ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրոյցներ

«Լիբանանահայութիւնը Համոզուած Է Պետականութեան Յղացքով Եւ Կը Զօրակցի Իշխանութեան Օրինականութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

21 Հուլիս 2020

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 18 յուլիս 2020-ին դարձաւ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող, լրագրող եւ հետազօտող Ղասսան Շամիի վարած «Աժրաս Մաշրեք» յայտագիրին հիւրը:

Հարցազրոյցին ընթացքին սփռուեցաւ տեսագրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութիւնը եւ ունեցած դերակատարութիւնը:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի դրուատեց պատրաստուած տեսագրութիւնը` զայն նկատելով ամբողջական:

Ան ողջունեց իսլամ եւ քրիստոնեայ բոլոր ակնդիրները` ըսելով. «Եթէ մենք պատմութիւնը կարդանք, կը գիտնանք անոր արժէքը` համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը գիտնանք, որ այս շրջանը կազմող իւրաքանչիւր համայնք, ժողովուրդ եւ երկիր իր դերակատարութիւնը ունեցած է պահպանելու քաղաքակրթութիւնը եւ առիթ տալու ուրիշին` ունենալու իր սեփական քաղաքակրթութիւնը:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը վկան է Մեծն Լիբանանի հիմնումին: «Ո՛վ որ չի գիտեր, թո՛ղ իմանայ, որ շրջանին մէջ հայկական ներկայութիւնը նախքան Քրիստոս է, երբ հայոց Տիգրան Մեծ թագաւորը եկած է Լիբանան եւ Սուրիա: Իսկ Միջին դարերուն եւ 18-րդ դարուն Պզմմարի մէջ հիմնուեցաւ հայկական պատրիարքութիւնը, ինչպէս նաեւ հիմնուեցան միութիւններ», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Երուսաղէմի, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հայկական ներկայութեան:

«Հայ առաքելական համայնքի Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը հիմնուած է 638-ին, Եգիպտոսի մէջ արաբական խալիֆայութեան օրով հայերու դերակատարութիւնը երեւոյթ է, այնուհետեւ ունեցած ենք հայ վարչապետ, տակաւին չեմ նշեր 5 արտաքին գործոց նախարարները, որոնք հայ էին: Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հայկական ներկայութիւնը սկսած է 15-րդ դարէն: Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին 15-16-րդ դարերու եկեղեցի է: Հետեւաբար ո՛վ որ կ՛ըսէ, թէ հայը այս շրջանին մէջ եկուոր մըն է, նուազագոյնը տգէտ է, պատմութիւն չի գիտեր», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ հայոց դէմ գործուած թրքական ցեղասպանութենէն ետք հայերը հասան Լիբանան: «Թուրքիոյ կողմէ գործուած ցեղասպանութիւն կ՛ըսեմ, որովհետեւ ներկայ Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է իր իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Երիտթուրքերու եւ Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած էր եւ կազմակերպուած, սակայն անիկա կրօնական հիմք չունէր, այլ կը միտէր Օսմանեան կայսրութեան համաթուրանական երազը իրականացնել», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն Սուրիա եւ Լիբանան ժամանումն ու Մեծն Լիբանանի հիմնումը նոյն ժամանակաշրջանին ընթացքին պատահած է: «Հայերը վկայ են Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան, եւ 1920-էն ետք, Լիբանանի մէջ կազմուած երկրորդ խորհրդարանին մէջ հայութիւնը ունեցած է իր ներկայացուցիչը: Հայութիւնը մասնակցած է նաեւ Լիբանանի անկախութեան հռչակումին, ինչպէս նաեւ մասնակից դարձած է Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, քաղաքակրթական, ճարտարարուեստի, դրամատուներու եւ բոլոր մարզերուն մէջ բարգաւաճման:

Լիբանանեան կեանքն ու կենցաղը բաղկացնող բոլոր մարզերուն մէջ անպայման հայ մը պէտք է փնտռել: Երբ հայ կ՛ըսեմ` կատարեալ լիբանանցի կը հասկնամ: Երբ զուտ լիբանանցի եմ ըսեմ` ոչինչ աւելցուցած կ՛ըլլամ, սակայն երբ կ՛ըսեմ լիբանանահայ եմ, ապա յաւելեալ արժէք կը նկատուիմ, ինչպէս որ է պարագան ասորի լիբանանցիին, քիւրտ լիբանանցիին, մարոնի լիբանանցիին, ուղղափառ լիբանանցիին, սիւննի լիբանանցիին, շիի լիբանանցիին, տիւրզի լիբանանցիին եւ կաթողիկէ լիբանանցիին», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը միշտ հաւատարիմ եղած է Լիբանան հայրենիքին եւ լիբանանեան պետութեան: «Քաղաքացիութիւնը ինքնին կ՛ենթադրէ հաւատարիմ ըլլալ տուեալ պետութեան: Այո՛ ես կը հպարտանամ հայկական ինքնութեան իմ արմատներովս, ինչպէս որ ուրիշ մը կը հպարտանայ իր արաբական արմատներով: Ճիշդ է, որ ես արաբ չեմ, սակայն իբրեւ արաբականութեան հաւատացող կը պայքարիմ արաբական դատերուն համար, ու համեստութեամբ կ՛ըսեմ, որ հաւանաբար շատ մը արաբներէ ալ աւելի կը պայքարիմ արաբական արդար դատերուն համար», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը արաբներ եւ լիբանանցիներ կ՛անտեսեն այդ դատերը` աւելցնելով, որ պետութեան ու հայրենիքին նկատմամբ հաւատքն ու նուիրումը շատ աւելի կարեւոր են, քան համայնքային ու յարանուանական նեղլիկ մտայնութիւնը: «Մենք` իբրեւ լիբանանահայ համայնք, մաս կը կազմենք Մեծն Լիբանանին եւ անմասնատելի բաժինն ենք անոր: Մենք հիմք ենք եւ հիմնադիր դերակատարութիւն ունինք Լիբանանի անկախութեան մէջ: Ճի՛շդ է, որ Լիբանան սրտբաց ընդունեց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը, եւ մենք չենք ուրանար Լիբանանի բարիքը, սակայն կը հաստատենք, որ մենք այս երկիրը չքանդեցինք եւ ո՛չ ալ գողցանք», յայտնեց ան:

Հարցազրոյցին ընթացքին Շամի յայտնեց, թէ 1924-ին, երբ բոլոր լիբանանցիները ստացան իրենց լիբանանեան ինքնութիւնը, հայերը եւս ստացան լիբանանեան ինքնութիւն` աւելի եւս ամրապնդելով քրիստոնեայ ներկայութիւնը: Շամի նշեց, որ այդ օրուընէ սկսեալ հայ համայնքը մաս կազմած է երկրին քաղաքական կեանքին եւ հիմնադրութեան` հարց տալով, թէ այս փուլին ընթացքին, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Լիբանանի ներկան եւ ապագան:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի յիշեց, որ բոլորս նոյն թուականին դարձանք լիբանանցիներ, եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք կա՞յ Լիբանանի մէջ ապրելու այլընտրանք: «Արդեօք մենք կ՛ուզենք քանդուած Լիբանանի մէ՞ջ ապրիլ, թէ՞ միասնաբար ապրիլ ու համագործակցիլ` աւելի լաւ Լիբանան մը կերտելու համար: Այս է բուն հարցումը: Համայնքային, յարանուանական, տեղայնական, աշիրեթական ամէն տեսակի բան փորձեցինք, պատերազմը «ճաշակեցինք», արտաքին հոգատարութիւնը փորձեցինք, օտար միջամտութիւնները, արտաքին բռնագրաւումը, ազատ տնտեսութիւնը, օդային բաց սահմանները, բաց սահմանները, ամէն բան փորձեցինք: Սակայն այսօր մենք ցաւալի իրականութեան մէջ ենք: Ժողովուրդը կ՛երերայ եւ «Լիբանան հայրենիք» յղացքը կը վերանայ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հարց տուաւ, որ արդեօք այսօր երկու լիբանանցիներ կրնա՞ն ժամուան մը համար դէմ դիմաց կենալ ու անկեղծ երկխօսութիւն կատարել, իրարու աչքերուն մէջ նայելով իրարու ըսել, թէ անկեղծանալու պահն է եւ արդեօք կրնա՞նք մենք միասին գործել` նոր Լիբանանը կառուցելու համար: Քաղաքակրթութեան եւ պատգամի Լիբանանը, ապագայ Լիբանանը` մեր զաւակներուն, թոռներուն եւ նորահաս սերունդներուն համար:

«Նոր Լիբանանը տեսնելու համար պէտք է անցեալէն դասեր քաղել: Անկախութենէն ետք պետութիւն, հայրենիք եւ քաղաքացիութիւն չկրցանք կերտել: Հայրենիք կերտելու միակ միջոցը լիբանանցիներուն մօտ քաղաքացիութեան հասկացողութեան վերատեսութեան ենթարկումն է: Իւրաքանչիւրը պէտք է հարց տայ, թէ նախ ինք ի՞նչ է. այսինքն` մարոնի եմ, սիւննի եմ, շիի եմ, հայ եմ, ուղղափառ եմ, կաթողիկէ եմ` նախքան լիբանանցի ըլլալս: Եթէ այսօր մենք լիբանանցիներուն միջեւ նոր ուխտ մը կնքելու հաւանականութեան մասին խօսինք, պիտի տեսնենք, որ տակաւին իրարմէ կը վախնանք: Եկեղեցիին եւ մզկիթին տարբերութիւնները տակաւին ժողովուրդը կը վախցնէ: Դժբախտաբար մենք պատերազմին հարցերը չենք կրցած լուծել: Մենք կարծած ենք, որ պատերազմն ու սադրանքը աւարտած են: Այսօր մենք կը վկայենք, որ այն պատճառները, որոնց համար Լիբանանի մէջ պատերազմ բռնկեցաւ, կամ այլոց պատերազմը Լիբանանի մէջ բռնկեցաւ, առկայ են եւ չեն լուծուած: Այդ բոլորին վրայ կու գան աւելնալու փտածութիւնը, աւազակութիւնը, ախտերը, տագնապները: Հետեւաբար քաղաքացիութեան նոր ուխտը կը վախցնէ բոլորը. անիկա կը սարսափեցնէ քրիստոնեան, որովհետեւ դարձեալ կը խօսինք իշխանութիւնը կէսով կամ մէկերորդով մասնատելու մասին: Օրինակ` Ծերակոյտ մը չենք կրնար կազմել, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ անոր նախագահը: Այս բոլորը հարցեր են, եւ Լիբանանի մէջ որեւէ հարց լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Լիբանանի մէջ հայ համայնքին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ հա՛յ համայնքին դերակատարութիւնը` անկախութենէն մինչեւ օրս եղած է շինիչ ու հայրենանպաստ:

«Նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, երբ շեշտուեցաւ, որ զէնք չբարձրացնողը դաւաճան է, իսկ երբ մարդասպանութիւնը, առեւանգումը, երկրին քանդումը վերածուած էին հերոսութիւններու, մենք յայտարարեցինք յանձնառու չէզոքութիւն եւ ոչ թէ դրական չէզոքութիւն: Յանձնառու չէզոքութեան կեցուածքով մենք մերժեցինք քանդումը, առեւանգումը, աւազակութիւնը, եւ այլ չարիքներ` միաժամանակ մենք զմեզ եւ մեր կեցուածքը պաշտպանելով, եւ այդ կեցուածքին գինը սուղ վճարելով ու դաւաճան նկատուելով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայկական շրջանները ռմբակոծումներու եւ յարձակումներու ենթարկուեցան, ականաւոր դէմքեր առեւանգուեցան եւ սպաննուեցան, պայթումներ եղան, բայց եւ այնպէս մենք պաշտպանեցինք այն կեցուածքը, որ Լիբանանին համար նպաստաւոր էր, եւ անիկա երկխօսութիւնն էր:

