Հայաստան-Սփիւռք առաջին հանդիպումէն 20 տարի անց
01 Հոկտեմբեր 2019 Անկախութեան հանրաքուէի 28 ամեակը յատկանշուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեամբ: Իր տեսակին, կամ աւելի ճիշդը՝ ձևին մէջ այցելութիւնը նախընթաց չունի. առաջին անգամ ըլլալով էր, որ անկախ Հայաստանի պետական գլխաւոր դէմքը երկրի ազգային տօնը կը նշէ սփիւռքեան համայնքի մը հետ հանդիպումով` պետական մակարդակով անոր յիշատակումէն անմիջապէս յետոյ:Վարչապետի այցելութեան նախօրեակին բնականաբար բազմացան մամլոյ օրգաններու մէջ թէ սոցիալական ցանցերու վրայ լուրջ և, շատ աւելի, անլուրջ քննարկումները: Այցելութենէն անմիջապէս յետոյ, առաւելի սպասելիօրէն, քննարկումները շարունակուեցան ընդհանրապէս շատ աւելի յուզական քան բանական մօտեցումով, աւելի կոնկրետ՝ Վարչապետին հանդէպ համակրանք-հակակրանք կտրուածքով: Հարցադրումներ եղան այդ հանդիպման միտք ի բանին բացայայտելու համար, «շօո՞ւ» էր թէ քաղաքական պատգամ, և տակաւի՛ն՝ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը որպէս թէ Սփիւռք փոխադրելու զգուշացումներ հնչեցին: Հայաստանի անկախացումէն յետոյ իրերայաջորդ իշխանութիւններու առաջին դէմքերու ամէն այցելութիւնները սփիւռքեան որևէ համայնք բնականաբար նաև քաղաքական բնոյթ ունեցած են՝ այն իմաստով, որ օրուայ իշխանութիւնները մի՛շտ ալ փորձած են եթէ ոչ երաշխաւորել Սփիւռքի զօրակցութիւնը իրենց քաղաքական ուղեգիծին, առնուազն հետամուտ եղած են քննադատութիւնները նուազեցնելու և համակիրներ, նախընտրաբար՝ ազդեցիկ անձնաւորութիւններ և ոչ այնքան համայնքային կազմակերպութիւններ, շահելու:

Անկախ թէ ով ըլլայ իշխանութեան վրայ, հայրենի իշխանութիւններու այս մօտեցումը իր բովանդակութեան մէջ արմատական փոփոխութեան պիտի չ’ենթարկուի, թէև, անշուշտ, Սփիւռքի հետ յարաբերելու ձևը իր հիմնական կարևորութիւնը միշտ ալ պիտի ունենայ: Այսինքն՝ Հայաստանի պետական որևէ այցելութիւն սփիւռքեան որևէ համայնք «քաղաքական» պիտի ըլլայ այս իմաստով: Գոնէ այնքան ատեն որ Սփիւռքը մասնակից չէ Սփիւռք-Հայաստան օրակարգի մը կազմութեան գործընթացին որպէս նուազագոյն պայման այդ օրակարգի համահայկականութեան ապահովման: Իտէալը, անշուշտ, Ազգային Ժողովէն ներս սփիւռքեան ինչ որ ձևաչափով ներկայացուցչութիւն մըն է:
Խուսափելու համար Վարչապետին Լոս Անճելըս այցելութեան «քաղաքականացում»էն, թերևս հետաքրքրական կ’ըլլայ այդ մասին քննարկումը դուրս բերել իր քաղաքական բովէն, շրջանցել այն Փաշինեանի հանդէպ համակրանք-հակակրանքի կտրուածքով կատարելու փորձութեան թակարդը և մինչև իսկ պահ մը մէկ կողմ ձգել իր տուած պատգամին տառին թէ ենթադրեալ յետին մտադրութեան անդրադարձը: Եթէ Վարչապետին Սփիւռք կատարած այս առաջին գլխաւոր այցելութիւնը տեղադրենք Հայաստանի անկախացումէն ի վեր Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու գրեթէ երեսնամեայ պատմական հոլովոյթին մէջ, ապա և պիտի անդրադառնանք որ այն կու գայ օրին Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած իշխանութիւններու կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովէն ճիշդ 20 տարի յետոյ:
