Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակի Նշում. ՍԴՀԿ- ՌԱԿ- ՀՅԴ Հանդիպում
16 Ապրիլ 2020 Հինգաշբթի, 16 ապրիլ 2020-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան վարիչ մարմնի, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շրջանային վարչութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէին միջեւ։
Ժողովը առաջին հերթին անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած ճգնաժամային իրավիճակին եւ այդ ծիրին մէջ լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած կացութեան։ Գնահատուեցաւ լիբանանահայ բոլոր համայնքներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ միութենական ու բարեսիրական կառոյցներու զօրակցութիւնը վայելող «Քորոնա»ի ճգնաժամային շտապի գործունէութիւնը, որ անցնող ամսուան ընթացքին ունեցաւ լայնածաւալ գործունէութիւն։ Ժողովը հանգամանօրէն արժեւորեց նաեւ գաղութին մէջ իրագործուող անհատական եւ հաւաքական ճիգերով տարուող օժանդակութեան եւ կանխարգիլման բոլոր նախաձեռնութիւնները ու այս իմաստով մեր հայրենակիցներու ցուցաբերած նիւթաբարոյական պատրաստակամութիւնը։ Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ շարունակել նպաստաբաշխումի, օժանդակութեան ու հանգանակութեան աշխատանքները։
Ապա ստեղծուած այս արտակարգ իրավիճակին մէջ ժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը նշելու կարելիութիւնները։ Որոշուեցաւ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, լիբանանահայութիւնը անպայման նշէ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը եւ վերանորոգէ Հայ դատի պահանջատիրական իր ուխտը։ Անշուշտ բոլոր նախաձեռնութիւնները պիտի պատշաճեցուին ներկայ կացութենէն բխած պետական որոշումներուն եւ ամբողջականօրէն յարգուի ընկերային հեռաւորութեան սկզբունքը (Social distance)։
Յառաջիկայ օրերուն մամուլով ժողովուրդին սեփականութեան տակ պիտի դրուին նախաձեռնութիւններու մանրամասնութիւնները։
aztagdaily.com