Ակնարկ. ՄԱԿ-ը Եւ Լիբանանի Աւանդական Վ
06 Փետրվար 2020 Այսօր գումարուող կառավարութեան նիստին ընթացքին կը վաւերացուի աշխատանքային ծրագիրը: Ընթացակարգի համաձայն, անիկա կ՛ուղարկուի խորհրդարան` առ ի վաւերացում, որ քաղաքական եզրաբանութեամբ` կառավարութեան վստահութեան քուէով կը բանաձեւուի:Համակողմանի մօտեցումները կը նախանշեն, որ քննարկումի բովէ անցնելէ ետք, խորհրդարանը իր վստահութեան քուէն կու տայ իր ծրագիրով ներկայացող կառավարութեան: Ծրագիրի հիմնական առանցքային բաժինը անշուշտ հակաճգնաժամային շտապ գործողութիւններու յատկացուած է` երկիրը դուրս հանելու համար ներկայ փակուղիէն:

Վարչակառավարման նոր դրութիւններու որդեգրումը, փտածութեան դէմ առնուելիք վճռակամ քայլերն ու պետական պիւտճէի վերականգնման համար արմատապէս նոր հարկային քաղաքականութեան կիրարկումը կամ երկար ոդիսական ապրած անլոյծ մնացած թղթածրարներու գործարկումը տեսականօրէն երկիրը պէտք է առաջնորդեն հանգուցալուծման ուղիներու:
Տեսականօրէն, որովհետեւ քաղաքական համոզումները կը շարունակեն տիրականօրէն արգելակել լաւատեսական կանխատեսումներու գոյացումն ու անոնց շրջանառութիւնը: Ցոյցերու առկախումը միւս կողմէ, իբրեւ երեւոյթ չի համոզեր անշուշտ, որ անոնց վերստին թափ հաւաքելը այլեւս անցած փուլ է:
Արտաքին ներշնչանքները, հեռակառավարման սկզբունքը ի զօրու են այս երկրին մէջ եւ մնայունօրէն կը վերարծարծեն ներկայ պատկերին քաղաքական շարժառիթներ ունենալու իրականութիւնը` ֆինանսականն ու տնտեսականը պարզապէս ճնշամիջոց նկատելով:
Միջազգային ընտանիքի, այս պարագային յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան մօտեցումներուն միջեւ կայ առանցքային յայտարար: Երկու աշխարհաքաղաքական կեդրոնները գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ ակնկալիքներու հասարակաց ընդգծումներ կը կատարեն: Պարզացուած ձեւով` մօտէն հետեւիլ կառավարութեան գործունէութեան եւ սպասել արդիւնքներու: Ակնկալիքները քաղաքական ենթաուղերձով կը վերաբերին թափանցիկութեան, փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ վճռակամ քայլեր առնելուն եւ անոր ետին` երբեմն յայտարարուող, երբեմն չբարձրաձայնուող իրանամէտ կազմակերպութեան հանգրուանային չէզոքացումին:
Պահանջներու աստիճանական իրագործում է, որ տեղի կ՛ունենայ: Նախկին կառավարութեան հրաժարական, ապա սեղմ կառավարութեան պահանջ, յետոյ անկուսակցականներէ բաղկացած կառավարութիւն: Նոյնիսկ ապաքաղաքական բնոյթի ակնկալիք` մասնագիտական նախարարական կազմի ձեւաչափի յառաջ մղումով: Երթը դէպի ապահամայնքային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն համար կարեւոր փուլ է ինչպէս կառավարութեան, այնպէս նաեւ խորհրդարանի փոփոխութիւնը:
Բնականաբար արտահերթ ընտրութիւնները արագօրէն իրականանալի չեն: Ներկայ դրուածքով որեւէ ընտրական օրինագիծ կամ ընդհանրապէս ընտրութիւններու կայացման որոշում պայմանաւորուած են համալիբանանեան համաձայնութիւններով:
Այս երթի ուրուագծման եւ հետզհետէ տեսանելիութեան գործընթացին մասին կը յուշէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը, թէ լիբանանեան կառավարութեան աւանդական վարչակարգը այլեւս չի համապատասխաներ լիբանանցի ժողովուրդի շարք մը հատուածներու փափաքներուն եւ յոյսերուն:
ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դիրքերէն կը յայտարարուի այս ձեւով Լիբանանի աւանդական համակարգի վերափոխման հրամայականը: Պաշտօնապէս կ՛որդեգրուի ցուցարարներուն պահանջը: Միջազգային ընտանիքի եւ լիբանանցի բողոքարկող հասարակութեան ճանապարհային քարտէսի համատեղման փաստ կ՛արձանագրուի այս յայտարարութեամբ:
Վերափոխման անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը իրերայաջորդ ուղերձներով: Խօսքը ուղղակի կը վերաբերի քաղաքացիական պետութիւն եւ հասարակարգ ձեւաւորելու առաջադրանքին: Բնականաբար, համատեղ քննարկումներով, անցնցում, փուլային եղանակով:
Ըստ էութեան միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ակնկալութիւններն ու հետեւիլները կը վերաբերին առաւելաբար դէպի այս առաջադրանքը առնուելիք կառավարական քայլերուն: Վարչակառավարման նոր դրութիւնները, հակափտածութիւն պայքարը կամ թափանցիկութիւնը պետական ու հասարակական մայրուղի առաջնորդող ներքին ճամբաներն են: Ուղեւորութիւնը սակայն, երկարատեւ է: Կտրուկ շրջադարձերը արկածներու վտանգելիութեան ցուցանակներով ազդարարուած են:
«Ա.»
aztagdaily.com