Ջահերթ եւ յարգանքի տուրք՝ Արցախի մէջ զոհուած մեր հերոսներուն
09 Նոյեմբեր 2020
Հինշգաբթի Նոյեմբեր 5-ին, Մեծն Մոնթրէալի հայ համայնքը ներկայացաւ Լաւալի քաղաքապետարանին դիմաց, շնորհակալութիւն յայտնելու Արցախի անկախութեան ճանաչման բանաձեւի անցկացման առթիւ, ապա ջահերթ կատարեց դէպի Լաւալի Հայ Կեդրոն ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Արցախի մէջ զոհուած մեր հերոսներուն։
Մանրամասները՝ Մոնրէալի «Հայ Հորիզոն» հեռատեսիլի տնօրէնուհի Թամար Շահինեանի պատրաստած տեսանիւթում: