Համազգայինի 90-ամեակի Նախաձեռնութիւններու Եզրափակիչ Հանդիսութիւն
25 Փետրվար 2019 «90-ամեայ Համազգայինը Ունի Իր Յիշարժան Հերոսական Անցեալը, Ներկայի Արդիականացման Գործընթացը Եւ Տեւաբար Կը Մտածէ Ապագայի Իր Հաւանական Ընելիքներուն Մասին» Հաստատեց Մկրտիչ ՄկրտիչեանՀամազգայինի 90-ամեակ… Առիթ` վերյիշելու պատմութիւնը, յարգանք եւ շնորհակալութիւն յայտնելու կրթական ու մշակութային մեծ առաքելութիւն ծաւալած այս միութեան հիմնադիրներուն նկատմամբ, երախտագիտական զգացումներ արտայայտելու հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անձնական կեանքին մէկ կարեւոր բաժինը անանձնականացուցին` Համազգայինի յարատեւման, անոր գործունէութեան ծիրի ընդարձակման, տարբեր բնագաւառներու մէջ յաջողութիւններու կերտման վեհ նպատակին համար: Առիթ` 90 տարուան հաշուետուութեամբ ներկայանալու հանրութեան եւ հաստատելու, որ 9 տասնամեակ ետք միութիւնը հաւատարիմ է հիմնադիրներու կտակին, յայտարարելու, որ, հակառակ տարիներու թաւալքին, սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ պայմաններու փոփոխութեան, մարտահրաւէրներու բազմացման, տակաւին Համազգայինի երդիքին տակ կը հնչեն հայ երգն ու երաժշտութիւնը, իրերայաջորդ սերունդներ պար կը բռնեն, կը նկարեն ու կը ստեղծագործեն, հայ գիր, գիրք ու գրականութիւն կը պահուի ու կը տարածուի, ճեմարաններ կը շարունակեն սերունդներ դարբնել ու ազգի ապագայ ծառաներ պատրաստել…
Համազգայինի 90-ամեակը երէկ` կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ տպաւորիչ հանդիսութեամբ, որ լաւագոյն ապացոյցն էր միութեան առաքելութեան յաջողութեան, որովհետեւ բեմին վրայ գեղեցիկ ու խօսուն ներկայութիւն էին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի աշակերտներն ու ուսուցիչները, հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ, Համազգայինի պատասխանատուներ, նաեւ, հպարտօրէն, այս միութեան տարբեր բնագաւառներուն ծառայած նուիրեալներ, որոնց պարգեւատրումը սիրտ լեցնող է բոլորին համար: Տարբեր սերունդներ, Հայաստանն ու սփիւռքը, հայերէն խօսող, երգող, պարող եւ նուագող նորահասներ, ներկայիս միութեան երթին համար գործողներ եւ երախտաւորներ… Մանրանկար մը` 90 տարուան ուղիին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին, հանդիսութեան բացումը կատարեցին, մէջընդմէջ Համազգայինի հիմնադիրներուն, գործունէութեան, աշխատանքային տարբեր բնագաւառներուն ու առաքելութեան մասին խօսեցան եւ յայտագիրը վարեցին հայրենի արուեստագէտներ, Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի պետական թատրոնի անդամներ Տաթեւ Ղազարեանն ու Արման Նաւասարդեանը:
Ապա «Տաւիղ» նուագախումբը հանդէս եկաւ կոմիտասեան եւ ժողովրդական մեղեդիներու շարանով մը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան, որ անդրադարձաւ մշակոյթի կարեւորութեան` իբրեւ մարդկութեան գոյութեան ու յարատեւման հիմնական ազդակ, եւ հաստատեց, որ այս հաւատքով ու համոզումով 90 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած, անկախութիւն կերտած եւ անոր անկումը ապրած, հայրենիքէն վտարանդի այդ օրերու ղեկավարները ձեռնարկեցին հիմնադրութեան Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան, որ իր ուսերուն առաւ հայապահպանման ծանր պատասխանատուութիւնը: Խօսելով 90 տարի առաջ Եգիպտոսի մէջ կատարուած այս կարեւոր նախաձեռնութեան մասին` Պ. Ծառուկեան ըսաւ. «Այդ հսկաները ո՛չ միայն ցաւը ամոքելու համար լոյս աշխարհ կը բերեն հայ կրթական ու մշակութային միութիւնը, այլ անկէ շատ աւելի հեռուն տեսնելով, պատկերացնելով մեր օրերու հայ ժողովուրդին ու ղեկավարութեան դիմագրաւելիք դժուարութիւնները, այդ օրերու ծանր պայմաններուն մէջ կը ստեղծէին Համազգայինը` դիւրացնելու համար մեր այսօրուան գործը»: Ան շարունակեց, որ Համազգայինը ճիւղաւորուելով զանազան գաղութներու մէջ, կը հաստատէ կրթական օճախներ, թատրոն, երգչախումբ, պարախումբ, հրատարակչութիւն, նկարչութիւն ու երաժշտութիւն:
