«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Միշտ ալ մերն է բարձունքը․․․
09 Մայիս 2020 «Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան,Տղերքն աւելի բարձրում մնացին:
Շահեցի՞ր երկիր, թէ՞ կորցրեցիր.
Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան․․․»
Խաչիկ Մանուկեան (հայրենի բանաստեղծ)
Այդ օր ․․․ Մայիս 9, 1992-ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ զանգերը դեռ չէին ղօղանջեր, բայց շուտով, շատ շուտոով․․․ միայն ժամեր ետք պիտի ղօղանջէին։
Այդ օր, այդպէս որոշած էին տղերքը՝ վճռակամ ու խիզախ ազատամարտիկները։ Անոնք որոշած էին շարունակել իրենց յառաջխաղացքը եւ ազատագրել Արցախի սիրտն ու բազկերակը՝ Շուշին։ Ի վերջոյ, անոնց ականջներուն մէջ շարունակ կը հնչէր Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան օրերու հերոս, Բաշ Ապարանի պատերազմին մեծ հռչակ սփռած, ապա հայոց բանակը կազմաւորած եւ ռազմական նախարարի պաշտօնը ստանձնած առասպելական Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան) կարճ ու յստակ հաստատումը, թէ «ով տիրում է Շուշին, նա տիրում է ողջ Արցախը»։

Տղերքը քաջատեղեակ էին եւ կը գիտակցէին, թէ կարելի էր անկարելին իրագործել եւ հարսանիք մը տօնել այդ բարձր լեռներու գագաթներուն վրայ, լանջերուն մօտ, թէ խոր կիրճերուն ներքեւ։ Նկատի ունենալով անոնց բերկրանքն ու ծարաւը այդ սուրբ հողին, մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Հարսանիք լեռներում»-ը։
Եւ ի՜նչ պսակ, ի՜նչ խնճոյք։ «Պարախումբ»-ով եւ «տաւուլ զուռնա»-ով իրագործուեցաւ այդ հարսանիքը։ Հոն կայք հաստատած ազերիին համար յստակ էր, թէ այդ հողը չէր պատկաներ իրեն։ Նոյնինքն հողն ալ դժգոհ էր եւ անհանգիստ կը զգար տարածաշրջանի մութ հաշիւներու արդիւնք, խորհրդային օրերու անգութ ղեկավարի մը՝ Ստալինի կողմէ Յուլիս 7, 1923-ին բռնի կերպով ազերիին յանձնուելուն։ Աւելի՛ն. հող մը, որ այդ թուականէն քանի մը տարի առաջ՝ Մարտ 1920-ին, վկայ եղած էր միեւնոյն արիւնարբու ազերիներուն կողմէ հայերու կոտորածին։
Այդ օրուան ․․․ Մայիս 9, 1992-ի սխրանք կերտած հերոսներուն անունները — ցայսօր շնչող թէ առ յաւէտ հեռացած — երկրորդական են։ Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն ու արեւմուտքէն․․․ Քարին տակէն ու քարին վրայէն կոխկռտելով, անոնք հասան քաղաքը եզերող ամրոցի պատերն ու ելիզավետպոլեան մուտքը, պատմական ձիարշաւարանը, սարաւանդը եզերող ժայռապարը, քարանձաւները, Իսահակի կամ Պեխէ աղբիւրը, Մամռոտ քարը, Հունոտի կիրճը, Մեղրեցոց եկեղեցւոյ խորանը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ Ժամ) եկեղեցին եւ անշուշտ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը, ուր ղօղանչեցին սարդարապատեան մթնոլորտ բուրող «յաղթանակի զանգեր»-ը։
Վայրերուն․․․եւ յատկապէս այդ յիշատակելի օրը պրիսմակի տակ ունենալով վայրին՝ ՇՈՒՇԻ անունն է որ անջնջելի պիտի մնայ։ Քանզի այդ ամրոց քաղաքի ազատագրումը կը խորհրդանշէ ո՛չ միայն հայորդիի մարտունակութեան անպարտելի ուժը, ամրակուռ արժանապատուութիւնն ու անխախտելի կամքը, այլ նաեւ խոր ու անքակտելի հաւատքը` հողին եւ տեսլականին։
Տղերքը բարձունքն ի վեր արշաւեցին։ Բարձունքը մերն է։
Այսպէս կը պոռթկար այդ հողը, ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԸ՝ ՇՈՒՇԻՆ։
hairenikweekly.com