ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց
27 Փետրվար 2019
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Շաբաթ, 23 Փետրուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր իբրեւ բանախօս ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան։
Հիւրին կ՛ընկերանային ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան։
Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին էին՝ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ հոգեւոր հայրեր, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան ու անդամներ։
Սրբազանը եւ հիւրընկալ վարչականները ողջունեցին ՀՅԴի ներկայացուցիչները եւ շնորհաւորեցին նորընտիր Բիւրօն ու անոր ներկայացուցիչ ընտրուած Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։
Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի այժմու հարցերուն ու ապագայի հեռանկարներուն մասին։
Հիւր ներկայացուցիչը, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան եւ օգտակար հանդիպումին համար, գնահատելով Ազգային առաջնորդարանի եւ ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ դերը՝ հայութեան կեանքին մէջ, որուն գործակից եղած է ու կը մնայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը։
asbarez.com