Յ. Բագրատունի Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ
24 Հուլիս 2019 Ուաշինկթըն իր կեցութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ տեսակցեցաւ գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ – Լիբանան խորհրդարանական համագործակցութեան ընդհանուր ուղղութիւնները եւ լիբանանեան պատուիրակութեան գործուղման ընթացքին արծարծուած հարցերը:
Ապա Բագրատունի դասախօսութիւն տուաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած վարժողական ծրագիրին հետեւող երիտասարդներուն, որոնք կը գումարէին սեմինարային վերջին նիստը: Ան դասախօսեց Լիբանանի պետական կառոյցներուն, քաղաքական իրավիճակին եւ արտաքին քաղաքականութեան մասին. ողջունելով երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ` ան շեշտեց Հայ դատի յանձնախումբերու ցանցային համակարգի կարեւորութիւնը եւ ասպարէզ եկող նոր ուժերուն իւրաքանչիւր միջավայրի իւրայատկութիւններուն ծանօթանալը: Ան եզրափակեց, որ համագործակցութեան թափ տալը եւ մեր ուժերու մնայուն երիտասարդացումը հզօր ազդակներ են Հայ դատի աշխատանքներուն արդիւնաւորման համար:
aztagdaily.com