ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարանական Ասուլիս` Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Եւ Ընկերային Արդարութիւնը Խոչընդոտող Արգելքներուն Մասին
03 Մայիս 2019 Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ գործակցութեամբ «Ֆրետերիք Էպըրթ» հիմնարկին, երէկ երեկոյեան «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանական ասուլիս մը, որ կը կրէր «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը խոչընդոտող արգելքները» խորագիրը:Լսարանական ասուլիսին զեկուցաբերներն էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ-Ժարուտի եւ քաղաքացիական ընկերութեան «Ամել» միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Քամել Մհաննա:
Զրուցավարն էր «Վանայ Ձայն»-ի եւ «Մարիամ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող-հաղորդավար Հալա Հատտատ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Վարդան քհնյ. Մարտիրոսեան, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուիի ներկայացուցիչ Սելիմ Սաատէ, գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլայի ներկայացուցիչը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի մէջ Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ, Ֆրանսայի եւ Չինաստանի դեսպանատուները ներկայացնող պատուիրակութիւններ, Ա. կարգի պաշտօնեաներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ուսանողական-երիտասարդական թեւերու ներկայացուցիչներ:

Լսարանական ասուլիսը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով, որմէ ետք Զաւարեան ուսանողական միութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակի ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպած է այս ասուլիսը` անդրադառնալու Լիբանանի մէջ տիրող մասնակի ժողովրդավարութեան եւ աւազակութեան ենթարկուած ընկերային արդարութեան:
Ան խստիւ քննադատեց ներքին լիբանանեան բախումները, որոնք կը խախտեն հայրենիքին ամուր հիմերը` ընդգծելով հայրենիքին եւ քաղաքացիին իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն հանդէպ պատասխանատու եւ գիտակից կեցուածք ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:
Մ. Գաւլաքեան դատապարտեց փտածութիւնը, յատկապէս մտքի ու հոգիի փտածութիւնը` շեշտելով, որ ԶՈՄ-ը, գործակցութեամբ «Ֆրետերիք Էպըրթ» հիմնարկին, նման լսարանական ասուլիսներու շարք մը պիտի կազմակերպէ` երկրին կայունութիւնը պահպանող երիտասարդութիւնը իրազեկ պահելու եւ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով:
Ապա «Ֆրետերիք Էպըրթ» հիմնարկին անունով խօսք առաւ Ապտել Ֆաթթահ Շէյխը, որ յայտնեց, թէ իրենք հպարտ կը զգան, որ այս հիմնարկը Լիբանանի ապագայի փայլուն տեսլականով օժտուած ծրագիրով կը գործէ, իսկ աշխատանքը կ՛իրականանայ երիտասարդներուն շնորհիւ:
Շէյխ նշեց, որ «Ֆրետերիք Էպըրթ» հիմնարկը կը հաւատայ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումին, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան հաստատումին:
Ան բարձր գնահատեց ԶՈՄ-ի հետ գործակցութիւնը` հաստատելով, որ երիտասարդները միասնականութեամբ պիտի գործեն, եւ աւելցնելով, որ ԶՈՄ-ի հետ այս փորձառութիւնը պիտի կրկնուի:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ ինք անձամբ կը հաւատայ, որ եթէ Լիբանան բազմազան չըլլար` համայնքային իմաստով, ապա անոր ճակատագիրը պիտի ըլլար միատարր եւ բռնատիրական երկիր մը:
Ֆըրզլի ըսաւ, թէ համայնքային դրութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը ժողովրդավարութեան խոչընդոտներ չեն եղած Լիբանանի մէջ:
Ան շեշտեց, որ ժողովրդավարութիւնը խոչընդոտող արգելքները կարելի է վերացնել
մշակելով ընտրական օրէնք մը, որուն հիման վրայ Լիբանանը կը վերածուի մէկ ընտրաշրջանի` ինչպէս նաեւ գործադրելով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը: «Իսկ աւելի արդար ըլլալու համար` համամասնական դրութիւնը կը գործադրենք համայնքներուն վրայ: Այսինքն` Լիբանանը մէկ ընտրաշրջան, իսկ համամասնական դրութիւնը` համայնքներուն միջեւ», ըսաւ Ֆըրզլի:
