Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 102-Ամեակ. 1920-ի Կառավարութեան Անդամներուն Զգեստները Եւ Սնունդը
28 Մայիս 2020 ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆՌուբէն Դարբինեան (1883-1968) Ախալքալաք ծնած, ՀՅԴ անդամ եւ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին գործակից, բուն անունով` Արտաշէս Չիլինգարեան, որ 10 յունուար 1920-ին շուրջ 4 ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար եղած է, ռուսերէնի փոխարէն հայացնելով նախարարութեան հետ` օրէնսգիրքերը, դատական իշխանութիւնը եւ լեզուն: Նախապէս խմբագիր` Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին, Պաքուի «Արեւ»-ին, ապա` «Գործ»-ին, Երեւանի «Յառաջ»-ին եւ վերջապէս Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» օրաթերթին` 1 ապրիլ 1922-էն մինչեւ մահ 14 յունիս 1968:
Իր հիանալի պարզութեամբ գրած «Երկեր` կեանքիս գրքէն», 704 էջ Ա. հատորէն (1) ստորեւ կը ներկայացնեմ էջ 488-էն 490: Դարբինեան կը գրէ.
«Մոսկուայի գերութենէն ազատուելէս ետք, երբ Երեւան հասայ, վրայի մաշած հագուստէս զատ ես ուրիշ բան չունէի: Ինչ որ ունէի Մոսկուայի մէջ, փախուստի ճանապարհին փոխանակած էի ուտելիքով: Եւ այժմ Երեւանի մէջ, եթէ դրամ իսկ ունենայի, նոր հագուստ չէի կրնար գնել: Ստիպուած էի գոհանալ եղածով, որ, սակայն, վայել չէր ո՛չ միայն կառավարութեան մէկ անդամին, այլեւ պետական ոեւէ պաշտօնեայի:

1. Արամ Մանուկեանի մաշած շապիկը, եւ 2. Կառավարութեան միակ պաշտօնական զգեստը, ՀՅԴ թանգարան, Երեւան (2):
Դժբախտութիւնն այն էր, որ միայն ես չէի այդ աննախանձելի վիճակին մէջ: Մեր կառավարութեան միւս անդամները եւս կը պտտէին աւելի կամ պակաս չափով մաշած հագուստներով, իսկ ոմանք, ինչպէս ես, ուրիշ որեւէ զգեստ չունէի հագնելու գէթ օտար կարեւոր հիւրերու ընդունելութեանց ժամանակ:
Օր մը, կը յիշեմ, Անգլիոյ կովկասեան ներկայացուցիչը` Ուորտրոփ Թիֆլիսէն պիտի գար Երեւան: Քաղաքական հասկնալի նկատումներով որոշած էինք սովորականէն աւելի լաւ ընդունելութիւն մը ընել անոր: Ուստի` կառավարութեան ամբողջ կազմով կայարան գացինք զայն դիմաւորելու:
Կայարանի տախտակամածին վրայ, մեր մաշած հագուստները կը փայլէին արեւու ճառագայթներուն տակ: Իմ հագուստիս մա՛նաւանդ մէկ կողմը բոլորովին աններկայանալի էր: Կ՛ամչնայի այնքա՜ն, որ երբ (վարչապետ*) Խատիսեան կը ներկայացնէր մեզ Ուորտրոփին, աշխատեցայ կանգնիլ այնպէս, որ այդ կողմը աչքին չզարնէր:
Առհասարակ, երբ օտար պետութեանց ներկայացուցիչներուն ի պատիւ ճաշկերոյթներ կու տայինք կամ անոնց հետ ժողովներ կ՛ունենայինք, նոյն տառապանքին կ՛ենթարկուէինք աւելի կամ նուազ չափով: Բնականաբար, կը մտահոգուէինք, որ հիւրերուն վրայ կրնար շատ աննպաստ տպաւորութիւն ձգել մեր երեւոյթը, որովհետեւ դժուար թէ անոնք հասկնային մեր վիճակը:
Օր մը, երբ գացի մեր կառավարութեան հերթական նիստին, դեռ երկու թէ երեք նախարարներ միայն եկած էին: Միւսներուն գալէն առաջ, խօսք բացի մեր մաշած հագուստներուն մասին եւ ըսի, թէ անհրաժեշտ էր միջոց մը գտնել` նոր հագուստներ ձեռք բերելու համար:
Ներկայ եղողներէն Նիկոլ Աղբալեանն ու Աբրահամ Գիւլխանդեանը, որոնց հագուստները իմ հագուստներէս աւելի լաւ վիճակի մէջ չէին, համաձայնեցան հետս: Եւ որոշեցինք այդ մասին խօսիլ այն օրերու վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանին հետ:
Երբ Խատիսեան եկաւ, անոր ուշադրութեան յանձնեցինք մեզ զբաղեցնող հարցը: Սակայն, անոր պատասխանը քաջալերական չէր: Նախ` ելաւ տեղէն, դարձուց իր կռնակը մեր կողմը, ցոյց տուաւ նոյնպէս մաշած տաբատը եւ ըսաւ.
– Սիրելիք, ես եւս ձեզանից աւելի լաւ վիճակի մէջ չեմ: Բայց չեմ կարծում, որ մենք այժմ կարող ենք ձեռք բերել նոր հագուստներ: Դրամ չունենք դրա համար, որ արտասահմանից կերպաս բերենք եւ կարել տանք: Իսկ պետական մեր թղթադրամներով այդ չենք կարող անել: Մեզ ուրիշ բան չի մնում, բայց դիմանալ, մինչեւ որ աւելի լաւ պայմաններ ստեղծուեն:
Ուտելիքի տեսակէտով ալ նախանձելի չէր կացութիւնը: Եւ այս` մանաւանդ անո՛նց համար, որոնք նոր կու գային Հայաստանի մայրաքաղաքը կամ ընտանիք չունէին եւ ստիպուած էին դուրսը ճաշել:
Քանի մը ամիս շարունակ, երբ կինս դեռ ստիպուած էր Թիֆլիս մնալ, ես եւս հարկադրուած էի դուրսը ճաշել: Բայց այդ կապուած էր որոշ անպատեհութեանց: Նախ` կերակուրները ո՛չ որակով եւ ո՛չ իսկ քանակով գոհացուցիչ էին: Յետոյ` «Օրիանտ» հիւրանոցի ճաշարանը, քաղաքին մէջ գրեթէ մինակը, գէթ լաւագոյնը, որոշ ժամերու միայն ճաշ կու տար եւ, եթէ ուշանայիր ոչինչ կը ստանայիր: Ճիշդ է, կար նաեւ ուրիշ կաթնատուն-ճաշարանի նման բան մը, որ որոշ ժամեր չունէր, բայց հոն ալ յաճախ շատ քիչ բան կը գտնէիր:
Կը յիշեմ, օր մը, երբ կառավարութեան ցերեկուան նիստը սովորականէն շատ ուշ վերջացաւ, Արշակ Ջամալեան (հաղորդակցութեան եւ ճանապարհներու նախարար), որուն ընտանիքը նոյնպէս Թիֆլիս էր, մօտեցաւ ինծի` ըսելով.
– Գիտեմ, որ դու էլ իմ հալին ես: Միասին երթանք «Օրիանտ» ճաշելու, թէեւ վախենում եմ, որ շատ ուշ ենք մնացել եւ բան պիտի չգտնենք: Բայց փորձենք:
Թէեւ կառքով գացինք, բայց երբ հասանք, ճաշարանը փակ գտանք: Արշակ ետեւի դուռնէն ներս մտաւ եւ փորձեց յատուկ կարգադրութիւն մը ընել: Բայց ոչինչ ունէին մեզի հրամցնելու:
3. «Կրանտ» պանդոկը
Յուսահատ դուրս եկանք: Սաստիկ անօթի էինք: Արշակ, որ ինձմէ շատ աւելի ճարպիկ էր եւ շատ աւելի մարդիկ կը ճանչնար, ըսաւ.
– Երթա՛նք, ես մի տեղ գիտեմ, ուր կարող ենք ուտելիք գտնել: Եւ սկսաւ բարձրանալ «Օրիանտ» հիւրանոցի սանդուխները: Սանդուխներուն վրայ հանդիպեցանք գնդապետ Արսէն Շահմալեանին, որ հարցուց, թէ ո՞ւր կ՛երթայինք: Արշակն ալ Տրդատ Գազանճեանի անունը տուաւ եւ բացատրեց, որ անօթի էինք, կ՛երթայինք անոր մօտ` կերպով մը կշտանալու: Արսէնը բացագանչեց.
– Տնաշէններ, երանի՜ թէ մի քիչ կանուխ գայիք: Ինչ որ ունէր, մենք կերանք:
Այսուհանդերձ, բարձրացանք Տրդատի մօտ: Խեղճը շատ ցաւեցաւ, որ այդ օր, թարսի պէս, ուտելիք չէր մնացեր մօտը: Կրցաւ միայն մէկ-մէկ փոքրիկ կտոր ապուխտ եւ հաց հրամցնել մեզի: Ատով ալ գոհացանք եւ կատակներով մոռցանք մեր անօթութիւնը»:
Ահա կենցաղային այսպիսի համեստ պայմաններու մէջ կը գործէին Հայաստանի Հանրապետութեան «իշխանաւորները», որոնք պարզ քաղաքացիէն աւելի «փարթամ» ապրելակերպ չունէին, հակառակ անոր որ այդ օրերուն մեծահարուստ քաղաքացիներ կային, որոնց կենցաղը «փարթամ» կարելի էր նկատել: Յոյսով եմ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան իշխանաւորներուն այս համեստ վարքագիծը օրինակ կը ծառայէ մեր օրերու Հայաստանի իշխանաւորներուն:
22 մայիս 2020
———————-
(1) «Երկեր կեանքիս գրքէն», Ռուբէն Դարբինեան, Ա. հատոր, Համազգայինի մատենաշար թիւ 306, հրատարակութեան խմբագիր` Պօղոս Սնապեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1972, Պէյրութ, 704 էջ:
(2) https://hy.wikipedia.org/wiki/Հ._Յ._Դաշնակցութեան_պատմութեան_թանգարան_հիմնադրամ#/media/Պատկեր: ՀՅԴ_պատմութեան_թանգարան-հիմնադրամ_(9).jpg
aztagdaily.com