«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ընկերային Հեռաւորութեան Զատիկը
10 Ապրիլ 2020 Համաճարակը հարուածած է նաեւ խունկը, աղօթքն ու պատարագը: Դատարկ են եկեղեցիները։Այո՛… յարութեան, հաւատքի եւ գիտակցութեան տօնը՝ Զատիկն ալ պատժուած է այս տարի: Բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ կը նշուի այս տարուան Քրիստոսի յարութեան օրը:
Արդէն իսկ շաբաթ մը առաջ, Մեծ Պահքի նախավերջին Կիրակին՝ Ծաղկազարդի օրը լուռ էին եկեղեցիները, իսկ անոնց մօտակայ բակերը՝ փակ: Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծող Դռնբացէքի արարողութիւնն ալ դռնփակ կատարուած էր, իսկ Տիրոջ երկրորդ գալուստն ու Վերջին Դատաստանը խորհրդանշող վարագոյրներու բացումն ալ անշուք անցաւ: Երկինքի արքայութեան դռները ներկայացնող վարագոյրները պիտի արտօնէի՞ն, որ կարելի ըլլալ արքայութիւն մուտք գործել:
Ձիթենիներու ոստերն ալ որբ էին: Այսպէս, հայորդին գոհացած էր այդ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով զարդարել իր բնակարանը: Այդ ձիթենիները կը ներկայացնէին ուժ, որուն օգնութեամբ կարելի է դիմակայել բնութեան աղէտները, որոնց կարգին պսակաձեւ ժահրը:

Աւագ Շաբթուան ընթացքին, հեռուէն կարելի եղաւ հետեւիլ Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքին, մատնութեան, չարչարանքին, խաչելութեան թաղման եւ ի վերջոյ Զատկուան` Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան օրուան:
Ժամանակն ու եղանակն է մոմ վառելու, սակայն այս անգամ սրբատեղիէն հեռու, տուներու մէջ կը կատարուին այս ծէսերը:
Այս օրերուն, Սուրբ Զատիկի խորհուրդի այդ աւանդական իմաստէն դուրս գալով, պէտք է յաւելեալ խորասուզուիլ եւ ներկայացնել պայքարի եւ դիմադրութեան կամքը: Կատաղի պայքար, տարբեր ձեւով ներկայացնելու մահուան յաղթանակի տօնը:
Համաշխարհային աղէտ նկատուած պսակաձեւ ժահրը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրած է աշխարհը, որուն դէմ կարելի է պայքարիլ եւ ի վերջոյ յաղթական դուրս գալ:
hairenikweekly.com