Ապա ան անդրադարձաւ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն եւ մեզմէ եղած ակնկալութիւններուն. «Մակերեսայնացման այս 21-րդ դարուն, երբ մարդկային բոլոր արժէքները նահանջած են, չըսելու համար` թաղուած, մեզմէ կը պահանջուի յաւելեալ հաւատք, այո՛, հաւատք ու կա՛մք` այն հզօր հաւատքին ու կամքին նման, զորս ունեցան մեր առաջին անկախութիւնը կերտած ղեկավարները, Համազգայինը լոյս աշխարհ բերողները, որոնք, յաղթահարելով ամէն խոչընդոտ, ամէն դժուարութիւն, հայ ժողովուրդի նիւթական ու կենսամակարդակի ամէնէն տկար տարիներուն յաջողեցան իրականացնել աներեւակայելին»: Եզրափակելով` Պետիկ Ծառուկեան յայտնեց, որ այսօր մենք պարտինք գուրգուրալ ու լաւապէս պահպանել Համազգայինը, որպէսզի անիկա ո՛չ միայն մնայ իր բարձունքին վրայ, այլ նաեւ այս դարու պահանջներու մակարդակին:
Անկէ ետք շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը. «Գայեանէ» պարախումբի անդամները բեմը զարդարեցին «Հերոսական պալլատ» պարով, որմէ ետք Արման Նաւասարդեան հնչեցուց Լեւոն Շանթի «Նաղաշի ճառը»` իբրեւ անժամանցելի պատգամ: Զարուհի Պապայեանի երգերը նուիրուած էին «Հայի աչքեր»-ուն եւ հերոս զինուորներուն` «Գովք ֆետայուն»:
«Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի լարային եռեակի անդամները` Յովհաննէս Գարախանեան` ջութակ, Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնամուր, Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ, նուագեցին Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ պալէ»-էն «Օրօր»-ը եւ «Դիմակահանդէս»-էն «Վալս»-ը:
«Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի, երգեցին «Փուր թուա Արմենի» եւ «Երեւան-էրեբունի» երգերը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ ըսաւ, թէ ցարդ տեղի ունեցած յոբելենական հանդիսութիւններու ընթացքին առաւելաբար խօսուած է Համազգայինի ընթացիկ գործունէութեան, անաւարտ ծրագիրներուն եւ առհասարակ Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքին մասին, ուստի ան իր երէկուան խօսքին մէջ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի հիմնադիրները, ընդհանրապէս անոնց սերունդը եւ անոր պատգամէն բխող ու անոր հետեւութեամբ հեռաւոր ապագայի մը հաւանական ծրագիրներն ու գործունէութիւնը:
«Համազգայինի հիմնադիր խումբը կազմուած էր թիւով ինը անհատներէ. ան կը բաղկանար հռչակաւոր մտաւորականներէ, հեղինակութիւն դարձած համբաւ վայելող մարդոցմէ եւ գործարարներէ. անոնք էին` Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Գասպար Իփէկեան, Մինաս Խաչատուրեան, Յակոբ Պալըգճեան, Ստեփան Եսայեան, Սարգիս Մալխասեան եւ Սեդրակ Պալըգճեան: Համախմբուած էին միտքն ու գործնական միջոցը. գաղափարն ու նիւթը` կամ նիւթական գոյացնելու կարողութիւնը: Համազգայինի հիմնադիրներուն մէջ կը զատորոշուին, անշուշտ, առաջին երեքը` Համօ Օհանջանեանը, Նիկոլ Աղբալեանն ու Լեւոն Շանթը, ո՛չ միայն ատենին իբրեւ հանրածանօթ մտաւորականներ կամ ազգային գործիչներ, այլ նաեւ` իրենց այլազան դրական յատկանիշներով», շեշտեց ան: Մ. Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ Համօ Օհանջանեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախագահն էր` ընկերութեան հիմնադրութենէն մինչեւ իր մահը` 1947-ին, նաեւ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կեդրոնական դէմքը, անոր Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ուստի հիմնադիր խմբակին մէջ անոր մասնակցութեամբ ապահով կը դառնար Համազգայինի հիմնադրութեան, հաստատման, ամրապնդման ու տարածման աշխատանքին մէջ կուսակցութեան ամբողջական յանձնառութիւնն ու մասնակցութիւնը: Ան Լեւոն Շանթը նկատեց Համազգայինի հիմնադրութեան կամքի պողպատեայ արտայայտիչը, իսկ Նիկոլ Աղբալեան 1930-ին Ճեմարանի բացումէն ետք գրականութեան ուսուցիչն է եւ Պէյրութի բեմերու անզուգական դասախօսն ու բանախօսը, Շանթի հետ` Ճեմարանի հիմնական մարդկային սիւները:
Մկրտիչ Մկրտիչեան ըսաւ, թէ Ճեմարանի հաստատումին յաջորդեցին հրատարակչականը, տպարանը, թատերախումբերը, երգչախումբերը, պարախումբերը, տեղական վարչութիւնները, առաջին պատգամաւորական ժողովը. մէկ խօսքով` Համազգայինը դարձաւ իբրեւ համահայկական կրթական ու մշակութային միութիւն, կամուրջ` թէ՛ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, եւ թէ՛ տարբեր գաղութներու: Հայաստանի անկախ պետականութեան վերահաստատումէն ետք փոխադարձ ճանաչողութիւնը տեղի ունեցաւ զանազան մակարդակներու վրայ, յատկապէս կարեւոր դեր խաղաց Համազգայինի գործակցութիւնը Երեւանի պետական համալսարանին հետ` տարբեր մակարդակներու վրայ եւ զանազան բնագաւառներու մէջ:
«Համազգայինը սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը կարելիութեան սահմաններուն մէջ պահպանելու կոչուած կառոյց էր, այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր հայրենիքը աշխարհացրիւ հայկական զանգուածներուն հետ անաչառ զբաղելու կամք չէր դրսեւորեր: Սկզբնական շրջանին մանաւանդ` Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժէին համահայկական իրենց պարտաւորութիւնները: Համազգայինը անկախ Հայաստան մուտք գործեց համեստ ծրագիրներով, ունեցաւ իր գրասենեակը, սակայն չունեցաւ կազմակերպական կառոյց: Պատճառը յստակ էր. Հայաստանը հայրենիք էր, ուր գոյութիւն ունէր կրթական նախարարութիւն, մշակութային նախարարութիւն. աւելի ուշ նաեւ` սփիւռքի նախարարութիւն: Այս ձեւով հայրենի հողին վրայ Համազգայինի ներկայութիւնը իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն բոլորովին աւելորդ պէտք էր նկատել: Ի՞նչ աւելի կրնար ընել Համազգայինը, քան` պետական կառոյցները», հարց տուաւ ան` ցաւ յայտնելով, որ այսօր սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններ գոյութիւն չունին այլեւս` իբրեւ անջատ միաւորներ, ինչ որ տարբեր վտանգներու դուռ կը բանայ, որովհետեւ ազատ շուկայի վրայ հայկական մշակոյթը դատապարտուած է լուրջ կերպով աղաւաղուելու, ուստի կարիք ունի զայն պաշտպանողներու: «Ներկայի պայմաններուն մէջ կրնայ ըլլալ, որ հայրենիքը նոյնպէս պէտք է ունենայ Համազգայինի նման ոչ պետական մշակութային կառոյցներու: Մօտաւոր ապագան ատիկա ցոյց կու տայ», նշեց ան:
Մկրտիչ Մկրտիչեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ ներկայ կառավարութեան հրապարակած հնգամեայ ծրագիրին մէջ ազգային դաստիարակութիւն եզրը գոյութիւն չունի: «Իսկ երկիրը շրջապատուած է իրենք զիրենք ատենին փաստած եւ ամէն նոր օր կրկին նոյն ուղղութիւնը բացայայտող յայտարարեալ թշնամիներով, որոնք ամէն առիթ կ՛օգտագործեն բարձրաձայն յայտարարելու հայութեան դէմ իրենց ճիւաղային տրամադրութիւնները: Առիթ չեն փախցներ ըսելու, թէ հայոց մայրաքաղաքը հայերուն չի պատկանիր, թէ Արցախը հայերուն կողմէ բռնագրաւուած հողատարածք է: Իսկ միւս կողմէ` Թուրքիոյ մէջ, Աթաթուրքէն ի վեր եւ մինչեւ այսօր, սերունդները ազգայնամոլ գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած, յատկապէս` հայատեաց դաստիարակութեամբ տոգորուած են: Այսպիսի պայմաններու առկայութեան, Հայաստանի մէջ բարի ու խաղաղութեան նշանաբաններու երկրպագու սերունդներ հասցնելը հաւաքական անձնասպանութեան համազօր է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ վերջին տարիներուն Համազգայինը այս մարզին մէջ քաջալերած է հայոց ազատագրական պայքարի ճանաչողութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը փոխանցելու աշխատանքները: Ճիգ թափուած է մանաւանդ իբրեւ օրինակ մութէն լոյսին բերելու այդ պայքարի հերոսական անունները, հանրութեան ծանօթացնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութեան բարոյական ընդօրինակելի տիպարները, որոնց յիշատակումը նոյնիսկ պոկուած է մարդոց ուղեղներէն խորհրդային շրջանին, դիմումներ կատարուած են պաշտօնատարներու տասնամեակներ շարունակ անտեսուած ու անիծուած, սեւ ցանկերու վրայ մոռցուած փառաւոր անուններու վերարժեւորում կատարելու (Արամ Մանուկեան, Դրօ, Ալեքսանտր Խատիսեան, Սիմոն Վրացեան եւ այլն), որովհետեւ անոնք ընդօրինակելի բնորդներ են երիտասարդութեան համար:
«Մէկ խօսքով` ազգային գաղափարախօսութեան վրայ հիմնուած կրթութիւնը Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կացութենէն թելադրուած անհրաժեշտութիւն է, ազգային անվտանգութեան հիմնական հարց է», շեշտեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը` հարց տալով, թէ արդեօք ժամանակը հասա՞ծ է Համազգայինի հիմնադիրներու տեսլականը հայրենիքէն նե՛րս ալ գործօն ձեւով տարածելու:
«Այսպէս` 90-ամեայ Համազգայինը ունի իր յիշարժան հերոսական անցեալը, ներկայի արդիականացման գործընթացը տեւաբար կը մտածէ ապագայի իր հաւանական ընելիքներուն մասին: Գաղափարականութիւնը կը մնայ իր հիմնական յատկանիշներէն մէկը: Այդ ձեւով բացատրելի է նաեւ իր անդամներուն եւ գործիչներուն անշահախնդիր կամաւորականութիւնը: Կասկածէ վեր է նաեւ, որ այնտեղ, ուր անհրաժեշտ եղած է, երկար ատենէ ի վեր մուտք գործած է արհեստավարժութիւնը: Համազգայինի մէջ կամաւոր աշխատանքի արդիւնքը յաճախ կը մրցի արհեստավարժ միտքի ու ձեռքի արդիւնքներուն հետ: Աշխարհասփիւռ Համազգայինը հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ աշխատելով դեռ կը պահէ իր հիմնադիրներէն ժառանգ մնացած պատգամը. ամէն ճիգ թափել օտար ափերու վրայ պահելու համար հայոց լեզուն, հայկական մշակոյթը` անոր ճամբով իր լուման բերելով նաեւ Հայ դատի ուղղութեամբ համահայկական ճիգին: Մշակոյթը պահպանել` զայն զարգացնելու եւ արդիականացնելու պայմանով, որպէսզի ան ընկալուի նաեւ իր ժամանակին մէջ ապրող նոր սերունդին կողմէ: Ասիկա՛ է յաւիտենականութիւնը ապահովելու հիմնական երաշխիքներէն մէկը», հաստատեց Մկրտիչ Մկրտիչեան: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկայ մեր թիւերով):
Ապա շարունակուեցաւ գեղարուեստական բաժինը, եւ Ժաքլին Մակինեան հանդէս եկաւ Սայաթ Նովայի «Յիս քու ղիմեթըն չիմ գիտի» երգին վրայ բեմադրուած պարով, ապա Տաթեւ Ղազարեանն ու Արման Նաւասարդեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի «Կիլիկիոյ արքան» գործէն հատուած մը: Հայրենի արուեստագէտ Սոնա Ռուբէնեան երգեց «Լուսին» եւ «Երազ իմ երկիր» երգերը, իսկ գեղարուեստական բաժինը եզրափակուեցաւ «Քնար» պարախումբի «Իմ Հայաստան» հզօր պարով: Նշենք, որ «Գայեանէ» եւ «Քնար» պարախումբերուն գեղարուեստական ղեկավարներն են Ժաքլին եւ Կարէն Մակինեանները:
Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրեց Համազգայինի երթին մէջ իրենց ուրոյն ներդրումը, դրոշմը եւ վաստակը ունեցած Սուրէն Սարգիսեանը, Երուանդ Փամպուքեանը, Գեղանի Էթիեմեզեանը, Արմենակ Եղիայեանն ու Սարգիս Արմէնեանը: Ցոլակ Թիւթէլեանը եւս արժանացած էր Համազգայինի շքանշանին, որ անոր յանձնուած էր իր բնակարանին մէջ, որովհետեւ անհանգստութեան պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ հանդիսութեան:
aztagdaily.com