Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան հիւրընկալեց հայ համայնքի ներկայացուցիչները
15 Հունիս 2019 Յունիս 14-ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան Օթթաուայի մէջ ընդունեց Գանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները։ Դեսպանատան մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին հիւպատոս Արա Մկրտչեան բարի գալուստի խօսքէն ետք տիկին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի հայութեան եւ իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Դուք միշտ եղել էք դեսպանութեան կողքին, դեսպանատան կազմաւորման առաջին իսկ օրից։ Ես իմ կողմից վստահեցնում եմ, որ այդ համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ Կրկնակի մեծ պարտաւորութիւններ ունեմ որպէս առաջին կին դեսպան Գանատայում եւ յուսով եմ, որ պատուով կը կատարեմ իմ առջեւ դրուած առաքելութիւնը։ Ես ձեզ իւրաքանչիւրիդ համարում եմ դեսպանութեան մի փոքրիկ օղակը»։![](https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2019/06/Հորիզոն.jpg)