Բագրատունի Ընդունեց Կիպրական Պատուիրակութիւն Մը
12 Օգոստոս 2020
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կիպրոսէն հասած բժշկական-մարդասիրական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան տոքթ. Էլենի Թէոխարուսի:
Պատուիրակութիւնը հասած է Լիբանան` բժշկական օժանդակութիւն տրամադրելու աղէտեալներուն:
Հանդիպումէն ետք, Թէոխարուս պատրաստակամութիւն յայտնեց դեղորայքի եւ կաթնեղէնի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:
Տեղին է յիշել, որ բժիշկ երեսփոխանը 40 անգամ այցելած է Արցախ եւ կը նախագահէ Եւրոպական խորհրդարանի եւ Հայկական բարեկամական յանձնախումբերուն:
aztagdaily.com