ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • Հայաստան
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Յօդուածներ

Քրիստափոր Միքայէլեան. Հայկական Յեղափոխութեան առաքելատիպ առաջնորդը

18 Հոկտեմբեր 2016

Ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ նոր ժա­մա­նակ­ներ թե­ւա­կո­խած հայ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ ցցո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ա­հագ­նա­ցու­մին հետ, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կը պայ­ծա­ռա­նայ դէմ­քը ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­քե­լա­տիպ ա­ռաջ­նոր­դին՝ ան­զու­գա­կան Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի, ո­րուն ծննդեան 157րդ ­տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Հոկ­տեմ­բեր 18ի այս օ­րը։
Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյնն ու «հայ­րա­կան» դէմքն է Ք­րիս­տա­փոր, որ իր մե­ծակ­շիռ ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան թա­ւալգլոր ան­կու­մի ըն­թաց­քը ոչ միայն կա­սեց­նե­լու, այ­լեւ ազ­գա­յին ու ըն­կե­րա­յին ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ յա­ռաջ մղե­լու սրբա­զան պայ­քա­րին՝ յա­րա­տեւ կռի­ւի շղթա­յա­զերծ­ման մէջ

Յե­ղա­փո­խա­կան կամք կռա­նե­լու եւ կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րանք կեր­տե­լու իր բնա­տուր տա­ղան­դով՝ Ք­րիս­տա­փոր կրցաւ հա­յոց ցի­րու­ցան եւ ե­սա­կեդ­րոն կամ­քե­րէն հա­ւա­քա­կան ու կազ­մա­կերպ ուժ ստեղ­ծել՝ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ան­մար կայ­ծե­րով բո­ցա­վա­ռած հայ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը կազ­մա­կեր­պա­կա­նօ­րէն միա­ձու­լե­լով եւ ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեամբ ու եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեամբ զի­նե­լով։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի կե­ցու­թեան ընդ­հա­նուր բա­րեշրջ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ դա­տին անն­կուն դրօ­շա­կիրն է Ք­րիս­տա­փոր, որ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, ան­յող­դողդ կամ­քով եւ ա­րու­թեան գոր­ծե­րով՝ գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան ան­վե­հեր եւ եր­կա­րա­շունչ պայ­քար շղթա­յա­զեր­ծեց՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մի պայ­քա­րու­նակ ու­ղին հար­թե­լով հա­յու­թեան պայ­ծառ գա­լի­քին առ­ջեւ։

Ք­րիս­տա­փոր մարմ­նա­ւո­րումն է, մա­նա­ւա՛նդ, ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի դաշ­տե­րէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լու ՀԱ­Յու հաս­տա­տա­կա­մու­թեան՝ դա­րե­րով գե­րու­թեան, անձ­նա­տո­ւու­թեան եւ մեղ­կու­թեան հա­մա­կեր­պած հայ մար­դոց­մէ կեր­տե­լով նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ՀԱ­Յը, ա­նոր մէջ ամ­րապն­դե­լով յա­նուն ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։

Մէկ խօս­քով՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ գա­ղա­փա­րա­կանն ու խոր­հուր­դը ա­ռա­ւե­լա­գոյն պար­զու­թեամբ ու խո­րու­թեամբ անձ­նա­ւո­րող ա­ռա­քեալն է Ք­րիս­տա­փոր, որ իր գա­ղա­փա­րա­կան-քա­ղա­քա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ եւ բա­րո­յա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան կեր­պա­րով՝ կը շա­րու­նա­կէ ներշնչ­ման աղ­բիւր եւ լու­սա­տու փա­րոս մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին զի­նո­ւո­րագ­րեալ ուխ­տա­ւոր­նե­րուն հա­մար։

Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ­Գողթն գա­ւա­ռի ­Վե­րին Ա­գու­լիս մեծ գիւ­ղի ծնունդ էր ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­քեա­լը։ ­Մա­նուկ տա­րի­քէն կեան­քի պայ­քա­րը սկսաւ Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար. 4 տա­րե­կան էր, երբ մայ­րը կորսն­ցուց, իսկ 10 տա­րե­կա­նին՝ հայ­րը։ ­Նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ եւ փայ­լուն ար­դիւն­քով ա­ւար­տեց զայն։

Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, տես­նե­լով եւ գնա­հա­տե­լով որբ ա­շա­կեր­տին ու­սում­նա­տեն­չու­թիւ­նը, յանձն ա­ռաւ հո­գալ Ք­րիս­տա­փո­րի հե­տա­գայ ուս­ման ծախ­սե­րը՝ պայ­մա­նաւ, որ ան յանձն առ­նէ վե­րա­դառ­նալ գիւղ եւ ստանձ­նել ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն։ Այդ­պէ՛ս, 1874ին, Ք­րիս­տա­փոր ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր եր­կու տա­րո­ւան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան պա­րապ­մուն­քէ ետք՝ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ու­սուց­չա­կան ­Ճե­մա­րա­նը, ո­րուն քա­ռա­մեայ ուս­ման շրջա­նը ա­ւար­տեց 1880ին՝ ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կով։

Ճե­մա­րա­նի տա­րի­նե­րը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խող Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար։ ­Ռու­սա­կան «­Նա­րոդ­նա­յա Վո­լիա» (­Ժո­ղովր­դա­յին ­Կամք) յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան վե­րել­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր եւ կով­կա­սա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­րած էր ա­նոր տա­րա­ծած ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն։ ­Հա­մա­ռու­սա­կան այդ շարժ­ման փա­րող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ան­մի­ջա­պէս միա­ցաւ նաեւ Ք­րիս­տա­փոր՝ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ սերտ կա­պեր հաս­տա­տե­լով եւ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն այդ կա­պե­րը ամ­րապն­դե­լով։

Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայր գիւ­ղը եւ եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։ Ու­սուց­չա­կան այդ տա­րի­նե­րը Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ ար­մա­տա­ւո­րե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան ու ըն­կեր­վա­րա­կան խոր հա­մո­զում­նե­րու տէր գոր­ծի­չը։ ­Տե­սաւ ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան գոր­ծած ա­ւե­րը ընդ­հան­րա­պէս գիւ­ղա­կան աշ­խար­հին եւ յատ­կա­պէս հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան մէջ։ ­Ծա­ռա­ցաւ այն ա­նար­դա­րու­թեանց եւ ա­նի­րա­ւու­թեանց դէմ, ո­րոնց կ­՚են­թար­կո­ւէր հայ ժո­ղո­վուր­դը ցա­րա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ հայ էր…

Ա­մառ­նա­յին իր ար­ձա­կուրդ­նե­րը ­Թիֆ­լիս ան­ցը­նե­լով, Ք­րիս­տա­փոր մօ­տէն շփում հաս­տա­տեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ե­րե­ւան ե­կած ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խմո­րում­նե­րուն հետ՝ յատ­կա­պէս Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հրա­տա­րա­կած «Մ­շակ»ին շուրջ խմբուած մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լով։ Այդ շրջա­նին է, որ Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ սկսաւ ձե­ւա­ւո­րո­ւիլ ազ­գա­յին հո­ղի վրայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու գա­ղա­փա­րը։

Եւ երբ 1885ին ցա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց փա­կել 400 հայ դպրոց­ներ՝ ա­նոնց 20.000 ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ 3000 ու­սու­ցիչ­նե­րը փո­ղոց ձգե­լով, Ք­րիս­տա­փոր իր ըն­կեր­նե­րով ձեռ­նար­կեց ժո­ղո­վուր­դին մէջ թռու­ցիկ­ներ բաժ­նե­լու եւ բո­ղո­քի ա­լիք բարձ­րաց­նե­լու շար­ժու­մին։ ­Բայց քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն, այլ մա­նա­ւանդ յե­ղա­փո­խա­կա­նօ­րէն դեռ հա­սուն­ցած չէր հա­յու­թիւ­նը եւ Ք­րիս­տա­փոր չգտաւ այն ար­ձա­գան­գը, որ 1903ին պի­տի ա­ռա­ջա­նար հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման դէմ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած բո­ղո­քի շար­ժու­մին շուրջ։

1885ի վեր­ջե­րուն, մե­ծա­նուն վի­պա­սան ­Րա­ֆիի բա­րե­խօ­սու­թեամբ, ­Մոս­կո­ւա­յի մե­ծա­հա­րուստ ­Մել­քոն ­Գաս­պա­րիչ ­Փա­նեան­ցէն նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն գտնե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր մեկ­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա, որ­պէս­զի բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւի։ ­Բայց մէկ կող­մէ նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ յե­ղա­փո­խա­կան տրա­մադ­րու­թեանց բոր­բո­քու­մը մղե­ցին Ք­րիս­տա­փո­րը, որ եր­կու տա­րի ետք, կի­սատ ձգե­լով հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը, վե­րա­դառ­նայ ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նե­տո­ւի յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի աս­պա­րէզ։

Ար­մե­նա­կան եւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն կեան­քի կո­չո­ւած էին, բայց տա­կա­ւին մեծ էր թի­ւը այն խմբակ­նե­րուն, ո­րոնք ­Կա­րի­նէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս եւ ­Մոս­կո­ւա՝ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­մի բուռն խմո­րում­նե­րու մէջ էին, բայց միա­ւո­րո­ւած չէին եւ ցի­րու­ցան վի­ճակ մը կը պար­զէին։ Ք­րիս­տա­փոր ձեռ­նար­կեց ե՛ւ նո­րաս­տեղծ զոյգ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ե՛ւ ան­ջա­տա­բար պայ­քա­րի լծո­ւած խմբակ­նե­րը ի­րա­րու մօտ բե­րե­լու եւ միաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։ ­Թէեւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ­Ռու­բէն ­Խա­նա­զատ հա­մա­ձայ­նու­թիւն յայտ­նեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մը մէջ բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ի մի բե­րե­լու գա­ղա­փա­րին, բայց Հն­չա­կեան կեդ­րո­նը հե­տա­գա­յին մեր­ժեց միա­նալ եւ այդ­պէ՛ս, 1890ի ամ­րան, Ք­րիս­տա­փո­րի եւ ­Զա­ւա­րեա­նի ջան­քե­րով, ծնունդ ա­ռաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։

Նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր աշ­խար­հա­յեաց­քի տէր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու միա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ ա­ռանց­քա­յին ե­ղաւ Ք­րիս­տա­փո­րի անձ­նա­կան ներդ­րու­մը։ ­Յատ­կա­պէս իր նկա­րագ­րով՝ Ք­րիս­տա­փոր յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել գա­ղա­փա­րա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան եւ գործ­նա­կան այն ընդ­հա­նուր ա­ւա­զա­նը, ուր ի­րա­րու կա­պուե­ցան անխ­տիր բո­լո­րը՝ եր­կու տա­րի ետք, 1892ին, դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­ծո­ւե­լու հա­մար ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մար­տա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման ու հզօ­րաց­ման հու­նի մէջ մտցնե­լու դժո­ւա­րին աշ­խա­տան­քը։ ­Զա­ւա­րեա­նի եւ ­Ռոս­տո­մի հետ գոր­ծակ­ցա­բար, Ք­րիս­տա­փոր ա­մուր հի­մե­րու վրայ դրաւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ը, ո­րուն է­ջե­րուն լոյս տե­սան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ծ­րա­գիրն ու քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը հիմ­նա­ւո­րող Ք­րիս­տա­փո­րի ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը։ Ք­րիս­տա­փոր նաեւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Ժը­նեւ՝ «Դ­րօ­շակ»ի կող­քին ար­տա­սահ­մա­նեան քա­րոզ­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու, «Փ­րօ Ար­մե­նիա»ն ­հիմ­նե­լու եւ Երկ­րի մէջ ծա­ւա­լած կեն­դա­նի պայ­քա­րին ի սպաս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին հա­յան­պաստ շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար։

Ար­դէն իր ու­ղին գտած եւ գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը մե­ծա­պէս ընդ­լայ­նած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ դրո­ւե­ցան 1890ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն։ ­Յե­ղա­փո­խա­կան բուռն կռի­ւը զէն­քի եւ զի­նամ­թեր­քի յա­րա­ճուն աղ­բիւր­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը շեշ­տած էր, իսկ հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ան­յա­ջո­ղու­թիւ­նը պատ­րո­ւակ գոր­ծա­ծե­լով, ընդ­հան­րա­պէս վար­կա­բե­կել կը փոր­ձէր հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։ Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ ձեռ­նար­կեց «­Փո­թո­րիկ»ին, որ հայ ու­նե­ւոր խա­ւը դրաւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ, ի հար­կին ծան­րա­գոյն պա­տի­ժի են­թար­կե­լով ­Ժամ­հա­րեա­նի օ­րի­նա­կով այն մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը, ո­րոնք ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը խնդրե­ցին ընդ­դէմ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն։

Վ­րայ հա­սան պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծակշիռ զար­գա­ցում­ներ. հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման ցա­րա­կան հրա­մա­նա­գիրն ու ա­նոր դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը. ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թիւնն ու հա­մի­տեան նոր ջար­դեր։ Ք­րիս­տա­փոր իր տա­րեր­քին մէջ էր՝ բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ յե­ղա­փո­խա­կան կռո­ւի վճռա­կա­նու­թեան թափ տա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծը ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լով, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ի նպաստ հա­յու­թեան ազ­դու շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լով։

Ա­հա այդ մթնո­լոր­տին մէջ, Ք­րիս­տա­փոր Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցուց «­Կար­միր Սուլ­թան»ը ա­հա­բե­կե­լու ծրա­գի­րը, ստա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կամ­քը ներ­կա­յաց­նող ժո­ղո­վին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ ան­ձամբ լծո­ւե­ցաւ ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը ու­րիշ եւ դառ­նա­գոյն վախ­ճան վե­րա­պա­հած էր ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­քե­լա­տիպ ա­ռաջ­նոր­դին։ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին, ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ, Վ­ռամ­շա­պուհ ­Քեն­տի­րեա­նի հետ ռում­բի փոր­ձարկ­ման պա­հուն, ­Մեծ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը իր զի­նա­կի­ցին հետ զոհ գնաց ռում­բի ա­պա­ժամ պայ­թու­մին…
Հա­զիւ 46 տա­րե­կա­նին կտրո­ւե­ցաւ կեան­քի թե­լը Ք­րիս­տա­փո­րի։

Իր նա­հա­տա­կու­թեամբ եւս, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նոր­դը պատ­մա­կան օ­րի­նակ մարմ­նա­ւո­րեց։ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ղե­կա­վա­րը սե­փա­կան օ­րի­նա­կը տո­ւաւ յա­նուն գա­ղա­փա­րի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան։

Եւ որ­քան տա­րի­նե­րը կ­՛անց­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն մօտ ա­ւե­լիով կ­’ար­մա­տա­ւո­րո­ւի հմայքն ու խոր­հուր­դը Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան ա­նուն ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նին, որ 157 տա­րի ա­ռաջ իր աչ­քե­րը բա­ցաւ հա­յոց բազ­մա­չար­չար հայ­րե­նի­քին մէջ, որ­պէս­զի իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, եր­կա­թեայ կամ­քով եւ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս փշրէ դա­րա­ւոր ստրկու­թեան շղթա­նե­րը եւ կեր­տէ ­Հա­յու ար­դի կեր­պա­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան հա­մար յա­րա­տեւ կռո­ւի պատ­րաստ անն­կուն ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը։

Ք­րիս­տա­փոր իր բո­լոր ու­ժե­րով հա­ւա­տա­րիմ մնաց մէկ ու միակ դա­ւա­նան­քի, այ­լեւ՝ Ար­դա­րու­թեան եւ Ի­րա­ւուն­քի մէկ ու միակ հա­ւա­տամ­քի, որ խտա­ցաւ դա­րե­րուն ուղ­ղո­ւած իր յան­դուգն պատ­գա­մին մէջ.-
«­Պատ­ռել է հար­կա­ւոր քար­տէս­նե­րի վրայ այս կամ այն ա­ւա­զա­կա­պե­տի կամ­քով գծո­ւած սահ­ման­նե­րը, ջնջել է հար­կա­ւոր այն աշ­խար­հագ­րա­կան ներ­կե­րը, ո­րոնք մեզ բա­ժա­նում են ի­րա­րից եւ ո­րոնք առ­հա­սա­րակ մշտա­կան չեն, իսկ եր­բեմն շատ կար­ճա­տեւ են լի­նում։

«Ո՛չ մի բռնու­թիւ­ն , ո՛չ մի հա­լա­ծանք, ո՛չ մի սահ­ման չէ կա­րող բա­ժա­նել մի ժո­ղո­վուրդ, ե­թէ նա տո­գո­րուած է ընդ­հա­նուր շա­հե­րի գի­տակ­ցու­թեամբ, ու­նի նաեւ կռո­ւե­լու ան­սա­սան վճռո­ղա­կա­նու­թիւն եւ կա­պո­ւած, միա­ցած է դա­րե­րով սնո­ւած ու պահ­պա­նո­ւած ընդ­հա­նուր բնազդ­նե­րի ու զգաց­մունք­նե­րի ա­ռողջ զար­կե­րով»։

Ն.
«ԱԶԱՏ ՕՐ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրնական վարչութեան յայտարար

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայա

16 Հունիս 2025
Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ

1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ` պատմական շարունակականութիւն եւ ներկ

16 Հունիս 2025
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գե

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպության 28-րդ Գերագույն ժողովը գումարվեց Հայաստանի Հանրա

16 Հունիս 2025
Ակնարկ.- Իրանի վրայ յարձակումին յայտար

Աշխարհը արդէն սկսած է հաշուել Իրանի վրայ Իսրայէլի յարձակման եւ Իրանի ինքնապաշտ

16 Հունիս 2025
Ավարտվել է ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպությ

Հունիսի 15-ին Հայաստանում իր աշխատանքներն է ավարտել ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութ

15 Հունիս 2025
Թեհրանի ռմբակոծությունից վնասվել է հայ

Իրանում, իհարկե, փաստացի պատերազմական իրավիճակ է, բոլորը սպասողական վիճակում ե

15 Հունիս 2025
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի լույս 13-ի գիշերը Իսրայելի ռազմաօդային ուժերը զանգվածային հարվածներ են

14 Հունիս 2025
Սարգիս Ազնաւորեանի Նահատակութեան 40-Ամ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեա

13 Հունիս 2025
Իրանում հայեր չեն տուժել, զոհեր և վիրա

Իսրայելի կողմից Իրանին հասցված հարվածներն ունեցել են կոնկրետ թիրախային բնույթ,

13 Հունիս 2025
Իրանը լուրջ պատասխան է պատրաստում

Իսրայելն այս գիշեր հարվածներ է հասցրել Իրանին: Կան բազմաթիվ զոհեր և վիրավորներ

13 Հունիս 2025
Եթե ԱՄՆ–ն չզսպի Իսրայելին, ռիսկային վի

Հերթական անգամ փորձում են հարվածել Իրանին. վիճակը դեռ անորոշ է, այս պահին հնար

13 Հունիս 2025
ՀՕՄ-ը հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր

Ամեակներու նշումը վերանորոգումի, ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարու

13 Հունիս 2025
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 10 յունիս 2025-ին սկսան

13 Հունիս 2025
«Ռազմիկ» Կը Շարունակէ Մնալ Երիտասարդու

Այսօր մեզի համախմբողը «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթն է: Հաւաքուած ենք այսօր հաղորդակից

12 Հունիս 2025
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիր

Ահաւասիկ քանի մը տարիներու տպագիր ձեւաչափով բացակայութենէն ետք, այս տարի տպագի

12 Հունիս 2025
Տեղի կունենա ՀՅԴ Հայաստանի 28-րդ Գեր

2025 թվականի հունիսի 13-15-ը տեղի է ունենալու ՀՅԴ Հայաստանի 28-րդ Գերագույն ժո

12 Հունիս 2025
Խմբագրական. Պատերազմ, որում պէտք է յաղ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու եւ նրա սպասաւորների դէմ ՀՀ վարչապետի աթ

12 Հունիս 2025
Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միա

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու կամ պաշտօնանկ ընել

12 Հունիս 2025
Հետեւողական Եւ Կազմակերպուած Պայքարի Դ

Ազգը այն հաւաքականութիւնն է, որ կը բնորոշուի` իր պատմական միասնական զարգացումո

11 Հունիս 2025
Ֆրանսիայի Հայկական Կազմակերպություններ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կրկնվող հարձակումները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դեմ, ն

11 Հունիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company