ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Նշմար.- …Իսկ հայկական Ցեղասպանութեան օրակարգը՞

25 Հունվար 2020 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եւրոպական ու ամերիկեան լրատու աղբիւրներ Հինգշաբթի, 23 Յունուարին իբրեւ առաջին կարգի լուր՝ արձագանգ եղան այն յուշահանդէս-համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, Աուշուիցի արգելարան-սպանդանոցին փակման 75-րդ տարեդարձին առիթով։ Իսրայէլ հինգերորդ անգամ ըլլալով նման յուշահանդէս կը կազմակերպէ իր զոհերուն նուիրուած կեդրոնին՝ Եատ Վաշէմի մէջ, յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ Բ. Աշխարհամարտին, հիթլէրական Գերմանիան բազմամիլիոն հրեաներ ողջակիզած է։ Պատմութեան մանրամասնութիւնները ծանօթ են, մարդիկ միայն քարոզչութկեան համար չեն յիշատակեր նման ոճիրներ։

Լուրերուն հետեւողին ուշադրութենէն չէր կրնար վրիպիլ քանի մը ուշագրաւ կէտ, որոնցմէ արձանագրենք հետեւեալները.

Ա. Տարբեր երկիրներէ շուրջ 40 բարձրաստիճան պատասխանատու կամ ներկայացուցիչ մասնակից եղան յուշահանդէսին։ Պատկառելի թիւ։

Բ. Ներկաներուն շարքին էին Ռուսիոյ նախագահը՝ Փութին (յիշեցնելով որ ռուս զինուորներ ալ զոհ գացած են գերմանական նախճիրներու), նախագահներ Էմանուէլ Մաքրոն, Սերթիօ Մաթարելլա, Արմէն Սարգսեան, փոխ նախագահ Փենս եւ Անգլիոյ գահաժառանգը՝ Չարլզ։

Գ. Գլխաւոր բացականեր կարելի է նկատել Թուրքիոյ եւ Լեհաստանի ներկայացուցիչները։ Որեւէ աղբիւր ակնարկութիւն չըրաւ, թէ Թուրքիա արդեօք հրաւիրուա՞ծ էր. Իսրայէլ-Թուրքիա ներկայ առերեւոյթ թշնամական մթնոլորտին մէջ, հազիւ թէ հրաւէր կրնար ուղղուիլ Էրտողանի. եթէ ուղղուէր իսկ, բնականաբար հաւանական չէ, որ Էրտողան ընդառաջէր նման հրաւէրի, մի՛շտ «գող, սիրտը դող» հոգեվիճակին պատճառով։ Չէ՞ որ հաւաքը ցեղասպանութիւն մը յիշատակելու համար էր…։ Չէ՞ որ հայութիւնը վճռած է աննահանջ շարունակելու իր պահանջատիրութիւնը եւ քայլ առ քայլ յաջողութիւններ կþարձանագրէ արդարութեան ճանաչումի ճամբուն…։ Իսկ Լեհաստան հեռու մնացած է, որովհետեւ Ռուսիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները անկումային վիճակի մէջ են։

Դ. Ներկաներէն՝ պէտք է առանձնապէս անդրադառնալ երկուքին։ Առաջինը՝ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթըր Շթանմայըր, որ անցեալ Սեպտեմբերին ներողամտութիւն հայցած էր Լեհաստանէն՝ նոյն ցեղասպանութեան զոհ գացած լեհերուն համար, այս անգամ նոյնիմաստ խօսք մը արտասանեց Իսրայէլի մէջ, ընդգծելով, որ նման արարքներ պէտք չէ կրկնուին, միաժամանակ զգուշացնելով, որ ցեղամոլութեան նոր ալիքներ սկսած են ի յայտ գալ։ (Ի դէպ, Իսրայէլի վարչապետն ու այլ ներկայացուցչական դէմքեր իրենց խօսքերուն մէջ, զոհերուն յիշատակումին չափ, լուսարձակ բերին Իրանի վրայ ու հաւաքը վերածեցին հակաիրանեան քարոզչական բեմի)։ Երկրորդը՝ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի խօսքն էր, արտասանուած՝ իսրայէլեան խորհրդարանին մէջ, Քնեսէթի նախագահ Եուլի Էտելշթայմի հետ հանդիպումին։ Ան անհրաժեշտ նկատեց որ իսրայէլեան խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ճանաչումը հեռու պահել քաղաքական հաշիւներէ. պէտք չէ մոռնալ ցաւալի անցեալը, գործակցիլ՝ կանխարգիլելու համար մարդկութեան դէմ նման արարքներու կրկնութիւնը։ Ան նաեւ խօսեցաւ Իսրայէլի ու Հայաստանի միջեւ գործակցական դաշտերու ընդարձակման մասին։ Լրատու աղբիւներ որեւէ ակնարկութիւն չըրին, թէ արդեօք Հայաստանի նախագահը նաեւ ակնկալութիւն յայտնա՞ծ է, իր Իսրայէլ վերատեսութեան ենթարկէ ցեղասպան Թուրքիոյ գործակից՝ Ատրպէյճանի հետ իր զինական եւ այլ գործակցութիւնը, նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան Թուրքիոյ չափ ծանօթ է իր հակահայ եւ հակամարդկային արարքներով. Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ գրեթէ ամէն օր կրկնուող թշնամական արարքները, նաեւ մօտաւորապէս չորս տարի առաջ տեղի ունեցած Ապրիլեան Պատերազմը միայն նորագոյն վկայութիւնն են Սումկայիթի ու Պաքուի մէջ երեսուն տարի առաջ իրագործուած փոկրոմներուն, որոնց մասին վերջին օրերուն դարձեալ ու արդարօրէն փոթորկած է հայկական բեմը…

