«Հայրենիք»ի խմբագրական. Արցախեան գործարքը…..Ժընեւի մէջ
02 Փետրվար 2020 Չինաստանի Ուհան շրջանի «Քորոնա» ժահրը չէ միայն, որ կը նկատուի վերջին օրերու կարեւորագոյն նիւթը։Առողջապահական եւ բժշկական բեմահարթակէն հեռու, քաղաքական աշխարհն ալ կ՛ընթանայ բազմաթիւ անակնկալներով։ Յատկապէս Միջին Արեւելքն է կիզակէտը, ուր չէին բաւեր Սուրիոյ Իտլիպի շրջանի մէջ վերջին յարձակումները, Լիպիոյ այլախոհ զօրավար Հաֆթարի արձանագրած յառաջխաղացքն ու Իրանի վրայ տնտեսական ճնշումները։ Անոնց աւելցաւ այլ թնճուկ մը՝ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան սպասուած ծրագիր՝ «դարու գործարք»-ը, համեմելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող խառնիճաղանճ եւ համաճարակի բնոյթ ստացող իրավիճակը։

Այս պայմաններու տակ, որ միեւնոյն օրերուն Միջին Արեւելքէն ոչ շատ հեռու, Կովկասեան բարձրաւանդակի Արցախեան հիմնահարցը անգամ մը եւս սեղան բերուած էր, իր շուրջ համախմբելով խնդրոյ առարկայ կողմերն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի անդամ դիտորդ երկիրներու ներկայացուցիչները։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան «դարու գործարք»-ին բաղդատած՝ տարբեր էր Յունուար 28-29-ի Արցախեան գործարքը։ Նկատի ունենալով վերոյիշեալ քաղաքական անցուդարձերը, համեմատաբար լուսանցքի վրայ մնացած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Զոհրապ Մնացականեան – Էլմար Մամետիարով հանդիպումը։
Հակառակ ասոր, նշմարելի եւ նշելի էր թէ նիստերը ժամեր տեւած էին եւ դէմքերն ալ յոգնած կը թուէին ըլլալ, ինչ որ հաւանաբար հետեւանք է բուռն վիճաբանութիւններու, տարբեր մտածելակերպի եւ հակադարձ կարծիքներու մշակման։
Անցեալ Դեկտեմբերին, Պրաթիսլաւայի հանդիպումը տեւած էր չորս ժամ, մինչդեռ Ժընեւի մէջ, հանդիպումները երկարեցան երկու օրուան վրայ եւ տեւողութիւնը աւելի քան տասը ժամ էր։
Պրաթիսլաւայի հանդիպումէն ետք, յիշատակելի էր Մամետիարովի այն յայտարարութիւնը, թէ «եթէ նոյնիսկ պատերազմ տեղի ունենայ, անպայման պէտք է շարունակել բանակցութիւնները»։ Նոյնինքն Մամետիարովի դէմքի արտայայտութիւններու ընդմէջէն, կարելի է եզրակացնել, թէ ան դեռ տէրն է վերոյիշեալ այդ հաստատումին։
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներն ալ վերահաստատեցին իրենց լիակատար յանձնառութիւնը՝ կողմերուն օգնելու եւ խնդրի խաղաղ կարգաւորումին յանգելու, ինչպէս նաեւ շեշտեցին երկարատեւ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու գործընթացն ու փոխզիջումներու անհրաժեշտութիւնը:
Անգամ մը եւս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը շեշտեց Արցախի ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը: Դժբախտաբար, այս գծով համանախագահները ոչինչ յիշատակեցին, կրկնելով իրենց խուսափողական կեցուածքը:
Հուսկ, հաւանական է, որ Պաքու գէթ Արցախեան գործարքի քաղաքական բեմահարթակին վրայ, անգամ մը եւս ծայրայեղ եւ պատերազմական մթնոլորտ ստեղծող արտայայտութիւններ ունենայ։
hairenikweekly.com