Խմբագրական. Կանխե՛լ Ժողովուրդներուն Ամբոխներու Կերպարափոխումը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)
01 Մայիս 2019 Աշխատաւորներու օրուան առիթով ընկերափիլիսոփայական հրապարակումները հետզհետէ զիջած են զուտ քաղաքական ուղերձներուն: Տօնը կամ օրուան նշումը ստացած է գերքաղաքական բնոյթ. ընկերվարական աշխարհն ու երբեմնի Խորհրդային Միութիւնը իրենց դաւանած գաղափարաբանական խորհրդանիշին վերածած էին մայիս 1-ը, մինչ Արեւմուտքը եւ առաւելաբար Միացեալ Նահանգները այլ օր նշած են Լէյպըր տէյը:Բնականաբար աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական ծրագիրները լոյսին կու գան հերթական անգամ: Տօնի քաղաքականացումը յաճախ նաեւ կը տեղադրուի ընտրական շրջագիծերու մէջ, երբ աշխատաւոր դասակարգին մօտ քուէահաւաքի նպատակներով աջն ու ձախը իրար կը գերազանցեն թիրախային խաւի կենսամակարդակի բարձրացման խոստումներով:

Կը ստեղծուի ուրեմն հակասական երեւոյթներու համապատկեր մը: Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջը տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու նեղ դռներէն մուտք կը գործէ ստանալով նաեւ աշխատաւոր դասակարգի քուէները: Ծայրայեղ աջի տեղաշարժներու գրանցումները կը բացատրուին նաեւ եւրոպական այս կամ այն երկրին որդեգրած գաղթականական քաղաքականութեան հետեւանքով: Գաղթականները կ՛ընդունուին, անոնց կը տրամադրուին պիւտճէներ, կ՛ապահովուին աշխատանքներ, մինչ գործազրկութիւնը կը թակէ տուեալ երկրի քաղաքացիներուն դռները, կ՛արգելակէ աշխատավարձերու բարձրացումը եւ կը պատճառէ թոշակներու կրճատումներ:
Անհանգիստ քաղաքացին այս պայմաններուն մէջ հանգիստ կ՛ընկալէ այս բոլորին դէմ միւս բեւեռին բարձրաձայնումները, իր մէջ ձեւաւորելով ընդհանուր տրամադրելիութիւն` հաւատալու տրուած խոստումներուն: Միւս բեւեռը, անհանդուրժողութեան կարգախօսներով կը ստանայ աշխատաւոր դասակարգին քուէները: Պատճառահետեւանքային քննական նման մօտեցում այսքանով չի կրնար բացատրել անշուշտ ծայրայեղութեան վերադարձը: Կան շատ այլ հանգամանքներ, որոնք ներկայ աշխարհակարգի ստեղծած իրավիճակներու փոխկապակցուած շղթաներու օղակներ իրար կ՛ագուցեն` տեղի տալով ընտրական, քաղաքական, ընկերաբանական եւ քաղաքակրթական իրար հակազդող իրադրութիւններու:
Մայիս 1-ը մեր հայրենիքին մէջ անմիջականօրէն կը մտաբերէ պետական մակարդակի վրայ կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու ընդհանուր շրջածիրին մէջ եւ տակաւ ընթացք առնող վարչակառավարման արդիւնաւորման (օփթիմալացում) քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած գործազրկումներու նոր համրանքի մը ձեւաւորման միտումները: Արդիւնաւորումը տեսականօրէն վիճարկելի առաջադրանք չէ, այնքան ատեն որ մարդու, աշխատաւորի իրաւունքները անհպելի կը պահէ: Ի վերջոյ, եթէ յայտարարուածը քաղաքացի մարդ անհատին գերակայ արժէք դաւանիլն է, ապա նոյն այդ քաղաքացիի իրաւունքներու լիարժէք յարգումը պարտադիր է:
Պետական ծառայութեան կոչուած քաղաքացիներու մեծ խմբաքանակներ գործազրկելը չի տեղաւորուիր յայտարարուած առաջադրանքներու սահմաններուն մէջ: Կրճատումները կամ խմբային պաշտօնազրկումները պարտին նկատի ունենալ այդ անհատներու ետին կանգնած ընտանիքներու եկամուտներու դադրեցման փաստին ստեղծելիք նոր տագնապները:
Տօնի խորհուրդը հերթական անգամ կը յուշէ բարձրագոյն կրթութեան եւ բժշկական ապահովուածութեան համակարգերը անվճար դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատավարձերու եւ թոշակներու նուազագոյն զամբիւղի համարժէքացումը:
Մինչ, տնտեսական տագնապի փակուղիին մէջ մտած Լիբանանի քաղաքացին գործազրկութեան ալիքի բարձրացման մակընթացութիւններուն ականատես` այս փուլին ի վիճակի չէ նոյնիսկ պատկերացում կազմելու, թէ ի՛նչ ապագայ կը սպասէ իրեն` արձակուող պաշտօնեաներու, փակուող հաստատութիւններու, կրճատուող անձնակազմերու եւ մագլցող պարտքերու ահազանգային իրավիճակին մէջ:
Մայիս 1-ին, տագնապներու յաղթահարման գործնական ուղիներ պէտք է ուրուագծուին: Խոստումներով վարկանիշեր ապահովելու եւ ժողովրդահաճոյութեամբ աշխատաւորներու իրաւունքներ պաշտպանած ըլլալու խաբկանքը կարճատեւ ազդեցութիւն ունի: Տարբեր միջավայրերու եւ տարբեր պայմաններու մէջ այդ բոլորին արագ փոշիացումը եւ տագնապի խորացումը աշխատաւոր դասակարգը կրնայ վերածել ամբոխի:
Մայիս 1-ի խորհուրդէն բխած թելադրանքները կ՛ահազանգեն ժողովուրդներու ամբոխի կերպարանափոխման վտանգը եւ հրամայական կ՛ազդարարեն փակուղիներէն ելքեր տրամադրելու պետական միջոցներու արագ որդեգրումը:
aztagdaily.com