Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ
23 Ապրիլ 2019 «Մենք Կը Յարգենք Դաշնակցութեան Կազմակերպուածութիւնը, Անոր Ուժը, Կամքն Ու Նուիրումը Պահելու Իր Դատը, Իր Հայրենիքը Եւ Լիբանանը». Ի. ՔանաանԼիբանանցիները Պէտք Է Սորվին Հայ Ժողովուրդէն, Որ Ո՛Չ Միայն Չհրաժարեցաւ Իր Դատէն, Այլեւ Զայն Բարձրացուց Ամէնուրեք, Աշխարհի Չորս Ծագերուն». Է. Հանքաշ
«Լիբանանահայութիւնը, Որուն Հաւատարմութեան Վկայ Են Բոլորը, Արժանի Է Իր Նահատակներու Յիշատակի Օր Ունենալու Լիբանանի Մէջ». Ա. Կիտանեան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ֆանարի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ:
խօսքերէն առաջ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ պաշտօնական հիւրերը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները ուղղուեցան Ֆանարի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, եւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշակոթողին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը այսօր կը նշէ 104-րդ տարելիցը Հայոց ցեղասպանութեան, որ տեղի ունեցած է 1915-ին թուրքերուն ձեռքով եւ որուն զոհ գացած են աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներ: Իր խօսքին մէջ Ցոլեր Թալաթինեան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ դիմադրեց ամէն տեսակ դժուարութեան, որպէսզի ապրի ու գոյատեւէ: Ան պահանջեց արդարութիւն յանուն ճշմարտութեան: Հայութեան պահանջատիրութիւնը Թուրքիայէն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն հայութեան դատը չէ, այլեւ դատն է ամէն մարդու, որ կը հաւատայ արդարութեան եւ իրաւունքներու վերատիրացման:
Անկէ ետք խօսք առաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ յատկանշական զուգադիպութեամբ երէկ կը տօնէինք Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը, իսկ այսօր հաւաքուած ենք նշելու Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը: Այս երկու առիթներուն ալ կը յայտարարենք եւ ականատես կ՛ըլլանք կեանքի յաղթանակին` մահուան, իրականութեան եւ իրաւունքի յաղթանակին` զեղծարարութեան, ինչպէս նաեւ արդարութեան յաղթանակին` անարդարութեան վրայ:
Երեսփոխան Իպրահին Քանաան ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեամբ ուզեցին վերջ տալ ազգի մը եւ անոր դատին, բայց արդիւնքը 104 տարի ետք դուք էք, այս ժողովուրդն է, որ դեռ 104 տարի ետք, այսօր Լեռնալիբանանի մէջ, Լիբանանի ու աշխարհի տարածքին, կ՛ըսէ, որ մեր դատը պիտի չմեռնի, մեր ազգը պիտի չմեռնի: Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը զուգադիպեցաւ Քրիստոսի յարութեան տօնին, որպէսզի ըսենք նաեւ, որ հայ ժողովուրդի յարութիւնը իրականութիւն է: Մենք այսօր ականատես ենք հայ ժողովուրդի գոյապայքարին, որ իր ազգային ու մշակութային արժէքները փոխանցեց սերունդէ-սերունդ 104 տարիէ ի վեր, երբ աւերեցին աւելի քան 2000 եկեղեցի, 400 վանք, եւ հայ ժողովուրդը ստիպուած ցրուեցաւ աշխարհով մէկ: Բայց Ցեղասպանութիւնը չկրցաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ոգին մեռցնել: Անոնք մոխրացուցին հայ ժողովուրդը, բայց ան պայքարեցաւ եւ յառնեցաւ մեռելներէն, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութիւնը յաւիտեան»:
Ան ըսաւ, որ ներկայիս աշխարհի բոլոր այն տարածքներուն եւ այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր հաւատացեալ ժողովուրդներ կը դատապարտուին մահուան ու խոշտանգումներու, անոնց կ՛ըսենք, որ այդ ժողովուրդները պիտի ապրին, անոնք պիտի յաղթեն մահուան:
Երեսփոխան Քանաան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 104 տարի առաջ տեղի ունեցած է նաեւ ասորի եւ քաղդէացի ժողովուրդներու ջարդը, ինչպէս նաեւ Հայոց մեծ եղեռնը: Հայ ժողովուրդը կանգուն մնաց, հաւատարիմ` իր Դատին, ան չձգեց, որ իր պատմութիւնը կորուստի մատնուի, որովհետեւ հայ ժողովուրդի զաւակները ջահը փոխանցեցին սերունդէ-սերունդ, պահեցին իրենց լեզուն, ինքնութիւնը եւ արժանացան աշխարհի յարգանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կեանքով լեցուն է եւ իր հացը կը վաստկի իր ճակտի քրտինքով:
Ան դիտել տուաւ, որ բացայայտ են հայերուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ նմանութիւնները. մենք Լիբանանի մէջ ենք, եւ դուք Լիբանանի հաւատարիմ քաղաքացիներն էք: Մենք կը յարգենք Դաշնակցութեան կազմակերպուածութիւնը, անոր ուժը, կամքն ու նուիրումը պահելու իր դատը, իր հայրենիքը եւ Լիբանանը: «Մենք նուաճումներու ճամբուն վրայ կը գտնուինք, ինչքան ալ դժուար ըլլայ այդ ճամբան, մեր կամքը պիտի չսասանի, ճիշդ հայ ժողովուրդի կամքին նման, որ կը հաւատայ իր Դատին եւ իր հայրենիք Լիբանանին: Մենք կը հաւատանք ժողովրդավար մեր երկրին, ուր կրնանք մեր իրաւունքները ստանալ. մեր ժողովուրդը պիտի ապրի հանգիստ ու խաղաղ, մեր երիտասարդները պիտի չգաղթեն, այս իրականութիւններուն դիմաց անզօր է ամէն հարց, քաղաքական ու կուսակցական ամէն մրցակցութիւն:
«104 տարի ետք այսօրուան մեր հանդիպումը յստակ փաստ է, որ ազգերը չեն մեռնիր, այլ կրկին կը վերականգնին փիւնիկի պէս, ինչքան ալ ենթարկուին մահուան ու կրակի: Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ մենք այսօր հայութեան հետ կը շալկենք արդարութեան եւ ճշմարտութեան ջահը, որպէսզի յիշենք եւ ճանչնանք:
«Ապրի Հայ դատը եւ հայ ժողովուրդը, ապրի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ապրի Լիբանանը»:
Խօսքին յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կարճ տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի խօսքը արտասանեց զայն ներկայացնող երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, որ անդրադարձաւ 1915 թուականին հայ մտաւորականներու, հոգեւորականներու եւ ղեկավարներու ձերբակալութեան ու սպանութեան` նշելով, որ այդպիսով թուրքերը կարծեցին, թէ հայութեան մէջ պիտի կարենան սպաննել յոյսը` անոր ընտրանի խաւէն ձերբազատելով: «Անոնք չգիտցան, որ հայութեան յոյսը չի խամրիր, իսկ ասոր փաստը այսօր Լիբանանի մէջ գոյութիւնն է հայութեան, որ կը հանդիսանայ այս երկրի կերտման մէջ հիմնական բաղադրիչ սիւներէն մէկը, նոյնիսկ անկախութենէն առաջ: Այսօր աշխարհին մէջ մեծ է թիւը այն նշանաւոր հայերուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութենէն ետք տարածուեցան տարբեր երկիրներու մէջ ու ստեղծեցին գաղութներ», ըսաւ ան:
Էլիաս Հանքաշ յիշեցուց, որ նոյն ժամանակաշրջանին, երբ հայութիւնը սպանդի կ’ենթարկուէր, Լեռնալիբանանի մէջ ապրող լիբանանցիները սովահար եղան, տարբեր տեսակի սպանդի ենթարկուեցան միեւնոյն ոճրագործին` օսմանցիին կողմէ: Ըստ անոր, լիբանանցի ժողովուրդը ընդունեց անարդարութեան ենթարկուած հայութիւնը, անոր առիթ տուաւ հաստատուելու: Երեսփոխանը նկատել տուաւ, որ Դաշնակցութեան հետ համադրաբար աշխատանք կը տանին ապրիլ 24-ը Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելու օրինագիծին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ կայ հայերէնն ու ասորերէնը պետական վարժարաններուն մէջ ընտրովի լեզու նկատի առնելու պարագան, որովհետեւ իրենք կը հաւատան, թէ Լիբանանի մէջ այլազանութիւնը հարստութիւն է, իսկ այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդին հաւատքը այդքան ամուր է իր Դատին, խաչին եւ մայրիին նկատմամբ, ան չի մեռնիր, անոր յոյսը չի խամրիր, իսկ ջահը միշտ բոցավառ կը մնայ, մինչեւ իր նպատակին հասնիլը:
Երեսփոխան Հանքաշ յայտնեց, որ պէտք է դասեր քաղել անցեալէն, նայիլ դէպի ապագայ, իսկ լիբանանցիները պէտք է սորվին հայ ժողովուրդէն, որ ո՛չ միայն չհրաժարեցաւ իր Դատէն, այլեւ զայն բարձրացուց ամէնուրեք, աշխարհի չորս ծագերուն, միջազգային հարթակներու վրայ` սպասելով, որ ոճրագործը ընդունի իր յանցանքը: Ան ըսաւ, թէ Լիբանանին առնչուած մեծ յոյսեր ունին, իսկ ներկայիս երկրին ապրած տնտեսական ծանր տագնապէն դուրս գալու համար, առկայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար պէտք է պայքարիլ միասին, ուս-ուսի, որովհետեւ յարութեան նկատմամբ հաւատքը միշտ կը մնայ տիրական:
Իր խօսքի աւարտին Էլիաս Հանքաշ մաղթեց, որ այս տարի վերջինը կ’ըլլայ` Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման սպասելով, իսկ յառաջիկայ տարի կը նշուի Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը, ճանաչումը այն իրականութեան, որ հայութիւնը գոյատեւող, ամուր, բազմապիսի տանջանքերուն ենթարկուած, սակայն անարդարութիւնը մերժած ազգ է:
Երրորդ խօսք առնողը եղաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ անտեղի գտաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստերու մասին խօսիլը, որովհետեւ այլեւս պարզ ու յստակ իրականութիւն է այն, որ 20-րդ դարու սկիզբը մեծ յանցանք գործուեցաւ, իսկ յանցագործը այս հարցով վերջին հետաքրքրուածներէն մէկն է: Ան հաստատեց, որ այսօր հայութիւնը առերեւոյթ պարզ, սակայն շատ կարեւոր ու խորքային բան մը կը պահանջէ` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մեծ կորուստներու հատուցումը, յատկապէս վերադարձը հայութեան ինչքերուն եւ հողերուն: Նախարարը դիտել տուաւ, որ այսօր միջազգային ընտանիքին հիմնական բաղադրիչները ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ֆրանսան ապրիլ 24-ը որդեգրեց իբրեւ Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակի օր` առանց նկատի ունենալու Թուրքիոյ հետ իր կապերը, հակառակ անոր որ անոնք իրենց կշիռը կրնան ունենալ:
Նախարար Կիտանեան խօսեցաւ վերջին տարիներուն հրապարակի վրայ երեւցած ՏԱՀԵՇ-ի երեւոյթին, անոր գործած ահաւոր արարքներուն ու ոճիրներուն, հրէշութիւններուն, զորս չկրցանք ընդունիլ, բայց եւ այնպէս որոնք պարզապէս մէկ փոքր տոկոսը կը կազմեն 104 տարի առաջ օսմանցիներուն կողմէ հայութեան կրած բազմապիսի չարչարանքներուն եւ ոճրագործութիւններուն: Ան դիտել տուաւ, որ մենք երբեմն ցեղապաշտ ըլլալով կ’ամբաստանուինք, կը դատապարտուինք, որովհետեւ տակաւին ամրօրէն կառչած ենք մեր պատմութեան, էութեան, խիղճին ու կտակին, սակայն չեմ կարծեր, թէ մարդ արարած կրնայ արմատախիլ ըլլալ, մոռնալ իր անցեալը, նաեւ այդ պատճառով է, որ կրցանք գոյատեւել, պահպանել մեր էութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը, Դատը, հակառակ անոր որ նախորդ 104 տարիներուն շատ մեծ իշխանութիւններ կործանեցան, ղեկավարներ ոչնչացան, աշխարհագրութիւնը փոխուեցաւ, սակայն պատմութիւնը մնաց ու պիտի շարունակէ մնալ նոյնը:
Ապա Աւետիս Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ 2000 թուականին Լիբանանի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` դիտել տալով սակայն, որ երկար տարիներէ ի վեր լիբանանեան կառավարութենէն կը խնդրուի ապրիլ 24-ը նկատել ազգային օր` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ: Անոր համաձայն, ասոր արժանի է լիբանանահայութիւնը, որ միայն կառուցեց Լիբանանը, երբեք չքանդեց զայն, աշխատեցաւ, տարածուեցաւ, բազմացաւ իբրեւ թիւ եւ գործունէութիւն` միշտ ի շահ Լիբանանի, երբեք անոր հաշուոյն: Կիտանեան դիտել տուաւ, որ յառաջիկային այս խնդրանքը նորէն պիտի ներկայացնէ կառավարութեան, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը, որուն հաւատարմութեան վկայ են բոլորը, արժանի է յիշատակի այս օրուան:
Զբօսաշրջութեան նախարարը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այս աշխարհին վրայ ապրող ոչ մէկ հայու կարիք կայ յիշեցնելու, որ ինք դատ ունի, որովհետեւ 104 տարի շարունակ հայութիւնը պայքարեցաւ իբրեւ ժողովուրդ, իսկ Դաշնակցութիւնը 129 տարի պայքարեցաւ իբրեւ կուսակցութիւն, որուն հիմնական ու վախճանական նպատակն է արդար լուծում գտնել Հայ դատին, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հանրային գործունէութիւն տանիլ այն երկիրներուն մէջ, ուր հայերը կը գտնուին:
Աւարտին ան հաստատեց, որ ոչ ոք, ինչ ալ ըլլայ հանգամանքը կամ զօրութիւնը, կրնայ թաղել պատմութիւնը կամ Դատը, որուն մէջ իրաւունքը կայ ժողովուրդի մը, որքան ալ փոքր ըլլայ անիկա թիւով կամ հանգամանքով, որովհետեւ պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ մեծաթիւ հզօրներ, սուլթաններ եւ զօրաւորներ եկան ու անցան, այսօր միայն պատմութեան գիրքերուն մէջ կը յիշուին, սակայն Հայ դատը` իբրեւ հայութեան ու Դաշնակցութեան վեհ դատը, մնաց եւ անիկա իր աւարտին պիտի հասնի միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով:
Գեղարուեստական բաժինով ազգային- հայրենասիրական երգերով հանդէս եկան Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Սերոբ Յակոբեան:
aztagdaily.com