Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի
14 Օգոստոս 2020 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Պէյրութի երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ Մտաուարի հայ թաղապետներուն, երէկ կէսօրին այցելեց Քարանթինայի շրջանի բնակիչներուն եւ ականատես եղաւ արձանագրուած քանդումներուն եւ վերանորոգման աշխատանքներուն:
Անցնող օրերուն, թէ՛ շրջանի ընկերները եւ թէ՛ թաղապետները արդէն իսկ անհրաժեշտ անմիջական դասաւորումները կատարած ըլլալով, բնակիչներուն հետ երկրորդ փուլի աշխատանքներուն մասին ծրագրում կատարուեցաւ:
Շրջանի պատասխանատուներուն փոխանցուեցաւ, որ հետեւողական կերպով անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարեն` թեթեւցնելու համար վնասուած հայորդիներուն դժուարութիւնները:
Նոյնանման այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Էշրեֆիէի շրջանին:
aztagdaily.com