Խմբագրական. Ցեղասպանութիւն Ընդդէմ Ցեղասպանութեան. Անգարայի Պատմութիւնը Վերաշարադրելու Փորձը
16 Ապրիլ 2019 Հերթական անգամ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին որեւէ պետութիւն պաշտօնական բարձրաձայնում կատարէ, Անգարայի հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ այնքան կարծր, որ դիւանագիտական տագնապի նախանիշ փոխանցած ըլլալու համոզում կը փոխանցէ: Աւելի՛ն. հայ քաղաքական միտքը կը սպասէ դեսպանի ժամանակաւոր տունդարձին` գիտնալով, որ ցուցադրական տունդարձէն կարճատեւ ժամանակ ետք պիտի հետեւի ստուերի մէջ լուռ վերադարձ պաշտօնին: Այսինքն, ըստ էութեան, դիւանագիտական տագնապ պիտի չգոյանայ, այլ` պարզապէս գուցէ ներքին-արտաքին սպառումներու համար որոշ յայտարարողական եւ դիւանագիտական ներկայացման արարներու շարքի դրսեւորում արձանագրուի:ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն մէջ Անգարայի եւ Փարիզի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած պատահարը յայտարարողականէն եւ դիւանագիտական հերթական արարէն քայլ մը անդին գացող երեւոյթ էր: Պատահարը «դիւանագիտական միջադէպ» բառեզրերով կը բնութագրուի: Հեռակայ անուղղակի բանավէճի փոխարէն միջազգային կազմակերպութեան մը ատեանէն Փարիզին դասեր տալու եւ Ֆրանսան իբրեւ ցեղասպան պետութիւն ամբաստանելու արարքն էր, որ կը գործադրուէր պաշտօնապէս: Անկախ Փարիզի ներկայացուցիչին պատշաճ հակազդեցութենէն, պատահարի դրդապատճառներուն, շարժառիթներուն եւ հաւանական հետեւանքներուն մասին կարեւոր է դիտարկումնային տեսութիւններ լոյսին բերելը:

Նախ անշուշտ, պէտք է ըսել, որ խնդիրը Անգարայի բուռն հակազդեցութեամբ թեւակոխած է դիւանագիտական միջադէպի փուլ: Այս չի նշանակեր, որ դիւանագիտական կապերու առկախումի ընթացակարգի մեկնարկի մասին է խօսքը: Նկատենք անմիջապէս, որ ֆրանսայի հանրային կարծիքին եւ ֆրանսացի ժողովուրդին մօտ Անգարայի նկատմամբ գոյացած կարծրատիպը այսպիսով ո՛չ միայն աւելի կը հանգչի, այլ նաեւ երկար կտրուածքով արմատացած համոզումի կը վերածուի:
Փաստօրէն ցեղասպանագործութեամբ ամբաստանուող պետութիւնը մարտավարական փոփոխութիւն կը բերէ իր մօտեցումներուն մէջ. կը հերքէ, կը ժխտէ եւ ցեղասպանագործութեամբ կ՛ամբաստանէ զինք ցեղասպան կոչող պետութիւնը: Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ Անգարայի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Ռուանտան եւ Ալճերիան իբրեւ օրինակ կը բերէ հակազդելու համար Հայոց ցեղասպանութեան հարցը արծարծող պետութեան առած քայլերուն: Խնդիրը այս պարագային հեռակայ բանավիճային յայտարարութիւնները միջազգային կազմակերպութեան ատեան տեղափոխելն է, որ առիթ կու տայ դիւանագիտական միջադէպի:
Անգարան սակայն նախ անհամեմատելին համեմատելով, ըստ էութեան ժխտողականութեամբ հանդէս կու գայ ո՛չ միայն իր սեփական պատմութեան, այլ նաեւ Ֆրանսայի եւ այս պարագային Ռուանտայի, Ալճերիոյ պատմութիւններուն նկատմամբ: Ո՛չ Ռուանտան, ո՛չ Ալճերիան նման պահանջներով չեն ներկայացած պաշտօնական Փարիզին: Քաղաքական շահարկումներու մղումները ժխտողականութեան համատարածումով նոր տարածքներ կը գրաւեն` այս անգամ ներառելով առնչակից այլ պետութիւններ: Ցեղասպանական արարքներու շուրջ պատմութեան վերաշարադրումն է, որ կը փորձէ ընել Անգարան: Արարքներու համահաւասարեցման այս մարտավարութիւնը կը թուի, որ շատ տեղ չունի աշխատելու:
Այս բոլորով հանդերձ Անգարան պիտի շարունակէ ցեղասպանութեան դիմաց ցեղասպանութիւն որակումներու այս մարտավարութիւնը. չէ բացառուած, որ այս անգամ Հռոմը յիշուի մուսոլիական արարքներով եւ Օսմանեան կայսրութեան համահաւասար պատասխանատուութիւններով:
Ամբաստանութիւններու եւ պատմութեան վերաշարադրանքներու նման ընթացք մը տեսականօրէն կրնայ յանգիլ անոր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոչերու եւ բանաձեւերու պատճառով Անգարան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ամբաստանէ ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու յանցանքով:
Անգարա ընդդէմ աշխարհի քարոզչաքաղաքական այս խաղին հայկական գործօնը ցեղասպանութեան առընթեր այլ կարմիր քարտերու թեմաներ կրնայ տրամադրել առնչակից պետութիւններուն: Ուաշինկթընէն Եւրոպա եւ միջինարեւելեան արաբական երկիրներ` կը դրսեւորեն Անգարային կարմիր քարտեր տրամադրութիւններ: Քարտերու բովանդակութեան գրառման իր նպաստը կրնայ ունենալ հայ քաղաքական մտածողութիւնը:
aztagdaily.com