Ցաւակցագիր` Փաթրիք Տէւէճեանի
30 Մարտ 2020 Քորոնա ժահրը այս առաւօտ խլեց կեանքը Ֆրանսայի քաղաքական բեմի փայլուն դէմքերէն, արդարութեան նախկին նախարար, նախկին երեսփոխան եւ Անթոնիի քաղաքապետ, Hauts de Seine-ի նահանգապետ, անուանի փաստաբան եւ Հայ Դատի, Հայաստանի ու հայութեան անխոնջ նուիրեալ ՓԱԹՐԻՔ ՏԷՒԷՃԵԱՆ-ի:
Կարկառուն գործիչը իրաւամբ, միշտ գտնուած է ֆրանսահայ համայնքի մղած ազգային-քաղաքական հաւաքական պայքարներու առաջին գիծին վրայ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:
Սակայն, յանուն Հայ Դատի պայքարի անոր մեծագոյն ներդրումը եղաւ 1982 թուականին, Էքս-Ան-Փրովանսի մէջ Հրայր Քիլինճեանի պատմական դատավարութեան ընթացքին իբրեւ փաստաբան իր տիրական պաշտպանութիւնը` հանրածանօթ մեթր Հանրի Լըքլէրի կողքին, որուն շնորհիւ « Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»-ու կողմէ Զուիցերիոյ թուրք դեսպանին ահաբեկման ամբաստանութեամբ ձերբակալուած եւ բանտարկուած Հրայր Քիլինճեան անպարտ կը հռչակուէր եւ ազատ կ‘արձակուէր:
Փաթրիք Տէւէճեան իր նկատառելի ներդրումը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճման գործընթացին մէջ, յատկապէս երկրագործական ու գիւղատնտեսական մեծ օժանդակութիւններ տրամադրելով ու ապահովելով Տաւուշի մարզին:
Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ֆրանսահայութիւնը մասնաւորապէս կը կորսնցնէ ու կը սգայ իր արժանաւոր զաւակին մահը:
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք մեր համայնքին, ինչպէս նաեւ` Տէւէճեան ընտանիքին ու բոլոր հարազատներուն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
29 Մարտ 2020, Փարիզ