Խմբագրական. Ճգնաժամի Շահագործման Միտումները (Մայիս Մէկեան Ժամանակակից Խորհուրդը)
01 Մայիս 2020 Մայիսմէկեան խորհուրդը բնականաբար կը ներառէ համաշխարհային ներկայ ճգնաժամի պայմաններուն մէջ աշխատաւորականութեան դիմագրաւած բազմազան դժուարութիւնները եւ մանաւանդ այդ խաւի առաւել խոցելիութիւնն ու անորոշութիւնը:Ըստ էութեան, տակաւին դժուար է հետագայ ճգնաժամի տարողութեան պատկերացումը: Կեանքի բնականոն ընթացքի քայլ առ քայլ վերադարձը արդէն համաշխարհային ընթացքի միտումներ կը դրսեւորէ, եւ բոլոր պետութիւնները համապատասխան ծրագիրներ կը հրապարակեն տնտեսութեան վերաբացման:

Մայիս մէկը ամէն բանէ առաջ շահագործման դէմ պայքարի խորհրդանիշ թուական է եւ այդ շրջագիծին մէջ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր: Պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ճգնաժամը քաղաքականօրէն կը շահագործուի: Բախման կէտեր կան ոչ միայն ընդդիմութիւն-իշխանութիւն դասական պայքարի, այլ նաեւ միջպետական յարաբերութիւններու ընկալումով: Եթէ ներքին առումով կառավարելիութիւնը խստօրէն կը քննադատուի, այլ հարթութեան վրայ երկիրներ յաւելեալ մեկուսացումներու կ’ենթարկուին վարակ արտադրելու մեղադրանքներով:
Նոր աշխարհակարգը տակաւին չէ ձեւաւորուած եւ նոր ուրուագծումներուն դիրքաւորման պայքարը տեսանելի է բազմակողմանիօրէն:
Շահագործումը անշուշտ միայն քաղաքական բացատրութիւն չունի: Հիմնովին տնտեսական է, եւ յաւելեալ մեկուսացումները հիմնականին մէջ կը կիրարկուին տնտեսական պատժամիջոցներու տեսքով:
Ներքին իմաստով եւս ճգնաժամը երբեմն տեսք կը ստանայ շահագործման երեւոյթներու տեսքով: Կրճատումներ, աշխատաւորներու աշխատավարձերու սեղմումներ, գործէ արձակումներ, հաստատութիւններու փակումներ ընդհանուր երեւոյթներ են եկամուտի աղբիւրներու ցամքումի պատճառով կամ որոշ պարագաներու պատրուակով:
Դրամատիրական կարգերու պարագային կ’առաջարկուին գործէ չարձակել պաշտօնեաներ, փոխարէնը մեծածաւալ համեմատաբար քիչ տոկոսով վարկեր վերցնելով: Թուաբանութիւնը այստեղ այնպէս կ’աշխատի, որ գործազուրկներու հսկայական թիւեր չծանրացնեն պետական պիւտճէն: Այլ տեղեր կը պարտադրուին որոշումներ` ներկայ պայմաններուն մէջ եւ որոշ ժամանակի համար գործէ արձակումներու դէմ օրինական արգելքներ: Տարբեր միջավայրերու մէջ մեկուսացումը պարտադիր բնոյթ չի ստանար լուռ ձեւով համոզելով հետեւողը, որ տարեցներու մեծաթիւ մահը կը թեթեւցնէ թոշակներու յատկացուած պետական պիւտճէները: Աշխարհի գերհզօր պետութեան ղեկավարը ամէն գնով տնտեսութեան օր առաջ վերաբացման կոչեր կը հնչեցնէ:
Թիւերը եւ գումարային թուաբանութիւնը գերակայ են մարդու, աշխատաւորի, տարեցի կամ ընդհանրապէս քաղաքացիի կեանքերէն: Եւ հերթական անգամ մարդու կամ քաղաքացիի իրաւունքը կը նոյնանայ աշխատաւորի իրաւունքին հետ` խորհրդանշելով մայիսմէկեան խորհուրդը:
Լիբանանի մէջ համատարած մթնոլորտ է անօթութեան եզրը հատած քաղաքացիին, աշխատաւորին փողոց դուրս գալու եւ վայրագ եղանակներու դիմելու կարելիութեան ալիքի բարձրացումը: Մինչ կառավարութիւնը անվերջ ճիգի մէջ է հակաճգնաժամային ծրագիրներով յաղթահարելու հետզհետէ աւազախրող իրավիճակը:
Յետքորոնա ժամանակահատուածը տարբեր մօտեցումներով կ’ընդգծէ պետական, հասարակական եւ անհատական ներհայեցողութիւնը: Սեփական, ազգային, պետական աղբիւրներու վստահելու ինքնամղումը հետզհետէ պիտի սկսի գործնական տեսք ստանալ:
Մայիս մէկը շահագործումի եւ իրաւազրկումի երեւոյթներուն դէմ պայքարելու օր է: Իրաւազրկումը տարբեր մակարդակներու վրայ է եւ իբրեւ երեւոյթ` համաշխարհայնացած է, յատկապէս ներկայ ճգնաժամին մէջ:
Մայիս մէկը սակայն մինչեւ ներկայ փուլ չյաջողեցաւ միացնել բոլոր երկիրներու աշխատաւորները: Իրաւազրկումը տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ պիտի շարունակուի նոր տեսքերով եւ նոր տարողութիւններով: Թէկուզ նոր աշխարհակարգերով:
aztagdaily.com