Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Վարչապետ Տիապին
25 Փետրվար 2020
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի:
Հանդիպումի ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ իր կառավարութեան կողմէ կատարուող ծրագրումներուն եւ երկրի տագնապէն կարելի արագութեամբ եւ նուազագոյն վնասներով դուրս գալու աշխատանքներուն:
Երեսփոխան Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արագ քայլերու դիմել վերականգնելու համար ժողովուրդին վստահութիւնը պետութեան նկատմամբ, յատկապէս ձեռնարկելով ընկերային եւ ելեւմտական հարցերու լուծման կարծր քայլերու` փտածութեան պատասխանատուներու, պետական գանձին իւրացում կատարողներուն եւ դրամատնային մարզը շահագործողներուն նկատմամբ:
aztagdaily.com