վաճառել իրենց արտադրութիւնները՝ սննդեղէնէն սկսեալ մինչեւ համակարգիչներ եւ այլն։

Նորազատականութեան համար գոյութիւն չունին ազգային-մշակութային առանձնայատկութիւններ, չկան հոգեմտաւոր արժէքներ, չկան Նարեկացի կամ Շէյքսփիր, չկան, պէտք չէ գոյութիւն ունենան ազգ-պետութիւններ ու սահմաններ։ Աշխարհը պէտք է համահարթեցուած «շուկայ»ի վերածել, որպէսզի դիւրանայ դրամագլուխի ու հարստութեան կուտակումը։

Մրցակիցնե՞ր… Ռուսիա՞ն, Չինաստա՞նը։ Անո՛նք եւս պէտք է դուրս մղուին, որպէսզի չփորձեն աւարին տիրութիւն ընել։ Ասկէ կը բխի նաեւ Ռուսիան ՆԱԹՕ-ի երկիրներով շրջապատելու, անոր ազդեցութեան գօտիները «նեղցնելու» Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը։ Ասկէ նաեւ՝ Հայաստանէն ռուսական ռազմախարիսխը դուրս հանել փորձելու Արեւմուտքի ծածուկ ու բացայայտ ճիգերը, իրենց տեղական մանր-մունր գործակալներուն միջոցով։

Իսկ եթէ կան դիմադրողներ, անոնք պէտք է պարզապէս վերացուին ու փոխարինուին իրենց կամակատարներով։ Մտաբերեցէք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Պրազիլի մէջ Տիլմա Ռուսէֆի պարագային, կամ Պոլիվիոյ մէջ Էւօ Մորալեսին։

Փակագիծ.- ինչո՞ւ Պոլիվիան։ Համակարգիչներու կամ ելեկտրական ինքնաշարժներու բարդերու հիմնական բաղադրամասը լիթիումն է, որուն համաշխարհային պաշարներուն 70 տոկոսը կը գտնուի Պոլիվիոյ մէջ… Յստակ է, չէ՞, թէ ինչո՛ւ Պոլիվիան։

Որո՞ւ հոգը, որ հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլալուն հետեւանքով կորսնցուցած է հող, նիւթական եւ հոգեմտաւոր, մշակութային հսկայական հարստութիւն։ Նորազատականութեան համար ի՞նչ արժէք ունին հայութեան (կամ որեւէ ուրիշ ազգի մը) ազգային առանձնայատկութիւնները, կամ հողային-նիւթական հարստութիւնը։ Ոչ մէկ արժէք։ Իսկ եթէ Արցախի հարցի անլոյծ մնալը պիտի խանգարէ բնական հարստութիւններու ապահով բաշխումը, պէտք է ձերբազատիլ նաեւ այդ «գլխացաւանք»էն։ Դիմադրողնե՞ր կան. անոնցմէ՛ ալ պէտք է «ձերբազատիլ»։ Այս է նորազատականութեան դաւանանքը։

ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Հետեւաբար (եւ հոս թաղուած է շան գլուխը), կը տրամաբանէ դրամատիրական համակարգը, եթէ կան ազգեր, որոնք կը դիմադրեն, անհրաժեշտ է տկարացնել-կոտրել անոնց դիմադրական ոգին։ Ինչպէ՞ս… այդ երկիրներէն ներս ազդեցութեան գօտիներ եւ լծակներ ստեղծելով։ Ժողովրդավարութեան անունին ու ծածկոյթին տակ ստեղծելով եւ ֆինանսաւորելով կազմակերպութիւններ, որոնք առաջ պիտի մղեն աշխարհաքաղաքացիական՝ ոչ-ազգային գաղափարներ. քաջալերել ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք առաջ մղեն աղանդաւորական եւ տուեալ մարդկային ընկերութեան կողմէ անընդունելի երեւոյթներ, կոտրեն ամէն տեսակի թապուներ, ու այդ ձեւով ներքնապէս տարբաղադրեն տուեալ հաւաքականութիւնը՝ ազգը, տկարացնեն անոր ներքին դիմադրականութիւնը, որպէսզի դիւրանան Արեւմուտքին կողմէ ջատագովուած դրամատիրական կարգերու շահատակութիւնները։

