«ԱԶԴԱԿ»-ի Յաւելուածներն Ու Բացառիկները՝ Թուայնացուած
10 Ապրիլ 2020 «Ազդակ» իր հրատարակութեան առաջին շրջանէն իսկ տարբեր առիթներու եւ յոբելինական նշանակութիւն ունեցող տարեթիւերու հրատարակած է յաւելուածներ բացառիկներ։ «Ազդակ»-ի արխիւներուն մէջ պահուող այդ հրատարակութիւնները, որոնց բովանդակութիւնը հիմնականին մէջ յօդուածագրական եւ ուսումնասիրական է շրջան առ շրջան թուայնացուեցան։
«Ազդակ»-ի յարկին տակ գործող Ժ․Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի այս աշխատանքով կը համարուի «Ազդակ»-ի օրաթերթային յաւելուածական թէ բացառիկի ձեւաչափով լոյս տեսած հրատարակութիւններու թուանշային հաւաքածոն։ Կը մնայ թուայնացնել նաեւ «Ազդակ»-ի կողմէ հիմնականին մէջ իբրեւ թերթօններ լոյս տեսած գիրքերն ու «Ազդակ»-ի նիւթերուն եւ յօդուածաշարքերու հիման վրայ կազմուած հրատարակութիւնները։ Բացառիկներու թուայնացման գործին կարեւոր նպաստ ունեցաւ «Ազդակ»-ի աշխատակից Մելքոն Տէմիրճեանի պատրաստած մատենագիտական ուսումնասիրութիւնը՝ ապրիլեան բացառիկներուն (1999-2016)։
Տասնամեակներու վրայ երկարող ժամանակաշրջան ընդգրկող «Ազդակ»-ի բացառիկները անսպառ աղբիւր են ինչպէս գաղափարական յօդուածագրութեան այնպէս նաեւ Հայ Դատի տասնամեակներու վրայ կատարուած աշխատաքներու վերլուծման, եւ յատկապէս հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթին։
aztagdaily.com