15 տարի պատերազմը փորձեցինք, որպէսզի վերջը Թաէֆ երթանք եւ համաձայնինք: Տոհայի խորհրդաժողովէն առաջ հասանք սադրանքի վտանգին, որուն փողերը սկսած էին հնչել: Այսօր դարձեալ նոյն վիճակին մէջ ենք, իսկ Պաապտայի մէջ երկխօսութեան վերջին նիստին մեր մասնակցութիւնը հիմնուած էր «հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է» տարազին վրայ: Այդ պատճառով ալ երկու ընտրանքի մասին կը խօսինք. զէնքը կամ երկխօսութիւնը, եւ կ՛ընտրենք երկխօսութիւնը», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ երկխօսութիւնը պէտք է կատարուի փոխադարձ յարգանքի եւ ուրիշին իւրայատկութիւնները յարգելու հիման վրայ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ հայերը միշտ, աւելի ճիշդը 100 տարիէ ի վեր կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահին, անկախ անոր ինքնութենէն կամ ներկայացուցած հաստատութենէն կամ քաղաքական ուժէն, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Լիբանանահայութիւնը համոզուած է պետականութեան յղացքով եւ կը զօրակցի իշխանութեան օրինականութեան: Մենք հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդ ենք, իսկ ժողովուրդը այդ իմաստով փորձառութիւն ամբարած է: Իբրեւ այդպիսին, մենք պետութեան եւ հայրենիքին արժէքը լաւ գիտենք, եւ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ պետութեան վերադառնալէ բացի այլ միջոց չկայ: Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ միակ նախագահութիւնն է, որ քրիստոնեաներուն յանձնուած է: Այս շրջագիծին մէջ կը յիշեմ լիբանանեան պատերազմի օրերուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկուն ուղղուած նախկին նախարար Խաչիկ Պապիկեանի մէկ արտայայտութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Զգո՛ւշ. Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը մի՛ տկարացնէք: Երբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը տկարանայ, արաբական Արեւելքին, նոյնիսկ Իրանի եւ իսլամական երկիրներու մէջ քրիստոնեան շրջանին մէջ գոյատեւելու իր յոյսը կը կորսնցնէ»: Այսօր մենք համոզուած ենք, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը երաշխիք է Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն, երաշխիք է արաբական վարչակարգերուն, եւ անոնց համար գրաւ պէտք է ըլլայ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը քրիստոնեայ պահել` արժեւորելու եւ մեծարելու համար իրենց երկիրներուն մէջ ապրող քրիստոնեայ քաղաքացիները»:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հայութիւնը արաբական Արեւելքին մէջ նաեւ իր դերակատարութիւնը ունեցած է` նկատի ունենալով, որ Հայաստանը եղած է առաջին պետութիւնը, որ քրիստոնէութիւնը ճանչցած է իբրեւ պետական կրօն, 301-ին: «Իսկ հայութիւնը արաբական Արեւելքին մէջ իր գոյութեամբ ապրած է նուիրումով եւ իր արիւնը շաղախած է արաբական հողին: Հետեւաբար արաբական-հայկական եղբայրութիւնը ամուր է ու անքակտելի: Այս ծիրին մէջ կը հաստատեմ, որ չկայ արաբական երկրի մէջ ապրող հայ քաղաքացի մը, որ իր հայրենիքը կամ այդ երկրին հանրապետութեան նախագահը կը վարկաբեկէ», շեշտեց ան:

