Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան Այցելեցին Պուրճ Համուտի Մէջ Գործող Լիբանանեան Կուսակցական Եւ Բարեսիրական Կեդրոններ
16 Ապրիլ 2020 Երէկ` երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2020-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, այցելեց Պուրճ Համուտի մէջ գործող լիբանանեան կուսակցական եւ բարեսիրական կառոյցներու կեդրոններ:Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու եւ Ամալ շարժումի Պուրճ Համուտի գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ «Մար Եուսեֆ» բարեսիրական միութեան կեդրոն:

Հանդիպումներուն ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետը շեշտեցին, որ պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնել` շրջանի բնակչութեան կարիքներուն հասնելու համար, յատկապէս համագործակցութեամբ շրջանին մէջ գործող բարեսիրական միութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն:
Նշենք, որ յառաջիկայ օրերուն նոյնանման այցելութիւններ պիտի կատարուին բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու կեդրոններ:
aztagdaily.com