Ե. Մեզի համար այդքան ալ շահեկան չեն կարգ մը քովընտի միջադէպեր եւ զարգացումներ, որոնք ահագին փոթորիկ բարձրացուցին մամլոյ աղբիւրներուն մէջ։ Անոնց շարքին էին նախագահ Մաքրոնի բանավէճը՝ իսրայէլացի պահակ-ոստիկաններու հետ, որոնք ոտնակոխելով միջազգային օրէնքը, փորձած էին Երուսաղէմի մէջ ֆրանսական հող նկատուող եկեղեցի մը մտնել նախագահին հետ, իբրեւ թէ անոր ապահովութեան հսկելու համար։ Անդին, պահ մը աղմուկ բարձրացաւ, որ Չարլզ իշխանը արհամարհած է ու վարկաբեկած՝ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Փենսը, ականաւոր մարդոց հետ տեսակցութեան պահուն անոր ձեռքը թօթուած չըլլալուն համար, յետոյ «բացատրուեցաւ», որ անոնք նախապէս, քուլիսի մը մէջ տեսակցած էին…։ Անդին, ամերիկեան լրատու աղբիւրներ պահիկ մը լուասարձակները հեռացուցին նախագահ Թրամփի դէմ մեղադրանքները քննարկող Ծերակոյտի նիստերէն եւ իրենց բաժինը հատուցեցին Եատ Վաշէմի արարողութեանց ու անոնց ընկերացող իրադարձութիւններուն, յետոյ վերադարձան տուն…

***

Նոյն ժամերուն, ի՞նչ տեղի կþունենար Հայաստանի բեմին վրայ։
Գոհունակութեան արժանի կէտ մըն էր այն, որ հայկական լրատու աղբիւրներ ըստ բաւականին կարեւորութեամբ անդրադարձան նախագահ Սարգսեանի խօսքերուն, թէեւ իբրեւ «առաջնային լուր» չհաղորդեցին զայն։

Խորքին մէջ, հայկական լրատուութիւնը զբաղած էր մէկէ աւելի հրատապ հարցերով։ Առաջնակարգ հարցի վերածուեցաւ այն զինեալ դէպքը, որ արձանագրուեցաւ «Երեւան Փլազա»-ի մէջ։ Յետոյ, նոյնպիսի կարեւորութեամբ հրապարակուեցան Ազգային Ժողովի ու կառավարութեան նիստերու պատահարները։ Խորհրդարանին մէջ, իշխանական կուսակցութեան եւ երկու ընդդիմադիրներուն միջեւ բանավէճը նոր բարձունքներու հասաւ, իբրեւ առանցք ունենալով… ձիերու եւ շուներու մասին առածներու մեկնաբանութիւնները։ Կառավարութեան նիստին, սպանդանոցներու մասին նոր դասաւորումները եւ կովերու պահպանման մասին վարչապետին ակնարկութիւնները կարգ մը լրատու աղբիւրներու մօտ աւելի՛ լայն տեղ գտան, քան Հայաստանի մէջ արձանագրուած բարելաւումներուն մասին անոր ակնարկութիւնները։ Լրատու աղբիւրներ բնականաբար շարունակեցին արծարծել նախընթաց օրերէն ու շաբաթներէն «ժառանգ» մնացող զարգացումներ, ժողովրդային արդար կամ չափազանցեալ դժգոհութիւններ եւ մասամբ նորին։ Հայրենի մամուլին հետեւողը կþունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ յիշեալ դէպքերէն ու զարգացումներէն աւելի կարեւոր բան չկայ Հայաստանի ու հայութեան երկինքին տակ։

