Յանձնառու Կը Մնամ Ստանձնած Պատասխանատուութեանս
04 Փետրվար 2019 Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան, իր ստանձնած պատասխանատուութեան, երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու հսկայ պատասխանատուութեան, ժողովուրդին կարիքները հոգալու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի յարաբերութիւններուն:«Ճիշդ է, որ կառավարութեան դիմաց լուրջ մարտահրաւէրներ կան, սակայն զբօսաշրջութեան նախարարութեան մասին կրնամ աւելի մեծ յոյսերով խօսիլ: Հաւանաբար նախորդ երկու տարիներու աշխատանքս եթէ սկսնակ նախարարի աշխատանք էր, սակայն հիմա կրնամ ըսել, թէ նախարարութիւնը կրցաւ իրագործումներ արձանագրել եւ որոշ աշխուժութեամբ գործել: Երբ նոյն կուսակցութեան եւ կառավարութիւնը կազմող պատասխանատուներուն կողմէ կը վերանշանակուիս, ապա ատիկա կը նշանակէ, թէ քեզմէ պահանջուածը աւելին է: Այս մարտահրաւէրը զիս չի վախցներ, որովհետեւ յստակ պատկերացում մը ունիմ, որ յաջորդ փուլին ի՛նչ ձեւով պիտի գործենք զբօսաշրջութեան մարզին մէջ», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ անոր ներկայացուցիչին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որոնց վստահութեան շնորհիւ ինք դարձեալ նախարար նշանակուեցաւ: «Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որ մեծ ճիգեր ի գործ դրաւ, որպէսզի մենք զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ստանձնենք, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան իրաւունքը պահպանուի: Կ՛ողջունեմ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ իր ցուցմունքներով միշտ կը քաջալերէ աշխատանքը եւ անձամբ կը հետեւի զբօսաշրջութեան մարզի աշխատանքին: Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ նախագահ Աուն ամէն ամիս կը կապուի հարցնելու նախարարութեան աշխատանքին եւ արձանագրուած զարգացումներուն մասին», յայտնեց ան:
Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին` կառավարութեան կազմութեան իմաստով անոր թափած ճիգերուն համար:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ իր ստանձնած պատասխանատուութեան եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ զբօսաշրջական բոլոր չափանիշները ունեցող Լիբանանին պէտք եղած շուկայադրումը ապահովուի եւ զբօսաշրջութեան մարզը հասնի այն մակարդակին, որ ան աշխուժացնէ երկրին տնտեսութիւնը:
Ան նշեց, որ ինք նախարարութեան մէջ կ՛աշխատի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելով եւ ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումին: «Կը հաստատեմ, որ աշխատանքը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի, եւ կ՛ակնկալեմ, որ կառավարութիւնը գործակցի զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ, որովհետեւ կան որոշումներ, որոնք պէտք է կառավարութեան կողմէ տրուին, նախքան կառավարութեան աշխատանքի սկսիլը», յայտնեց ան:
Նախարար Կիտանեան նախատեսեց, որ կառավարութեան մէջ համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը առկայ ըլլան, եւ նախագահ Աունի իշխանութեան օրով արձանագրուին շարք մը նուաճումներ:
Ան նշեց, որ եթէ որեւէ պարագայի այն տպաւորութիւնը ստեղծուի, թէ ոմանք կը փորձեն իրագործում մը ձախողցնել, ապա պէտք է յստակ որոշում տրուի եւ սանձուի այդ փորձը: «Ի վերջոյ մենք պաշտօն ստացած ենք ծառայելու համար ժողովուրդին: Եթէ ձախողինք մեր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ, ժողովուրդը ինքնաբուխ կերպով պէտք է յայտնէ իր դժգոհութիւնը: Երկրին մէջ այլեւս իրաւունք չունինք ելեկտրականութեան, ջուրի եւ աղբի մասին խօսելու, որովհետեւ անոնք քաղաքացիին տարրական կարիքներն են, որոնք պէտք է լիովին բաւարարուին», յայտնեց ան:
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ անիկա որոշ չափով նման պիտի ըլլայ նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին:
Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան նշեց, որ Սուրիա պիտի վերադառնայ Արաբական լիկա, որովհետեւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ան կրցած է տապալել ահաբեկչութիւնը եւ յաղթական դուրս գալ, ինչ որ արաբական կարգ մը երկիրները մղած է իրենց յարաբերութիւնները վերականգնելու անոր հետ: «Հետեւաբար Լիբանանը, որ Սուրիոյ դրացի երկիր է, եւ երկրին գրեթէ բոլոր սահմանները անոր կից կը գտնուին, հիմնական տարակարծութիւններ պէտք չէ ունենայ Սուրիոյ հետ: Իսկ եթէ նաեւ կան հիմնական հարցեր, ապա երկխօսութեամբ, հանդիպումներով եւ խորհրդակցութեամբ կարելի է անոնց լուծումներ գտնել: Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ, որոնք պէտք է պահպանուին եւ իրենց բնականոն վիճակին վերադառնան` երկու պետութիւններուն միջեւ: Ի վերջոյ կան երկու երկիրներու միացեալ շահեր, որոնք պէտք է պաշտպանուին», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Լիբանանը իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ կառավարութեան գործունէութիւնը այդ իմաստով շատ կարեւոր պէտք է ըլլայ` ընդգծելով, որ երկիրը իր այս վիճակէն փրկելը անկարելի չէ, սակայն պէտք է սեղմումներու դիմենք եւ սերտուած ծրագիրներ գործադրելով կատարենք այդ բոլորը: Այս ուղղութեամբ ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի պեղումները արդիւնաւէտ ըլլան»:
aztagdaily.com