Նախագահական Պալատի Հանդիպումին Պիտի Մասնակցինք Եւ Մեր Տեսակէտը Յայտնենք
05 Մայիս 2020 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի մասնակցի նախագահական պալատին մէջ վաղը տեղի ունենալիք երեսփոխանական պլոքներու նախագահներու հանդիպումին, որուն հրաւիրած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:«ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս հանդիպումին պիտի մասնակցի, որովհետեւ երկիրը կը գտնուի ճակատագրական կացութեան մէջ, ազգային պատասխանատուութիւնը կը մղէ, որ բոլորը մասնակցին այդ հանդիպումին` ըմբռնելով, որ այս ժամանակաշրջանը չ’արտօներ, որ քաղաքական տարակարծութիւններ եւ յաւելաբանութիւններ կատարուին` անձնական նեղլիկ հաշիւներ իրականացնելու համար, եւ կամ որդեգրուի քաղաքական սուր եւ գրգռիչ ոճ ու բառամթերք: Այս բոլորը իրենց հետեւանքները կ’ունենան լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ անոնց ապրուստին վրայ: Հետեւաբար պիտի մասնակցինք այդ նիստին եւ քննարկենք կառավարութեան տնտեսական ծրագիրը, որուն մասին պիտի յայտնենք մեր տեսակէտը, ապա իւրաքանչիւր քաղաքական կողմ թող ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կառավարութիւնը յաջողեցաւ մշակել եւ վաւերացնել տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը, ինչ որ պէտք է նախապէս կատարուած ըլլար: «Կարեւորագոյնը այն է, որ եկամուտներու վրայ հիմնուած երկրին տնտեսութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի եւ դառնայ արտադրողական տնտեսութիւն, որուն հիմքերը ըլլան ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերը` ծառայութիւններուն կողքին: Այս մասին մենք արդէն իսկ յայտնած էինք 2 սեպտեմբեր 2019-ին` Պաապտայի մէջ գումարուած տնտեսական հանդիպումին ընթացքին», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի` աւելցնելով, որ գործադրուելիք այդ ծրագիրին ամէնէն կարեւոր կէտը կը մնայ իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարներուն Լիբանան վերադարձը:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն բեռը մեղմացնել` շեշտելով, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր դիտողութիւնները պիտի կատարէ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը ճշդելու առումով: «Իսկ ինչ կը վերաբերի Միջազգային դրամական ֆոնտին, ապա մենք դէմ չենք անոր դիմելու` իբրեւ ընդհանուր սկզբունք, սակայն այլ երկիրներու պարագային Միջազգային դրամական ֆոնտին ցուցաբերած կեցուածքներն ու պարտադրած նախապայմանները որոշ մտահոգութիւններ կը պատճառեն: Բայց եւ այնպէս նկատի ունենալով Լիբանանի հասած այսօրուան խոցելի իրավիճակը, ստիպուած ենք քննարկելու այն ձեւերը, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ օգտուիլ այդ ֆոնտէն», նշեց ան:
Անդրադառնալով չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին մասնակցութեան առումով Մուսթաքպալ պլոքին յայտնած մերժումին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը միշտ ալ պատմական կեցուածքներ ունեցած է` բոլորը երկխօսութեան հրաւիրելով:
«Համոզուած ենք, որ այս փուլին ընթացքին մերժումն ու մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը ոչ մէկ նպաստ կը բերեն քաղաքացիին: Հանդիպումին մասնակցութիւնը մերժելը դիւրին է, սակայն մասնակցութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, որովհետեւ Ա.) պատմութիւնը ոչ ոք կը խնայէ եւ Բ.) այդ ծրագիրին մէկ կարեւոր մասը հիմնուած է տնտեսական բարեկարգումի այն ծրագիրին վրայ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մշակած էր ու ներկայացուցած` նախքան հրաժարիլը», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ան հաստատեց, որ տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը խիստ է եւ երկրին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ, ինչպէս նաեւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ լիբանանցիներուն, դրամատուներու սեփականատէրերուն եւ մեծ գործատէրերուն կենցաղին վրայ: «Ճի՛շդ է, որ մեր դիմաց դժուար տարիներ կան, սակայն չենք կրնար ձեռնածալ մնալ ու ըսել, որ տապալած ենք, եւ ամէն բան փուլ եկած է: 2 սեպտեմբերի Պաապտայի հանդիպումին ներկաներուն անկեղծօրէն եւ կատարեալ թափանցիկութեամբ յայտնեցի, որ մենք ժողովուրդը կը խաբենք, որովհետեւ անդունդի սեմին չենք, այլ անոր խորերը: Ժամանակն է միասնականութեամբ համագործակցելու քաղաքացիին համար, այն քաղաքացիին, որ իր վստահութիւնը շնորհած է մեզի` հակառակ անոր զայրոյթին եւ ցասումին, որ լաւապէս կը հասկնանք: Այսօր ընդդիմութեան ժամանակը չէ, իսկ եթէ ոմանք կը փափաքին ընդդիմանալ, ապա պէտք է ընդդիմութեան վերածուին պետական հաստատութիւններու շրջագիծին մէջ: Եթէ հրաւէրը կը մերժենք, որովհետեւ հրաւիրողը նախագահ Աունն է, ապա անիկա առաջին անգամը չէ, որ նման հանդիպումի կը հրաւիրէ, եւ ո՛չ ալ հանրապետութեան առաջին նախագահն է, որ հանդիպումի կը հրաւիրէ: Անոր նախորդած է հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, եւ բոլորս ալ մասնակցած ենք: Երկրին դիմագրաւած այս աղէտալի պայմաններուն մէջ, նման հանդիպումի մասնակցութիւնը կարելի չէ քաղաքական պատճառներով մերժել», ընդգծեց ան:
Հիւսիսային Մեթնի աղբերու տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ տագնապին լուծումը կը կայանայ ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելուն մէջ: «Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը իր կարողութեան առաւելագոյն սահմանին հասած է եւ 2018 փետրուարին նոր թափօններ ընդունելէ վերջնականապէս դադրած է: Չորս տարի առաջ ուզեցինք Լիբանանի աղբի տագնապին լուծման մաս կազմել, եւ մինչեւ օրս սպասեցինք` յուսալով, որ այդ տագնապին լուծման իմաստով լուրջ նախաձեռնութիւն մը կը կատարուի, սակայն այդ հարցին նկատմամբ ոչ ոք լուրջ վերաբերում կը ցուցաբերէ: Կառավարութիւնը իբրեւ գործադիր իշխանութիւն պէտք է լուծում ապահովելու մասին մտածէ, իսկ մենք իբրեւ երեսփոխաններ նախապէս զգուշացուցած էինք, թէ ապրիլ ամսուան աւարտին աղբի տագնապը դարձեալ ինքզինք պիտի պարտադրէ: Ըստ երեւոյթին աղբի տագնապէն աւելի կարեւոր հարցեր լուծման կարիք ունէին` գիտնալով հանդերձ, որ աղբի տագնապը առողջական, կենսոլորտային եւ ընկերային տագնապ մըն է, որուն ոչ ոք ուշադրութիւն կը դարձնէ: Կառավարութիւնը պէտք է այս իմաստով որոշում տայ եւ գործակցի Մեթնի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան հետ, որովհետեւ Պուրճ Համուտն ու Ժտէյտէն բոլոր գաւառներու աղբերուն ընդունարանը չեն կրնար ըլլալ: Թո՛ղ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:
aztagdaily.com