Անցանք։

Սուրիոյ պարագային, Արեւմուտքի մէջ ղեկավար չմնաց, որ թութակի պէս չկրկնեց «Պաշշար ալ Ասատը բռնատէր է, պէտք է մեկնի» յանկերգը (անկախ անկէ որ այս յանկերգը կրկնողները մեկնեցան քաղաքական թատերաբեմէն)։ Այսպէս՝ գոռում-գոչումով համաշխարհային հանրային կարծիքը փորձեցին համոզել, որ տեսա՞ք, Տերաաի մէջ «խաղաղ ցուցարարներ»ուն դէմ ինչպէս բռնամիջոցներու դիմեց «սուրիական բռնատիրութիւն»ը եւ այլն։ Այսինքն, խաղցուեցան (աւելի ճիշդ՝ շահագործուեցան) համամարդկային արժէք հանդիսացող ժողովրդավարութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու խաղաքարտեր, պարզապէս որովհետեւ Արեւմուտքը աչքը դրած էր Սուրիոյ բնական հարստութիւններուն (գլխաւորաբար քարիւղին) եւ բնական կազի փոխադրութեան գիծ հանդիսանալու ռազմագիտական դիրքին վրայ։ Մնացածը՝ «բռնատիրութիւն» եւ այլն, կեղծիք էր, Արեւմուտքին համար քարոզչական մանրադրամ, ուրիշ՝ ոչինչ։

Այլ խօսքով, եթէ Իրաքը, Լիպիան կամ Սուրիան չունենային քարիւղ ու նման ռազմավարական արժէք ունեցող հարստութիւն կամ աշխարհագրական դիրք, որո՞ւ հոգը պիտի ըլլար, թէ նոյն այդ երկիրները ժողովրդավա՞ր, թէ հակաժողովրդավար կարգերով կը կառավարուին… ։ Որո՞ւ հոգը, թէ տուեալ երկրի մը մէջ «մարդկային իրաւունքները» (անշուշտ այնպէս ինչպէս կը սահմանէ նոյնինքն Արեւմուտքը) կը յարգուի՞ն, թէ՝ ոչ։ Որո՞ւն հոգը, եթէ տուեալ երկրին մէջ սեռային տարբեր ճաշակ ունեցողներ կա՞ն, թէ՝ ոչ…

Նոյն Արեւմուտքը մոռցած էր ժողովրդավարութիւնը նոյնինքն ԵՄ-ի անդամ Սպանիոյ մէջ, երբ կեդրոնական իշխանութիւնը բառացիօրէն փորձեց բռնութեան մէջ խեղդել քաթալաններու հանրաքուէն քանի մը տարի առաջ (այդ օրը արձանագրուեցան աւելի քան 800 վիրաւորներ, հազարաւոր ձերբակալութիւններ)։

Աւելի ցայտուն էր Յունաստանի պարագան, երբ յոյն ժողովուրդը հանրաքուէի դիմեց եւ քուէներու երկու երրորդով մերժեց Եռապետութեան կողմէ (Եւրոպական Կեդր. դրամատուն, ՄԴՀ եւ Եւրոպական Յանձնաժողով) իրեն պարտադրուած ելեւմտական ծանր պայմանները։ Եռապետութիւնը յոյն ժողովուրդին պատասխանեց՝ «չէ, ձեր քուէարկութիւնը ձեզի պահեցէք, հոս ժողովրդավարութիւն-մողովրդավարութիւն չկայ»։ Այսքան լկտի։
Հետեւաբար, ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու, պահպանելու ու այդ գօտիներուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնները կողոպտելու համար, Արեւմուտքին համար, քարոզչականօրէն, պարզապէս շահագործելի նիւթեր են թէ՛ ժողովրդավարութիւնը, թէ՛ մարդկային իրաւունքները, թէ՛ տարբեր տեսակի մարդկային ազատութիւնները, ինչքան ալ օրէնքներով սահմանուած ըլլան անոնց տարողութիւնն ու ծիրը տուեալ երկիրներէն ներս՝ ըստ նոյն ժողովուրդի անցեալին, բարքերուն, սովորութիւններուն ու հոգեկերտուածքին։

ԵՒ ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

ՀՅ Դաշնակցութեան խօսքը իր գաղափարաբանական սկզբունքներէն կը բխի։ Մեզի համար անընդունելի է ազգի մը շահագործումը ուրիշ ազգի մը կողմէ։ Ներազգային իմաստով ալ՝ ժողովուրդի մէկ խաւին շահագործումը այլ խաւի մը կողմէ։ Այլ խօսքով, մեզի համար անընդունելի է շահագործումը թէ՛ ներազգային, եւ թէ ազգամիջեան յարաբերութիւններու մէջ։
Մենք համոզուած ենք, որ իւրաքանչիւր ազգ իրաւունք ունի ապահով ապրելու եւ բարգաւաճելու իր հայրենիքի սահմաններէն ներս։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, անընդունելի կը համարենք ուժեղին կողմէ «տկար» համարուածին ունեցուածքին բռնագրաւումն ու իւրացումը։
Ա՛յս պատճառով է որ Դաշնակցութիւնը մղեց ազատագրական պայքար օսմանեան բռնատիրութեան դէմ։ Նո՛յն պատճառով էր, որ մենք ամէն կերպով սատարեցինք ու մասնակցեցանք Արցախի ազատագրութեան պայքարին։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, ՀՅ Դաշնակցութեան համար ծրագրային առաջադրանք է Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մը ստեղծումը, Ուիլսընեան սահմանագծումով։

