Ո՞րն է արմատական լուծումը
19 Մայիս 2019 Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ Վարչապետ Փաշինեանի և իր համախոհներու իշխանութեան գալէն ի վեր բազում անգամներ շեշտած եմ կենսական կարևորութիւնը ամբոխը տուն ճամբելու և վերջ տալու զայն որպէս քաղաքական խարիսխ գործածելու վտանգաւոր մոլորութեան։ Ամբոխը քաղաքական ուժ չէ և պիտի չըլլայ։ Ան միայն կրնայ թունաւորել երկրի քաղաքական մթնոլորտը և զայն մղել մէկ անգուշակելի ձախաւերութենէն դէպի միւսը։ Պիտի նաև ըսեմ, որ խորապէս հիասթափուած եմ, որ Պր. Վարչապետը ցարդ չ՚անդրադառնար այս տարրական ճշմարտութեան և կը շարունակէ իր քաղաքական յոյսերը կապել ամբոխի կարծեցեալ ուժին։Հարց պէտք է տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՚ունենար երէկ Օպերայի հրապարակին վրայ հնարաւոր դարձնելով այն անիշխանական քաշկռտուքը, որուն ականատես կ՚ըլլայինք աշխարհով մէկ չհաւատալով մեր աչքերուն։ Ականատես կ՚ըլլային մեր փոքրերը, մատղաշ տղաքն ու աղջիկները, որոնք կեցած էին համացանցի պաստառներուն առջև։ Ովքե՞ր էին հրապարակի այս գրոհականները, զորս ոստիկանութիւնը կը փորձէր զսպել և չէր կրնար։ Մէկ բան պա՛րզ էր։ Ասոնք Պր. Վարչապետին համակիրներն էին։ Իր հիացողները։ Իր խօսքերէն սնուողները։ Իր քաղաքականութեան ապաւէն հայթայթողները։ Երկու հաւանական եզրակացութիւններու կարելի էր յանգիլ դիտելով բեմադրուող այս տխուր պատկերը։ Երկու մէկը միւսէն անորակելի հետևութիւններո՛ւ։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենային Պր. Վարչապետին գիտութեամբ և հաւանութեա՞մբ...Թէ այս բոլորը տեղի կ՚ունենային Պր. Վարչապետի կամքին հակառակ։ Ո՞րն էր այս երկուքէն, որուն պէտք էր հաւատային ՀՀ հանրութիւնն ու Սփիւռքը գնահատական կարենալ տալու համար ստեղծուած այս կացութեան։ Ամբոխը շղթայազերծելու փորձութեա՞ն, թէ ամբոխը չկարենալ զսպելու վտանգաւոր հաւանականութեան։

Կը գտնուինք մեծապէս մտահոգիչ անկիւնադարձի մը վրայ, Պր. Վարչապետ։ Կը գտնուինք պայթուցիկ կացութեան մը առջև, որ պիտի կրկնէ ինքզինք նորէն ու նորէն և ամէն անգամ աւելի մեծ ուժգնութեամբ և անգուշակելի հետևանքներով և մօտէն յուշելով Մարտ 1-ի ողբերգութիւնը։ Ժամանակն է օրուան հարցերու թակարդէն վեր ելլելու և հաղորդակցութեան առողջ ուղիներ հաստատելու երկրի բոլոր հարազատ քաղաքական ուժերուն հետ։ Ժամանակն է մանաւանդ փողոցը տուն ճամբելու և միանգամընդմիշտ վերջ դնելու այս վտանգաւոր խաղին։ Ժամանակն է հիմը դնելու քաղաքական առողջ բանավէճի մշակոյթին։ Այս իշխանութիւնը ողբալիօրէն պարտուած է առանց այդ բանավէճին։ Պարտուած է բոլոր իր մեծամասնութիւններով հանդերձ։ Եւ ձեր այդ ճակատագրական պարտութիւնը ուղիղ յառաջատւութեամբ (progression) կը վերածուի մեր պետականութեան պարտութեան։ Մի հաւատաք բոլոր այն փուճ սիրալիրութիւններուն, զորս Արևմուտքն ու Արևելքը կը շռայլեն ձեզի ձեր այցելութիւններու ընթացքին։
Ես կ՚ուզեմ յիշեցնել ձեզի, որ դուք հարկադրուած էք մեր պետականութեան դատը շահելու մեր հայրենի հողի՛ն վրայ։ Պիտի կարողանաք շահիլ ամէն մէկ քաղաքի ու գիւղի մէջ և ամէն մէկ գաղթօճախի։ Պիտի շահիք ոչ թէ ձեր քաղաքական դիրքերը ամրացնելու սին միտումով, այլ ամրապնդել ջանալով մեր երկրի լինելիութան հիմքերը։ Ձեր յաղթանակի գրաւականը ձեր համախոհները չեն և չեն կրնար ըլլալ։ Պետականութեան ղեկավարը պիտի կարողանայ ինքզինք անջատել կուսակցական ղեկավարի բռնութենէն և ինքզինք նուիրել ազգի և հայրենիքի ղեկավարման նուրբ և պատասխանատու գործին։ Ձեր գործի փորձադաշտը կը գտնուի այն իսկ տեղ, որմէ դուք յայտնօրէն կը թուիք խորշիլ։ Դուք անկեղծօրէն պիտի փնտռէք ձեր ընդդիմախօսներու «կնճռոտ» խորհրդակցութիւնն ու վէճը փոխանակ բանտարկուելու ձեր համախոհներու նեղ աշխարհին մէջ։ Դուք պիտի կարողանաք խօսիլ մեզի՛ և այլ ընդդիմադիր ուժերու հետ կարենալ միաւորելու համար երկիրը իր սուր անելիքներուն շուրջ։
Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր դեռ ախտանիշն է գալիքին։ Երկիրը մտած կը թուի ըլլալ այնպիսի սխալ տարերոյթի (dynamics) մը ալիքին մէջ, որ միայն կրնայ ուտել իր կենսունակութիւնը և որմէ պէտք է դուրս գալ ամէն գնով և առանց այլևայլի։ Եւ կտրականապէս վե՛րջ տալ յեղափոխութիւն խաղալու անպտուղ փորձերուն և լծուիլ իսկական գործին։ Երկիրը պէտք ունի համակարգային և արմատական փոփոխութիւններու։
Երկիրը պէտք ունի իր տնտեսաձևը արդիականացնելու, զայն ուժականացնելու, զայն մարդկայնացնելու։ Երկիրը պէտք ունի աղքատութեան ճիրաններէն ձերբազատուելու։ Երկիրը պէտք ունի իր գործօն, հպարտ, ինքնավստահ և ապագայասևեռ մարդուն։ Երկիրը պէտք ունի իր հարազատ զաւկին, որ փարի իր հողին և ազգային բարիք ստեղծէ։ Այն զանգուածը, զոր դուք գազազած ամբոխի վերածեցիք, պէտք է վերադառնայ ինքզինքին և իր հայրենի առաքելութեան և իր գոյութեան իմաստը փնտռէ մեր դժուար – բայց անպայման փայլո՛ւն – ապագան կերտելու գործին մէջ։ Եւ այս ճամբան այլընտրանք չունի։ Մեր կեանքի բոլոր դաժան հարցականներու բանալին կը գտնուի այս արմատական լուծման մէջ։
Կարօ Արմենեան
Մայիս 19, 2019
Ուաշինկթըն