Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Եւ Համայնաքային Ցանցային Կառոյցը
31 Մարտ 2020 Կազմակերպուածութեան աստիճանաչափի նոր գրանցում կատարեց լիբանանահայութիւնը, երբ աշխարհը հարուածած «Քորոնա» ժահրի բռնկման սկզբնական փուլին իսկ անյապաղ յառաջացուց Ճգնաժամային շտապը` գործադաշտին ներառելով յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները, միութիւնները: Նպատակը` հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն:Ներգրաւուածութիւնը համընդգրկուն է: Հասանելիութիւնը` բոլորին: Աշխատանքի լծուած են բոլորը` բժիշկը, մասնագէտը, դեղագործը, երիտասարդ կամաւորը, քաղաքական գործիչը, դարմանատուները: Կը գործէ համակարգը, ցանցը: Ճգնաժամային ցանցը:
Լիբանանահայութեան այս օրինակը վարակի տարածման արագութեամբ կը տարածուի հայկական աշխարհին մէջ, եւ տարբեր համայնքներ կը կազմեն շտապներ, կը յայտարարեն կեդրոններ, կը ճշդեն թէժ գիծեր: Կարեւորը այն է, որ հայը, ո՛ւր ալ գտնուի ան, այս հարուած ստացած երկրագունդին վրայ նման ճգնաժամային պայմաններուն մէջ ունի հասցէ: Հայկակա՛ն հասցէ: Շուրջօրեայ բանող հասցէ, որ կը կատարէ խորհրդատուութիւն,կը հասնի բժշկական օգնութեան, կը հասցնէ դեղորայք, ի պահանջել հարկին` սնունդ:

Մինչեւ այս ժահրին հասցուցած հարուածը, կար համոզիչ ընկալում, որ նման հայկական ցանցեր անվտանգութեան թէ ընդհանրապէս ճգնաժամային պահերուն, պետական ծառայութիւններու բացակայութեան կամ ոչ լիարժէք աշխատելու իբրեւ արդիւնք անհրաժեշտութիւն էին ու հրամայական:
«Քորոնա» ժահրը շրջեց այս կարծրատիպը: Ի յայտ եկաւ, որ քաղաքացիական ծառայութիւններու հարուստ կենսափորձ ունեցող եւ բեւեռային հանգամանքի հռչակ վաստակած պետութիւններն անգամ պատրաստ չէին նման իրավիճակներ յաղթահարելու եւ արագօրէն համապատասխան լուծում տալու զանգուածային կարիքներուն կամ դիմումներուն: Հրամայական էր համայնքային կազմակերպուածութեան արագ անցումը:
Այստեղ առաւելութիւն ունին այն հաւաքականութիւնները, որոնք ճգնաժամային պայմաններու մէջ գործելու փորձ կուտակած են: Ահա այստե՛ղ է պատմական հիմնաւորում ամբարած լիբանանահայութեան առաւելութիւնը:
Համաշխարհային ցանցային դրուածքը տեղի կու տայ համայնքային ցանցային դրութեան: Երբ նահանգներ իրարմէ կը հեռանան, երբ միջպետական տնտեսա-քաղաքական միաւորներ գործնապէս կը տարանջատուին, երբ նոյն երկրին քաղաքները իրարմէ հեռաւորութիւն կը պահեն ակամայ` համայնքի սահմանները կ՛ամրանան, եւ աշխատանքները կը կեդրոնանան ներհամայնքային հարթութիւններու վրայ:
Տեղայնացման եւ քաղաքային ու համայնքային առումով ներհայեցողական միտումներ կրնան յատկանշել յետքորոնական ժամանակահատուածը: Աւելի երկարատեւութեան պարագային` ամբողջ աշխարհակարգը:
Գաղափարախօսական առումով սահմաններ փակելու, ինքնակազմակերպուելու առաջադրանքներով կրնայ ենթադրուիլ, որ հող շահին ազգայնական գաղափարներու պաշտպանները: Մինչ` շրջուին բաց հասարակութիւններու պաշտպան շարժումներու առաջադրած կէտերը: Այս բոլորին մէջ սեփական հարստութիւններու հիման վրայ տնտեսութիւն զարգացնելը` իբրեւ գերակայ ուղղութիւն, կրնայ կտրուկ նուազեցնել ներածման-արտածման գործընթացները:
Լիբանանահայութեան պարագային ունինք երկու օրինակ: Համայնք-գիւղ եւ համայնք-քաղաք: Գիւղը, որ առաջին իսկ օրերուն փակեց իր սահմանները եւ ներամփոփ դրուածքով կազմակերպեց պայմաններու յաղթահարման աշխատանքները: Քաղաք, ուր արագօրէն կազմակերպուեցան կանխարգելիչ գործողութիւններ, ախտահանման առօրեայ աշխատանքներ, բնակիչներուն հասնելու բազմաբնոյթ մեթոտներ:
Լիբանան մինչեւ «Քորոնա»-ի ծագումը, կ՛ապրէր ֆինանսական եւ տնտեսական աննախադէպ ճգնաժամ: Լիբանանահայութիւնը, հակառակ կրկնակի ճգնաժամերուն պատճառած ծանր հետեւանքներուն, ինքնակազմակերպելու եւ ինքնօգնութեան մեքենաներու լարման բացառիկ ու եզակի փաստեր կը շարունակէ արձանագրել: Եւ այդ առումներով վարակելի օրինակ է հայկական աշխարհին համար: Գուցէ նաեւ ոչ միայն հայկական, այլ ընդհանրապէս հետագայ ընթացքներուն ծառանալիք ճգնաժամերը դիմակայելու կոչուած ամբողջ աշխարհին: