Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի հանդիպումը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ
29 Հուլիս 2020 Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ զրոյց ծաւալեցաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն շուրջ:Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, այսօր Չորեքշաբթի 29 Յուլիս 2020ին կէսօրուան ժամերուն, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար պրն. Նիքոս Տենտիաս, իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի այցելութիւնը։

Երկու ընկերները Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումներու սադրանքներն ու վերջին զարգացումները եւ շարունակաբար շեշտադրուող ապակառուցողական քաղաքականութիւնը, որ Թուրքիոյ հետ զուգորդուած կառաջնորդուի՝ սպառնալով տարածաշրջանային կայունութեան։
Զրոյցի առարկայ դարձան Յունաստանի դէմ կիրարկուած Թուրքիոյ գրգռումները ծովային շրջանին մէջ, Սուրբ Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելու սադրիչ իրողութիւնը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող ատելութեան քարոզարշաւներն ու բռնութիւնները Հայաստանի ու Արցախի դէմ։
Հ.Յ.Դ. ընկերները Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին հաւաստիացուցին Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդին հանդէպ հայութեան զօրակցական ու անվերապահ կեցուածքին մասին, գնահատելով բարձրամակարդակ համագործակցութիւնը եւ ջերմ յարաբերութիւնները։ Անոնք վստահեցուցին նաեւ թէ Հայ Դատի համասփիւռ ցանցը, իր աշխատունակ ու պատրաստակամ կեցուածքով, սատար կը հանդիսանայ Յունաստանի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան։