Շուշիի ազատագրումը. Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին եւ միասնական ուժին Յաղթանակի խորհրդանիշը
09 Մայիս 2013
8-9 Մայիսը պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց յուշատետրին մէջ 1992ին, երբ Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսա կան զաւակներուն ռազմական բացառիկ սխրանքով։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս Մայիս 9ին կը մեծարէ «Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի» պետական տօնը։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնացոյցով Մայիս 9ն հռչակուած է «Յաղթանակի Օր»։
Թէ՛ իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի յանդուգն նախաձեռնութիւն եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ ռազմական փայլուն գործողութիւն, Շուշիի ազատագրման միօրեայ յաղթական գրոհը, որ սկսաւ 8 Մայիս 1992ի գիշերը, ազգային-քաղաքական իր նշանակութեամբ կարեւորագոյն դարձակէտ մը խորհրդանշեց հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան համար։
Շուշիի Յաղթանակը հանդիսացաւ Արցախի իրողական ազատագրութեան ռազմական անկիւնաքարը։
Աւելի՛ն. Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը ոչ միայն յաղթական հիմը դրաւ Արցախի վերատիրացման պայքարին, այլեւ՝ ռազմաքաղաքականօրէն ապահովեց վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը։
Բարձրանիստ բերդաքաղաքի անառիկ իր դիրքով յատկանշուող Շուշին ոչ միայն վերջին քսանամեակին, այլեւ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան բոլոր թէժ պահերուն, բայց յատկապէս 17րդ դարէն սկսեալ թափ առած հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի բախտորոշ բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին, խորհրդանշած է հայկական ինքնութեան, ինքնուրոյնութեան եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային կամքին բարձունքներէն մէկը՝ անառիկ եւ հերոսական։
Միջին դարերուն Շիկաքար բերդաքաղաքի անունով հռչակուած Շուշին մեր ժամանակները թեւակոխեց իբրեւ հայկական լեռնաշխարհի եզակի արծուեբոյններէն մէկը։ Հակառակ դարերու ընթացքին կատարուած այլացեղ ասպատակութեանց եւ բռնագրաւող ուժերու կողմէ նախաձեռնուած՝ հայկական այս հինաւուրց ոստանը օտարամուտ տարրերով բնակեցնելու եւ հայաթափման ենթարկելու փորձերուն, Շուշին ե՛ւ պահպանեց հայկական իր ազգային դիմագիծը, ե՛ւ դարձաւ հայ մշակոյթի ու դպրութեան, այլեւ հայ քաղաքական մտքի ու ռազմական տաղանդի զարգացման կարեւորագոյն բնօրրան մը։
1895ին Շուշի անդրկովկասեան յայտնի գիւղաքաղաք էր 30 հազար բնակչութեամբ, որուն 21 հազարը հայ էին։ Շուշիի Թեմական դպրոցը կը հանդիսանար, ատենին, ողջ հայաշարհի կրթական հինգ կարեւոր կրթօճախներէն մէկը, ուր թրծուեցան թէ՛ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գլխաւոր դէմքերէն շատեր, թէ՛ հետագային՝ խորհրդային դարաշրջանին, Կարմիր Բանակի մեծանուն զօրավարներ դարձած հայ գործիչներ։
Հայաստանի անկախութեան կերտման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաւորման տարիներուն, 1918-1921 թուականներուն, Շուշին առաջաւոր դիրքը եղաւ Հայկական Դիմադրութեան՝ արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւման սպառնացող թուրք-թաթար ազերիական վտանգին եւ ներխուժման փորձերուն դէմ։ Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը ղեկավարելով՝ Շուշի հերոսաբար դիմադրեց Համաթրքական հայասպան վտանգին եւ տեղի տուաւ միայն Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ Ստալինեան կամայականութեամբ պարտադրաբար կցուեցաւ Խորհրդային Ադրբեջանին իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ։
Խորհրդային լուծի տակ Շուշին հետեւողականօրէն ենթարկուեցաւ ատրպէյճանական հայաթափման քաղաքականութեան, բայց արցախահայութիւնը երբեք չհամակերպեցաւ ճնշումներուն։ Իսկ երբ 1988ին արցախայութիւնը բարձրացուց Հայաստանի հետ Միացման դրօշը, ազերիական բանակին անառիկ յենակէտը դարձած Շուշին պատուհաս դարձաւ ողջ Արցախի գլխուն, յատկապէս իր անմիջական ստորոտը գտնուող Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մնայուն ռմբակոծումի տակ առնելով։
Այս բոլոր առումներով հայկական հերոսութեան ու դիւցազնական խոյանքի փառահեղ մարմնաւորումը եղաւ 8-9Մայիս 1992ի Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը, որ պատմական նշանակութիւն զգեցաւ նաեւ իր առաջացուցած համահայկական ազգային միասնականութեամբ։
Հայկական գրոհը սկսաւ բոլոր ուղղութիւններով՝ Արցախեան Ազատամարտին զինուորագրուած հայ մարտիկներու բոլոր միաւորներուն մասնակցութեամբ, կանոնաւոր բանակայիններ ըլլային անոնք թէ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ սփիւռքեան հայօճախներէն Արցախ փութացած նորօրեայ ֆետայիներ։ Դաշնակցութեան դրօշին տակ համախմբուած ազատամարտիկներ ըլլային անոնք, թէ 1988ի համաժողովրդական շարժման ալիքին հետ կեանք առած ջոկատներու անդամ «մահապարտներ» կամ «երկրապահ կամաւորականներ»։
Անշուշտ, յանդուգն այդ գրոհին ընթացքին, առասպելատիպ հայ հերոսներու արիւնէն ծանր գին վճարեցինք անառիկ Շուշին ազատագրելու համար։ Բայց ազատութեան եւ յաղթանակի ուղին միշտ ալ արեամբ ներկուած է եւ, կռուի դաշտին վրայ ինկած նոյն այդ հերոսներու արեան գնով, թանկագին իր արժէքն ու նշանակութիւնը նուաճած է ազատագրական պայքարի իւրաքանչիւր յաղթանակ ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ՝ բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։
Հայոց յուշատետրի 8-9 Մայիսի էջով՝ Շուշիի ազատագրութեան այս փառապանծ յաղթանակին մէջ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր նախ կ՛արժեւորենք մեր ժողովուրդի արի այրերուն միասնական յանդգնութիւնն ու հերոսութիւնը։
8 Մայիս 1992ի գրոհով հայկական ուժերը նուաճեցին երազը, ազատագրեցին Շուշին եւ ճամբան հարթեցին Հայաստանի հետ սահմանի ողջ երկայնքով Արցախի վերատիրացումին։
Արցախի իրողական ազատագրումին եւ Հայաստանի հետ միացումին ամրակուռ անկիւնաքարը հանդիսացաւ Շուշիի վերատիրացումը։
Մայիս 8-9ի ամենամեայ ոգեկոչումը կը ծառայէ շեշտելու, Յաղթանակի Օրուան փառաբանանքին կողքին, միաժամանա՛կ, Շուշիի վերաշինութեան, վերաբնակեցման ու նորովի ծաղկման պայքարին համազգային ուժերով լծուելու հրամայականն ու պարտաւորութիւնը։
Շուշիի ազատագրութեան համար իրենց գերագոյնը նուիրաբերած հայ ժողովուրդի մեծ ու հերոս զաւակներներուն պարտք ենք, ամէն բանէ վեր, ամբողջ Արցախի իրողական անկախութեան եւ Հայաստանի հետ միութեան պահպանումն ու նաեւ իրաւական ճանաչումով հաստատագրումը։
Շուշիի ազատագրութեան համար թափուած հայ հերոսներու արիւնը արդէն դարձած է սրբազան Կտակ՝ արեամբ նուաճուածը ամէն գնով պահպանելու, այլ մանաւանդ զարգացման ուղիով արմատաւորելու եւ անդառնալիօրէն հայացնելու, իբրեւ ազգային անկորնչելի հարստութիւն գալիք սերունդներուն աւանդ յանձնելու։
Որպէսզի միշտ հպարտութեամբ յիշատակուի փառքը 8-9 Մայիս 1992ին հայ ժողովուրդի բացած լուսաւոր դարաշրջանին՝ հայոց պատմութեան մերօրեայ մեծագոյն յաղթանակին։
Ն.
azator.gr