Սփիւռքի մէջ Հայ դատի պայքարը շարունակելու ընթացքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ շատ պայմաններ կան, որոնք կը դժուարացնեն այդ աշխատանքը, ինչպէս` խառն ամուսնութիւններ, հայոց լեզուի իմացութիւն, աւելի ընդարձակ շրջանակներու մէջ ապրող եւ գործող հայերու իրականութիւն եւ այլն: «Սակայն միշտ կը պատահի այն, որ նոյնիսկ այն հայը, որ հայերէն չի գիտեր, կու գայ հաստատելու, որ ինք թոռն է այնինչ հայուն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած է: Հարցը այն է, որ ոմանք կը մտածեն, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, որովհետեւ անոնք սիւննի էին եւ մենք քրիստոնեայ: Անոնք կը մոռնան, որ Մեքքայի Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալին արձակած է ֆաթուա մը, որուն մէջ յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ թուրքերը ջարդած են հայերը, իսլամներն ու քրիստոնեաները, եւ նոյն հրամանագիրով բոլոր աշիրեթներէն կը պահանջէ պահպանել հայերը եւ անոնց հետ վարուիլ ինչպէս իրենց հարազատները:

«Մեքքայի Շերիֆ Հիւսէյն Պըն Ալին եւս սիւննի էր: Ես համոզուած եմ, որ իսլամութիւնը չի սպաններ, սպանդ եւ ցեղասպանութիւն չի գործեր: Ինչո՞ւ ոմանք կրօնին կը վերագրեն շրջանին մէջ Թուրքիոյ կատարած բոլոր չարիքները` հայ ժողովուրդին դէմ, քրիստոնեաներուն դէմ, իսլամներուն դէմ, շիիներուն դէմ, տիւրզիներուն, ասորիներուն, քիւրտերուն եւ եզիտիներուն դէմ», հարց տուաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը սիւննի համայնքին հետ բնաւ հարց չէ ունեցած եւ չունի: «Կարելի չէ ընդունիլ այն կեցուածքը, որ երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կը խօսինք` թիրախ կը դարձնենք սիւննի համայնքը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր համաշխարհային կառոյցով տասնամեակէ մը աւելի է արդէն կը յայտարարէ, որ Թուրքիա նոր-օսմանականութեան ժամանակաշրջան կ՛ապրի: «Չմոռնանք, որ 15 տարի առաջ Թիւրկիւտ Էօզալ եւ Թանսու Չիլեր Հալէպը եւ Մուսուլը թրքական հողեր կը նկատէին: «Հաւանաբար օրին մեկնաբանուեցաւ այնպէս, որ մենք հայ ենք եւ այդ իրականութիւնը բոլորին ուշադրութեան կը փորձենք յանձնել` Հայ դատի պայքարին նպաստելու համար: Սակայն այսօր սիւննի երկիրներէն` Սէուտական Արաբիայէն, Եգիպտոսէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն կը հնչեն ձայներ, որոնք կը խօսին նոր-օսմանականներուն մասին, Էրտողանի մասին: Այո՛, այսօր վախ կայ, որովհետեւ նոր -օսմանականները արդէն շրջանին մէջ են` Սուրիոյ մէջ, Իրաքի մէջ, Լիպիոյ մէջ: Արտօնէ՛ ինծի ըսել, մենք իբրեւ արաբներ ի՞նչ շահ ունինք մեր անկախութեան, արժանապատուութեան, քաղաքակրթութեան, ազգային հիւսուածքին հաշուոյն ամրապնդելու օսմանեան երազը: Այսօր կը խօսուի արաբական աշխարհին եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւններու մասին: Կը ներէք, բայց ինծի փորձեցէք ցոյց տալ այդ յարաբերութիւններէն իրականութիւն մը, որուն մէջ արիւն չըլլայ, սպանութիւն չըլլայ, տանջանք չըլլայ, սկսեալ` սուլթան Ապտիւլ Համիտի օրերէն, մինչեւ Էնվեր փաշայի օրերը, Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաները, որոնք սպաննեցին նաեւ արաբները», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Լիբանանի մէջ թրքական դրօշներ բարձրացնելու երեւոյթին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք իբրեւ հայկական արմատներ ունեցող լիբանանցի ոչ մէկ հարց ունի թրքական արմատներ ունեցող լիբանանցիին հետ:

