Անդրադարձ. Նոր Մարտավարութիւն
30 Ապրիլ 2019 Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 26 ապրիլին դատապարտեց 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման քայլարշաւի ընթացին թրքական դրօշի հրկիզումը եւ պահանջեց այդ արարքի պատասխանատուներուն դէմ կիրարկել անհրաժեշտ արդարադատական քայլերը: 28 ապրիլին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ թրքական դրօշներով մոթորսիքլեթներու երթ մը, որ կազմակերպուած էր Ազգային պատկանելիութիւն անունով անծանօթ կուսակցութեան մը կողմէ: Երթին մասնակիցները կը վանկարկէին Էրտողանի անունը, այլ խօսքով` երթի օրակարգը ներլիբանանեան չէր:Առաջին անգամը չէ, որ ապրիլ 24-ին Լիբանանի մէջ թրքական դրօշ կը հրկիզուի, սակայն այս տարի թրքական դեսպանատունը, որ ընդհանրապէս քար լռութիւն կը պահէր ու կրաւորական կեցուածք կ՛որդեգրէր, յանկարծ աշխուժացաւ` 2 օր ուշացումով: Ուշացում մը, որ կու գայ վկայելու, թէ դեսպանատան աւանդական կեցուածքէն այդ շեղումին պատճառը լիբանանահայութեան բազմամարդ ցոյցին մասին դեսպանատունէն ուղարկուած զեկուցումէն ետք Անգարայէն ուղղուած ցուցմունք մըն է: Ինչ կը վերաբերի կիրակի օր, 24 ապրիլէն 4 օր ետք, թրքական դրօշին նկատմամբ «նախանձախնդրութեան» ուշացած արտայայտման երեւոյթին, ապա այդ յապաղումը իր կարգին վկայութիւն մըն է, որ երթը ոչ թէ ինքնեկ ու անկեղծ զգացումի մը արտացոլումն էր, այլ` ցուցմունքի մը գործադրումն ու կազմակերպուած ըլլալուն հաստատումը:

Երեւոյթը աւելի ճիշդ հասկնալու համար պէտք է նկատի ունենալ նաեւ հետեւեալները. թրքական ոստիկանութիւնը շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր որդեգրուած քաղաքականութենէն շեղում կատարելով այս տարուան 24 ապրիլին խոչընդոտեց Պոլսոյ թաղամասերուն մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ցոյցերը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ 27 ապրիլին` հակադարձելով Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի` Փարիզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օրուան ընթացքին արտասանած խօսքին, նշեց, որ Ֆրանսան աւելի քան 100 տարի առաջ «զինած է հայկական հրոսակախումբերը, որոնք սպաննած են թուրքերը»` աւելցնելով. «Փարիզ նոյնպէս պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ յանցագործութիւններուն համար»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական արխիւներուն նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին ակնարկելով Հայոց ցեղասպանութեան յայտարարեց. «Հայ աւազակախումբերու եւ անոնց աջակիցներու աքսորումը ամէնէն տրամաբանական քայլն էր»:
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան քայլերէն ու թրքական իշխանութիւններու յայտարարութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթի յաղթական երթին եւ այդ ծիրին մէջ քանի մը տարիէ ի վեր թրքական ժխտողականութեան ստացած իրերայաջորդ հարուածներուն լոյսին տակ Թուրքիան փոխած է իր մարտավարութիւնը: Անգարան սկսած է «1915-ի դէպքերը հայերու ցեղասպանութիւն չեն, ընդհակառակն` հայ հրոսակախումբերու կողմէ թուրք եւ իսլամ բնակչութեան կոտորած է» պնդել եւ որոշած է գործնական կերպով հակադարձել:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com