Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Կեդր. Մարմինին հետ
05 Հունիս 2019 Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Կեդր. Մարմինին հետ:Հանդիպումէն Ճամբորդութեան պատճառով կը բացակայէին Հայ Կաթողիկէ և Աւետարանական համայնքներու առաջնորդները:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ ողջունեց ՍՇՕՎ-ի Կեդր. Մարմնի եօթը տարիներու ծաւալուն գործունէութիւնը եւ գնահատեց անոր պատմական վեհ առաքելութիւնը, յատկապէս մարդասիրական եւ կրթական բնագաւառներէն ներս:
Ան շեշտեց, որ այսօր միասնական նոյն ոգիով և համագործակցութեան նոր ուղիներ որոնելով պէտք է շարունակել սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքը, որուն արդէն իսկ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերած է և կը շարունակէ ցուցաբերել Սուրիոյ պետութիւնը, գլխաւորութեամբ իր վսեմաշուք նախագահին:
Աւարտին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բարձր գնահատեց նաև այսօր, այս դժուարին պայմաններուն մէջ գոյատեւող, թիւով նուազած հայ համայնքի ազգային, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններուն գործունէութիւնը, ապա յաջողութեան եւ Սուրիոյ խաղաղութեան մաղթանքներով աւարտեց իր խօսքը:
ԳԱՆՁԱՍԱՐ