Խմբագրական. Փետրուարեան Այժմէական Ուղերձներ (Ապստամբութեան 99-ամեակին Առիթով)
18 Փետրվար 2020 Փետրուարեան ապստամբութեան դէմ բռնատիրական կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք Դաշնակցութեան հետագայ ընելիքներու ճշդման յատկացուած վերագնահատականի եւ որդեգրելի գործելակերպի քննարկման յատկացուած նիստին ընթացքին վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի ներկայացուցած զեկուցումը այժմէական առանցքներ կը ներփակէ:Մէջբերենք հետեւեալ բաժինները. «Եթէ այժմուայ պոլշեւիկները կարողանան գէթ նուազագոյն չափով գոհացնել ժողովրդին, մենք ոչ միայն խոչընդոտ չենք լինի, այլ եւ ամենաանկեղծ կերպով կը թելադրենք մեր երկրի ընկերներին օգնել նրանց եւ արտասահմանում էլ արգելքներ չեն յարուցանի:
«… Պէտք է լծուել պետական եւ հասարակական աշխատանքին, նպաստել ժողովրդի տնտեսական վիճակի բարելաւման, պետական մեքենայի կարգաւորման, երբեք չմտածել սապոթաժի մասին: Պէտք է նպաստել, որ ստեղծուած դրութիւնից Հայաստանը առաւելագոյն օգուտները քաղէ: Որովհետեւ կրկնում եմ ինչ որ այսօր, պոլշեւիկների օրով շինուի Հայաստանում, վաղը պիտանի պէտք է լինի մեզ համար»:

Ազգային-պետական նման մտածողութիւն ձեւաւորել, այն ալ` փետրուարեան ապստամբութեան հակազդած կացինային հակադարձութենէն անմիջապէս ետք, վեր է արժեւորման ամէն փորձէ:
Իշխանութիւններու անցողիկութեան ու պետականութեան եւ հայրենիքի մնայունացման խոր հաւատք ամփոփող միտք է Վրացեանի առաջադրանքը, որ Վիեննայի խորհրդաժողովին, ապա ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր ժողովին վերաբանաձեւուած է ու վերահաստատուած` դառնալով կուսակցութեան հիմնական վարքագիծը:
Այս վարքագիծն է, որ իբրեւ գերակայ սկզբունք կը շարունակէ յատկանշել Դաշնակցութեան գործունէութիւնը հայրենիքի մէջ թէ հայրենիքի սահմաններէն հեռու ահաւասիկ 1921-էն ի վեր: Իշխանութիւններն ու պետականութիւնը տարանջատելու Դաշնակցութեան մօտեցումը իր զանազան դրսեւորումները ունեցած է ոչ միայն խորհրդային կարգերու ղեկավարման օրերուն, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք: Այս վարքագիծի հիմնաւորումներն ու փաստերը տուող բազմաթիւ բանաձեւեր կան հրապարակուած ՀՅԴ իրերայաջորդ Ընդհանուր ժողովներու կողմէ` ոչ միայն առաջադրանքներու տեսքով, այլ նաեւ գործնականացուած եւ իրականացուած տուեալներով:
Վերանկախ Հայաստանի վարչակարգի կողմէ Դաշնակցութեան նկատմամբ կիրարկուած անհաշտ պայքարի օրերուն Վրացեանի միտքերը դարձեալ ստացան այժմէական նշանակութիւն եւ, հակառակ հալածանքի հասնող ամէն տեսակ դրսեւորումներուն, Դաշնակցութիւնը ամէնէն հանգամանալից եղանակներով գործակցութեան ձեռք երկարեց իշխանութեան ընդդիմադիր դիրքերէ: Ոչ միայն 1920-ին որդեգրուած սկզբունքներու հիման վրայ, 90-ական թուականներու սկիզբը սապոթաժի չդիմեց, այլ խզուած պայմաններուն մէջ իսկ սատարեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններուն:
Իբրեւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւն, այսօր Դաշնակցութիւնը հանդէս կու գայ ընդդիմադիր դիրքերէ: Կը քննադատէ ամէն երեւոյթ, որ կրնայ ստուեր ձգել ազգային արժեհամակարգի դաւանած սկզբունքներուն վրայ, որ արդարադատական համակարգի անկախ գործունէութեան կը սպառնայ, որ ներհասարակական հարթութեան վրայ բաժանարար գիծերու ձեւաւորման պատճառ կը դառնայ: Աւանդական վարքագիծը, սակայն, պիտի պահէ նոյն սկզբունքայնութիւնը: Ունկնդիր մնալով Վրացեանի զեկուցումին եւ ապա ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր ժողովի քաղաքական բանաձեւին` լծուելու պետական եւ հասարակական աշխատանքին, նպաստելու ժողովուրդի տնտեսական վիճակի բարելաւման, պետական մեքենայի կարգաւորման, առանց երբեք մտածելու սապոթաժի մասին:
aztagdaily.com