***

…Իսրայէլի մէջ, զոհերու յիշատակման հաւաքը վստահաբար մէկ օրէն միւսը չմարմնաւորուեցաւ։ Կասկածէ վեր է, որ հոն, կառավարական եւ մտաւորական շրջանակներ երկար ատեն աշխատանք տարած են այս հաւաքին իրականացման համար։

Կþարժէ հարց տալ. արդեօք Հայաստանի մէջ, պետական եւ այլ մակարդակներու վրայ արդեօք ի՞նչ աշխատանքներ սկսած են, նշելու համար Ցեղասպանութեան 105-րդ տարեդարձը։ Եթէ սկսած են, արդեօք նախընտրելի չէ՞, որ մեր պետական եւ քաղաքական այրերը իրազեկ դարձնեն ժողովուրդը, պետական ու ժողովրդային մեքենաները լծեն նման կարեւոր հարցերու քննարկման ու համապատասխան նախապատրաստական աշխատանքներու։ Իսկ եթէ տեղ մը բան մը սկիզբ չէ առած, արդեօք պէտք է սպասե՞լ, որ հասնինք Ապրիլի սեմին…։ Անցեալ երկու տարիներուն, Ցեղասպանութեան յիշատակումը չանցաւ ընթացիկ արարողականի սահմաններէն անդին. 2018-ին, իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ճիշդ Ապրիլ 24-ի նախօրեակին, իսկ անցեալ տարի, հրապարակը նոյնքան «խճողուած» էր քաղաքական բանավէճերով։ Մարդս կը տարուի մտածելով, որ աւելի քան 50 տարի առաջ, 50-ամեակին, պատասխանատուներ ու մտաւորականներ ինչպէ՞ս կրցած են աւելի ամուր բռնել մեր ժողովուրդին ու Դատին բազկերակը, երբ կþապրէին համայնավարութեան կաշկանդող մթնոլորտին մէջ…

Ի վերջոյ, ներ-հայաստանեան հակադրութիւններու «ցունամի»-ն որքա՞ն պիտի շարունակուի։ Իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ (նկատի ունինք նաեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադրութիւնը) հակաճառութիւնները, ատելավառ հակամարտութիւնները տեղ մը կանգ պիտի առնե՞ն, եւ ո՞վ պիտի ըլլայ ազդու նախաձեռնութեան մը դիմողը։ Շատ դիւրին է մեղադրանքներ ու ամբաստանութիւններ փոխանակելը, ըսել՝ թէ «իշխանութիւնն է ատելութիւն հրահրողը»«, կամ՝ «ընդդիմադրիները դաւեր կը նիւթեն, կառավարական մեքենային մէջ իսկ հակայեղափոխականներ կան ու չեն թողուր, որ կառավարութեան կառքը յառաջ ընթանայ»։ Մինչդեռ, ժողովուրդին ամէնէն տարրական, առօրեայ ակնկալութիւններուն ու պահանջներուն ընթացք տալու չափ կենսական ու հրամայական են Ցեղասպանութեան ու մեր արդար Դատին ուղղութեամբ կազմակերպ ու հետեւողական աշխատանքները, այդ ոլորտին մէջ մարդիկ, մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը ներգրաւելը։

Մէկ խօսքով՝ մեր Ցեղասպանութեան հատուցման հարցը ե՞րբ պիտի դառնայ առաջնահերթ օրակարգ, որպէսզի միջազգային գետիններու վրայ արձանագրուած մանր ու մեծ յաջողութիւնները վերածուին պետական կարողականութիւններ ներգրաւող գործընթացի, մէկտեղելով բոլորիս ձեռքերը։ Ե՞րբ պիտի հասնինք քաղաքական այն հասունութեան, որ մեր Դատին հետապնդումը Ապրիլէ Ապրիլ տարուելիք արարողութիւն-գործ չէ, այլ կը կարօտի Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետեւողութեամբ բոլորիս ամէնօրեայ ներգրաւումին։ (Քննարկումը չտարածենք՝ սեղանի վրայ դնելով «Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները միջազգային օրէնքներով եւ համաձայնագիրներով սահմանուած-սահմանափակուած են» սնամէջ վարկածը…)

hairenikweekly.com
23 Յունուար 2020

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՀ Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհնարի

2025 թ․ Մարտ 13-ին, ըստ էութեան մերժելով պաշտօնական Երեւանի՝ համատեղ յայտարարո

12 Մայիս 2025
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company