Դաշնակցութիւնը 1907-ին արդէն, իր վերամշակուած Ծրագիրով կը յայտարարէր, որ ինք՝ «կը պաշտպանէ հայութեան բովանդակ շահերը»։ Բովանդակ՝ այսինքն համալիր, ամբողջական։ Սահմաններու ապահովութիւն, ներքին ապահովութիւն, սերունդներու համերաշխութիւն, առողջ կենսոլորտ, ներառական տնտեսութիւն, ազատ քաղաքացիի կերպարով կառուցուած պետական համակարգ եւ հաստատութիւններ։ Ու այս բոլորը՝ պաշտպանուած արտաքին ոտնձգութիւններու դէմ։

Հայաստանի մէջ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը գործեն քանի մը հազար ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնց մեծ մասը կը ֆինանսաւորուի դուրսէն՝ Եւրոպական Միութիւն, Ամերիկեան Ժողովրդավարութեան Ազգային Հիմնադրամ (National Endowment for Democracy, NED), USAID, Բաց Հասարակութեան Հիմնադրամ (Սորոս) եւ այլն։ Հաւատացէ՛ք, ասոնցմէ ոչ ոք իր քունը փախցուցած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավար կարգեր տեսնելու համար. ո՛չ ոքի տարտն է Հայաստանի մէջ կանանց կարգավիճակը, բռնութիւնը եւ այլն (ի դէպ՝ ՀՀ-ի մէջ մշակուած ամբողջ օրէնսդրութիւն մը կայ ընտանեկան բռնութեան վերաբերող հարցերու մասին. այնպէս չէ, որ քարայրներու մէջ կ’ապրի մեր ժողովուրդը)։ Ո՛չ ոքի մտահոգութիւնն է թափանցիկութեան ապահովումը Հայաստանի պետական կառավարման համակարգէն ներս. կը տեսնենք «թափանցիկութեան» աստիճանները՝ մեզմէ «թափանցիկութիւն» պահանջող Արեւմուտքի զանազան երկիրներուն մէջ։ Կոյր չենք։

Եւրոպական Միութիւնը, Մ. Նահանգները ո՛չ հողային հարցեր ունին, ոչ ալ գոյատեւման խնդիրներ։ Պէտք չունին աղանդներու դէմ դիրքորոշուելու. անոնք ոչ մէկ ձեւով սպառնալիք են իրենց հողային ամբողջականութեան, ժողովուրդի մարտունակութեան։ Նոյն այս երկիրները կարիքը չունին ազգ-բանակ գաղափարին։ Իրենք ստեղծած են իրե՛նց արժէքային համակարգը եւ կը փորձեն ուրիշներու եւս (ներառեալ մեզի) պարտադրել զայն, «բացատրելով», թէ ազգ-բանակ գաղափարը «ռազմամոլութիւն» է։ Մեզի՝ «տգէտներուս», «յետամնացներուս» «բացատրելու» համար ալ, ստեղծած են եւ առատօրէն կը ֆինանսաւորեն զանազան կազմակերպութիւններ, որոնք իւղի նման ջուրին երեսը ելան Ապրիլեան քառօրեայէն վերջ, երբ Հայաստանի մէջ շեշտուեցաւ ազգ-բանակի կարեւորութիւնը։

Այս բոլորը լուրջ սպառնալիք է մեր երկրի ազգային ապահովութեան համար եւ Դաշնակցութիւնը յստակ ըսելիք ունի այս ուղղութեամբ, որ կրնայ մէկ բառով բացատրուիլ՝ ԿԱ՛Ց. STOP!

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերման, Հայաստանի ապահովութեան, հայութեան բարգաւաճումին՝ իր ամբողջական սահմաններէն ներս։ Այս նպատակին համար ալ, Դաշնակցութիւնը կոչ կ’ուղղէ համախմբուելու այս համազգային իտէալներուն շուրջ, կոչ կ’ուղղէ չխաբուելու օտար ազդեցութիւններու խայծերէն, կոչ կ’ուղղէ վերջ տալու «սիրոյ եւ համերաշխութան» լոզունգին տակ առաջ տարուող ներքին պառակտուածութեան։

Միացէ՛ք Դաշնակցութեան ճիգերուն։

Վաչէ Բրուտեան
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհնարի

2025 թ․ Մարտ 13-ին, ըստ էութեան մերժելով պաշտօնական Երեւանի՝ համատեղ յայտարարո

12 Մայիս 2025
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company