Ան ընդգծեց, որ ինք դէմ է այն կեցուածքին, թէ Լիբանան արտաքին որոշումով հիմնուած է` հաստատելով, որ անոր բնական սահմանները գծուած են Աստուածաշունչին մէջ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ ինք հպարտ կը զգայ հոն հրաւիրուելով, որովհետեւ անդամակցած է Զաւարեան ուսանողական միութեան, որ Լիբանանի մէջ հիմնուած է 1904-ին, այսինքն` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն առաջ գործած է Լիբանանի մէջ եւ կը շարունակէ քաղաքական իր գործունէութիւնը ցարդ շարունակել:
Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն Լիբանանի մէջ 1902-էն ի վեր կը գործէ եւ պիտի շարունակէ գործել:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն ընկերվարական կուսակցութիւն է եւ կը հաւատայ ընկերային արդարութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան:
«Արդեօք Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւն կա՞յ: Արդեօք այն ժողովրդավարութիւնը, որ կը գործադրենք, կը յարգէ՞ քաղաքացիներուն իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն արդարութեան եւ հաւասարութեան հիմերը: Իսկ արդեօք բաւարար ազատութիւններ կա՞ն, որպէսզի Լիբանան ժողովրդավար ըլլայ», հարց տուաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ քաղաքացիութիւնը կարելի չէ կերտել` համայնքայնութեամբ, աշիրեթական եւ տեղայնական տրամաբանութեամբ կարելի չէ հայրենիք կերտել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ իսկական ժողովրդավարութիւն ունենալ, առանց ընկերային արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու: (Խօսքին ամբողջութեամբ կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ):
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ-Ժարուտի գնահատեց երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան կողմէ լսարանական ասուլիս մը կազմակերպելու եւ այս նիւթերը արծարծելու նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն յայտնեց երեսփոխան Բագրատունիի կեցուածքին, թէ Լիբանանի մէջ ընկերային արդարութիւնը խոցելի է:
Ան հաստատեց, որ իր կարծիքով` համայնքային դրութիւնը Լիբանանի ժողովրդավարութեան վնաս կը հասցնէ` աւելցնելով, որ ժամանակն է արդէն կերտելու քաղաքացիական պետութիւնը եւ հաստատելու ընկերային արդարութիւնը:
Թապըշ ընդգծեց օրէնսդրական աշխատանքին կարեւորութիւնը` հաստատելով կիներու իրաւունքներուն վերաբերող նոր օրէնքներու մշակումին անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ կարեւորագոյն օրէնքը պիտի ըլլայ կնոջ ընծայել իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու օրէնքը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ ընկերային ապահովագրութեան օրէնքին, բժշկութիւն ստանալու յատուկ օրէնքին, աշխատանքի օրէնքին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բռնութեան վերաբերող օրէնքին, որոնք ընկերային արդարութիւն հաստատելու նախաքայլեր են:
Ան հաստատեց, որ իսկական ժողովրդավարութիւնը պէտք է ընդգրկէ ընկերային արդարութիւնը:
Քաղաքացիական ընկերութեան «Ամել» միջազգային կազմակերպութեան նախագահ տոքթ. Քամել Մհաննա անդրադարձաւ պատգամի երկիր ըլլալու Լիբանանի յատկութեան` ընդգծելով, որ պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատիլ:
Ան կեդրոնացաւ մարդ արարածին մարդկային գիծերուն վրայ` խստիւ դատապարտելով Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւնները, որոնք լիբանանցի երիտասարդը կը մղեն արտագաղթի եւ զայն անգործութեան մատնած են:
Մհաննա հաստատեց առանց քաղաքական եւ համայնքային պատկանելիութեան գործելու կարեւորութիւնը` ապահովելու համար մարդ արարածին արժանապատուութիւնը:
Լսարանական ասուլիսի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում` հիմնուելով ներկաներուն ուղղած հարցումներուն եւ անոնց պատասխաններուն վրայ:
Հանդիպումի աւարտին Զաւարեան ուսանողական միութիւնը իր հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով յուշանուէրներ յանձնեց երեք զեկուցաբերներուն` երեսփոխաններ Ֆըրզլիի, Ժարուտիի եւ Մհաննայի:
aztagdaily.com