Աւստրալիոյ մէջ կարգ մը խորհրդարանականներ մասնակցեցան Ցեղասպանութեան ոգեկոչման
29 Ապրիլ 2020
ՈՒԻԼԸՊԻ, Աւստրալիա․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Աւստրալիոյ դաշնակցային իշխանութիւնները կը շարունակեն անընդունելի կերպով ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան առցանց ոգեկոչման Աւստրալիոյ դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու կարգ մը անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ դատապատելով ուրացման քաղաքականութիւնը։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսերեան ողջունելի կը գտնէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ առաւել քան 15,000 անձեր հետեւեցան ուղղակի սփռուած ոգեկոչման յայտագիրին։