Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
09 Սեպտեմբեր 2020
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու անյապաղ գործադրութեան կարելիութիւնները:
aztagdaily.com