«Սակայն Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կան միջպետական յարաբերութիւններ, եւ կարգ մը լիբանանցի ղեկավարներ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ են: Հաւանաբար տնտեսական շահերը շատ աւելի կարեւոր են, քան մեծ թիւով լիբանանցի քաղաքացիներու եւ ազգային գերիշխանութեան հասցէին հնչած անարգանքը: Կ՛երեւակայէք, որ Լիբանանի մէջ կայ քաղաքապետարան մը, որ Թուրքիոյ դրօշակ բարձրացուցած է քաղաքապետարանի մուտքին: Արդեօք մենք որեւէ ատեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին պաշտօնական լուսանկարը կախա՞ծ ենք տեղ մը: Ընդհակառակն` նոյնիսկ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին հետ մեր յարաբերութիւնը նման է այն յարաբերութեան, որ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւն մը կրնայ ունենալ որեւէ այլ դեսպանի հետ:

Իրենց յարաբերութիւնը ապառողջ է, բայց մեզի կը մեղադրեն Ցեղասպանութեան մասին խօսելով: Նոյնիսկ եթէ մի ոմն յայտարարութիւն կատարած է պատկերասփիւռի կայանէ մը, ապա ան թիրախ պէտք է դառնայ եւ ոչ թէ հայ համայնքը: Հայոց դէմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ կը լսենք Պէյրութի մէջ, եւ ոչ մէկ լիբանանցի պատասխանատու, ղեկավար կամ քաղաքական գործիչ կը հակազդէ եւ կը զգուշացնէ այդ արտայայտութիւններուն սադրանք ըլլալու բնոյթէն, իսկ ես, իբրեւ հայ համայնքի պատասխանատու եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ բոլոր հայորդիներէն կը խնդրեմ միայն դատարան ուղղուիլ. ո՛չ շրջուն շքախումբեր կազմել, ո՛չ դրօշակներ բարձրացնել եւ ո՛չ ալ ցոյցեր կատարել: Սա կը նշանակէ, թէ ես լիբանանեան պետութեան հաւատարիմ եմ, իսկ ուրիշին հաւատարմութիւնը այլ պետութեան է եւ ոչ լիբանանեան», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան շեշտեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրնան վերսկսիլ, երբ Թուրքիա կը ճանչնայ իր նախահայրերուն` Օսմանեան կայսրութեան գործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում կը հայցէ եւ կը հատուցէ:

«Մենք անկարելիի մասին չենք խօսիր: Բազմաթիւ երկիրներ ճանչցած են իրենց անցեալին գործած ոճիրները, սակայն ուրացումը համազօր է ոճիրին գործադրութեան: Եթէ Թուրքիա չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ մասին բան չխօսի տարբեր բան է, սակայն ուրացումը եւ ուրացումի քաղաքականութիւնը տարբեր է:

Թուրքիա թող չխօսի Ցեղասպանութեան մասին, սակայն թող չհիմնէ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք կը գործեն Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Լիբանան, մինչեւ կարգ մը արաբական երկիրներ, եւ թող չֆինանսաւորէ այդ միութիւնները, որոնց պարտականութիւնն է ըսել, որ Ցեղասպանութիւնը չէ գործուած: Պարզ օրինակ մը տալու համար, իմ հայրս տիգրանակերտցի է: Մեծ հայրս օսմանցի թուրքերուն կողմէ սպաննուած է: Հայրս Տիգրանակերտէն է եւ հասած է Լիբանան: Ես ինչո՞ւ Լիբանան կը գտնուիմ: Պատասխանը պարզ է` ժողովուրդս Ցեղասպանութեան ենթարկուած է», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Յայտագիրի աւարտին, երբ հաղորդավարը հարցուց, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մէկ բառով անդրադառնալ արաբական Արեւելքի մէջ հայութեան ապագային, Յ. Բագրատունի եզրափակեց ըսելով. «Դէպի աւելի լաւը»:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ԱՄՆ Կոնգրեսի տասնյակ անդամներ ոգեկոչել

ԱՄՆ Սենատի և Ներկայացուցիչների պալատի երկու կուսակցություններ ներկայացնող տասն

12 Մայիս 2025
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company