Էրտողանեան ընթերցուած մը՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան
21 Հունվար 2020 Ա.Ա.Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Սահակ Երկրորդ Մաշալեան պատրիարքին գահակալութեան արարողութենէն չորս օր ետք՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան Անգարայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պատրիարքն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որոնց հետ մէկ ժամ տեւած դռնփակ տեսակցութեան մասին բաւական ժլատ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսահայ «Ժամանակ» պարբերականը։
Էրտողան, ըստ «Ժամանակ»-ի, Մաշալեան պատրիարքին փոխանցած է, թէ հայ համայնքը Թուրքիոյ համար անուրանալի արժէք ունի՝ աւելցնելով, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս պատմական արժէքին պահպանման։
Ապա կատարուած է նուէրներու փոխանակում եւ տեսակցութիւնը վերջ գտած է։ Այսքան։

Մաշալեան պատրիարք, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան եւ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նաեւ այցելած են արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի, որ շնորհաւորած է նոր պատրիարքին ընտրութիւնը եւ ապա Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է։«Կը շարունակենք միասին աշխատիլ բազմամշակութային եւ հանդուրժողական մթնոլորտի մը մէջ»։
Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան պատմական աթոռը 1461ին հաստատուեցաւ Կոստանդնուպոլիսը նուաճած Մեհմէտ Ֆաթիհ Սուլթանին կողմէ, պարզապէս հաւասարակշռելու համար Բիւզանդական կայսրութեան «յաւերժական մայրաքաղաք»ին մէջ յոյներու հեղինակութիւնն ու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլիսը հայ արհեստաւորներուն համար դարձնելու համար շահաբեր քաղաքի մը,անշուշտ առաջնորդուելով 1453-ի աւերածութիւններէն ետք Պոլիսը մարդաշատ եւ առեւտրական կարեւոր քաղաքի մը վերածելու ծրագրով։
Բիւզանդական կայսրութեան օրերուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ յատկապէս հայոց կրօնական ազատութիւնները բաւական կաշկանդուած էին՝ դաւաբանական յստակ տարբերութիւններու պատճառով, եւ միայն Պալաթի մէջ հայկական եկեղեցւոյ մը գոյութիւնը եւ յատկապէս առաջին պատրիարքին՝ Յովակիմի կրօնական գործունէութեան մասին բաւական ժլատ տեղեկութիւններ կը յուշեն, որ Բիւզանդական մայրաքաղաքին մէջ հայոց կրօնական գործերը կը դասաւորուէին սահմանափակ թիւով կրօնականներու կողմէ։
Եւ այնուհետեւ, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը վերածուեցաւ Արեւմտահայութեան Զարթօնքի կարեւորագոյն օրրաններէն մին, յատկապէս երբ պատրիարքական աթոռ կը բարձրանային արժանաւոր պատրիարքներ, ինչպէս՝ Խրիմեան հայրիկ, Ներսէս Վարժապետեան եւ ուրիշներ, որոնց գործունէութեան արգասիքը ամէնուրէք զգալի կը դառնար։
Անշուշտ յօդուածի մը սահմաններուն մէջ բնաւ կարելի չէ ներկայացնել այն վիթխարի աշխատանքը, որ ընդհանրապէս պոլսահայութիւնը եւ մասնաւորաբար պատրիարքութիւնը կատարած է՝ Արեւմտահայ Զարթօնքին համար եւ որուն շնորհիւ է, որ արեւմտահայերէնը ծաղկման եւ կատարելութեան լրումին հասաւ, արեւմտահայ գրականութիւնը իր ոսկեդարը ապրեցաւ, արեւմտահայ թատրոնը տուաւ իր հսկաները, իսկ արեւմտահայ երգարուեստը՝ անփոխարինելի Կոմիտասի հետ, սաւառնեցաւ եւ գագաթներ նուաճեց։
Եւ երբ Էրտողան՝ թրքական դիւանագիտութեան յատուկ կեղծ ու շողոքորթութեամբ համեմուած խօսքերով կը փոխանցէր, թէ «ուշադրութեամբ կը հետեւի այս պատմական արժէքին պահպանման», կը յիշեցնէր Պոլսոյ մէջ Հայ Գիրերու Գիւտին հազար չորս հարիւր ամեակին նուիրուած փառահեղ հանդիսութեան ընթացքին Էնվերի արտասանած խօսքը, թէ «պէտք է գուրգուրալ Պոլսոյ հայութեան վրայ, որովհետեւ անիկա ազգային արժէք մըն է»։
Ապա՝ Էնվեր, Թալաաթ, եւ միւս իթթիհատականները, քալեցին օսմանցի արիւնարբու սուլթան Ապտիւլ Համիտի ուղիէն՝ ցեղասպանութեան զոհ դարծնելով արեւմտահայութիւնը։Պոլսահայութիւնը անմասն չմնաց այս ոճիրէն, թէեւ պէտք է ընդունիլ, որ մահացու հարուածը աւելիով տրուեցաւ Գաւառի հայութեան կողին։Այն հայութեան, որ կը կազմէր Արեւմտեան Հայաստանի չքնաղ հայրենիքին բնակչութեան կորիզը։
Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կապուած շուրջ տասը տարուան վերիվայրումները ցուցանիշ եղան, որ թրքական իշխանութիւնները ինչ տարողութեամբ միջամուխ կը դառնային հայ համայնքին ներքին գործերուն։Ասոր առաւել ապացոյցը Անգարայի իշխանութիւնները տուին, երբ արգելակեցին եպիսկոպոսներու թեկնածութիւնը՝ արուեստական արգելքներ յարուցանելով թեկնածուներու առաջադրման դէմ։
Վարագոյրը իջած է պատրիարքական ընտրութեան վրայ եւ նոր պատրիարքը իր ազգային¬ կրօնական առաքելութիւնը կը ստանձնէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր տիրական են, ինչպէս ամերիկեան հեղինակաւոր Foreign Policy պարբերականը կը գրէր, թրքական պարբերական միջամտութիւնները՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու ներքին գործերուն, ջլատելով զանոնք։
hairenikweekly.com