Խմբագրական. Դէպի Եռամիասնութիւն (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)
28 Հունվար 2020 Հայկական բանակին նուիրուած օրուան նշումը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեան սահմաններէն դուրս անհրաժեշտ է, որ ընդլայնէ իր աշխարհագրութիւնը։Հայոց բանակը մեր հայրենիքի այսօրուան փաստացի սահմանները հսկող, թշնամիի ոտընձգութիւնները կանխարգիլող անշրջանցելի կռուան է։ Աւելի՛ն հայոց բանակն է, որ կ՛երաշխաւորէ հայութեան անվտանգութիւնը, ազատ ու խաղաղ պայմաններուն մէջ արարելու, ստեղծագործելու, զարգանալու իրաւունքը։

Մեր բանակը սահմաններու վերահսկողութեան հիմնական գործառոյթին առընթեր կ՛իրականացնէ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւն աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ։ Քոսովօ, Իրաք, Աֆղանիստան, Լիբանան, անցնելով Սուրիա՝ մարդասիրական բնոյթի առաքելութիւն, մեր սպայակազմն ու զինուորները պատուով կը կատարեն բոլոր առաջադրանքները եւ կ՛արժանան բարձր գնահատակններու։
Մարտունակութեան առումով նշաձողի բարձրագոյն հորիոզնականները գրաւած, ռազմական տարբեր բնոյթի միջազգային մրցոյթներու առաջին դիրքերը գրաւած, միջազգային զօրավարժութիւններուն ռազմական հմտութիւններով ուշադրութիւն գրաւած մեր բանակայինները կ՛իրականացնեն գործնապէս Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին բազմակողմ դիւանագիտութեան ճշդած օրակարգերը։
Միաժամանակ ՀԱՊԿի անդամակցելով, ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններոն մասնակցելով եւ միջազգային տարբեր խաղաղապահ առաքելութիւններ իրականացնելով Հայկական զինեալ ուժերը կ՛երաշխաւորեն ինչպէս մեր ներքին խաղաղ ու անվտանգ կեանքը այնպէս նաեւ արտաքին հաւասարակշիռ եւ փոխլրացուցիչ քաղաքականութեան կիրարկումը։
Հայոց բանակը ներքին արտաքին գործառոյթներ իրականացման առընթեր միաւորող անշրջանցելի գործօն է եւ այդ առումով մեր զոյգ պետութիւններու անքակտելի յենասիւնը։ Երբ կը խօսինք այսօրուան միացեալ փաստացի սահմաններուն մասին ապա բնականաբար նկատի կ՛ունենանք մեր զոյգ Հանրապետութիւններու ընդհանուր սահմանը։
Եւ երբ կը խօսինք համահայկական հասարակարգի ձեւաւորման կամ եռամիասնութեան մասին նկատի կ՛ունենանք նաեւ երրորդ բաղադրիչը՝ Սփիւռքը։ Եռամիասնութիւնը հայրենքի համատիրութեան գիտակցութեան վրայ հիմնուած յղացք է։ Այդ յղացքի առարկայացման առաջին նախադրեալը անոր պաշտպանութեան գործին միասնական մասնակցութիւնն է։
Տարբեր երկիրներու մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարած, զինուորական կրթութիւն ստացած, սպայակազմերու մաս կազմած եւ զօրավարի կոչումներ ստացած հայկական մարդուժը հաւաքագրելու կուտակուած փորձառութիւնը ապահովելու նախաձեռնութիւններ խորհրդատուական մակարդկով եղած են։
Պատմականորէն, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան բանակի կազմութեան մէջ հիմնական էր յատկապէս ռուսական բանակին մէջ ստորաբաժանումներ ղեկավարած զօրավարներու դերը։ Արցախեան պատերազմին, բանակաշինութեան եւ ազատամարտի կազմակերպման գործին մասնակից էին խորհրդային բանակին մէջ ծառայածները։
Հիմա մեր բանակայինները իրե՛նք իրենց փորձառութիւնը կը ներդնեն միջազգային զինուորական տարբեր առաքելութիւններու կիրարկման եւ գործնապէս կը մասնակցին խաղաղութեան հաստատման ռազմական ծրագիրներուն։
Հայոց բանակը իր զինուորներով, կառոյցով, սպայակազմով, տեսլականով, նպատակով եւ գործառոյթներով միաւորող միջավայր է ու հիմնական գործօն։ Հայրենիքի սահմաններէն դուրս ապրող Հայաստանի քաղաքացիի թէ հայազգի սփիւռքահայու մասնակցութիւնը, ծառայութիւնը՝ մեր լինելիութիւնը ապահովող այս հաստատութեան հրամայական է։ Ոչ միայն պետութեան քաղաքացիութիւնը այլ նաեւ ազգի պատկանելիութիւնը պարտաւորութիւններ կ՛ենթադրէ․ եւ այդ պարտաւորութիւններու ամենաառարկայական եւ գաղափարական բաժինը ծառայութիւնն է։
Հայրենի հողին վրայ ծառայելու պարտաւորութեան գիտակցումով թիկունք թիկունքի շարքաւորումը ազգի, պետականութեան եւ հայրենիքի հզօրացման ու զարգացման եւ միաւորման արդիւնաւէտ ուղին է։
aztagdaily.com