Քսան տարի առաջ էր, որ օրուայ քաղաքական դէմքերը՝ նախագահ Քոչարեանը անձամբ, բայց նաև՝ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը, նշելու համար մի քանիին միայն, որոշում առած էին վերջ տալու Լևոն Տէր Պետրոսեանի օրով, յատկապէս 1992էն յետոյ, սփիւռքահայութիւնը «օտարերկրացի» համարելու քաղաքական ուղեգիծին նախքան որ այն կառուցային բնոյթ ունենար և վերածուէր ձևաչափի: Հարցը միայն Հայաստանի առաջին Նախագահին Սփիւռքի հանդէպ անյարգալից ու մեծամտական կեցուածքը չէր իր «նարինջ ուտողներ»ու տխրահռչակ ելոյթով, այլ՝ ազգային հաւաքական ինքնութեան իր շատ նեղ և ենթադրաբար «լիբերալ» հասկացողութիւնը, որուն համաձայն հայ էր միայն Հայաստանի քաղաքացին: Իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելու մտահոգութեամբ կլանուած Տէր Պետրոսեանի այդ կոյր մօտեցումը մերժումն էր ամենէն առաջ համահայկականութեան և համահայկական օրակարգի մը գոյութեան: Իսկ Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը եկաւ համահայկականութեան գաղափարը, որու իրականութեան փաստը տուած էր Արցախով սկսած ազգային ազատագրական պայքարի նորագոյն հանգրուանը, վերակենդանացնելու: Միաժամանակ, այն ուղի հարթեց նախ քաղաքական կենսական փոփոխութիւններու, որոնց շարքին՝ քաղաքացիութեան օրէնքը, ապա նաև Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ձևաչափի մը կայացման, ընդ որում սփիւռքեան գոյավիճակը և անոր ռազմավարական կարևորութիւնը պետական մակարդակով հաստատագրուած մնացին:
Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը ևս եղաւ մեծ «շօու» մը այդ յղացքի տառացի հասկացողութեամբ: Այնպէս ինչպէս միևնոյն հասկացողութեամբ «շօու» եղան յաջորդ խորհրդաժողովները: Բայց ո՞վ կրնայ ժխտել յատկապէս առաջին խորհրդաժողովին ստեղծած մեծ խանդավառութիւնը և մանաւանդ անդրադարձը ներազգային գործընթացի կարևոր ու անկիւնադարձային զարգացումներուն վրայ: Այդ զարգացումներուն թերևս ամենէն դիպուկը, կամ մի գուցէ և ամենէն ճակատագրականը եթէ պահ մը միայն մտածենք սուրիահայութեան կացութեան մասին, քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութիւնն էր: Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը չէր անշուշտ որ օրէնքի փոփոխութիւնը բերաւ: Բայց այդ խորհրդաժողովին էր որ նախագահ Քոչարեան յայտարարեց թէ նպատակ ունի հարցը օրակարգի վերածելու: Այդ յայտարարութիւնը կատարելու համար ալ խորհրդաժողովի կազմակերպողները դիմած էին Սփիւռքի ամենաքաջածանօթ ակադեմականին յանձինս Խաչիկ Թէօլոլեանի որ աշխատանքային խումբ մը կազմէր ու կարծիք ներկայացնէր: Աւելի՛ն, քանի որ ներկայացուած կարծիքը ունէր նաև իր հիմնաւորուած վերապահումները քաղաքացիութեան օրէնքի մտքի ստեղծելիք սխալ սպասումներու իմաստով, նախագահ Քոչարեան չվարանեցաւ անձնապէս հանդիպելու աշխատանքային խումբի անդամներուն հետ՝ կարծիքներու փոխանակման ու փոխ-հասկացողութեան համար:
Քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութիւնն ու անոր առընչութիւնը Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովին բերուած է օրինակի կարգով միայն: Կարելի է բերել շատ ուրիշ օրինակներ ցոյց տալու համար որ թեթևամտութիւն է Հայաստան-Սփիւռք ամէն հանդիպում, ընդ որում նաև Լոս Անճելըսի այս վերջին հաւաքը, արհամարհել որպէս «շօու» առանց նման նախաձեռնութիւններու իրողական թէ կարողական անդրադարձին մասին մտածելու օրուայ անմիջականութեան ոլորտէն անդին՝ համահայկականութեան հեռանկարով: Թերևս այդ մէկը միայն մտաւորական ճիգ մըն է, շատերուն համար՝ ժամավաճառութիւն կամ «հերիֆութիւն», բայց այլ ձև չկայ հաւաքական գիտակցութիւն կերտելու և կոնկրետ ձեռքբերումներու հասնելու:
Քսան տարի անցած է Հայաստան-Սփիւռք առաջին այդ հանդիպումէն և ահաւասիկ տեղի կ’ունենայ նմանատիպ հանդիպում մը, ճիշդ է համայնքային մակարդակով որով և հաւանաբար այնքան ալ ճշգրիտ չէ Հայաստան-Սփիւռք հանդիպում կոչել այն, բայց այնուամենայնիւ յատկանշական է իր բացած կամ բանալիք հեռանկարին իմաստով: Այդ իսկ պատճառով վարչապետ Փաշինեանի Լոս Անճելըս այցին մասին հարցումը պէտք չէ բանաձևուի ոչ իր հետ համայնքի հաւաքին «շօու» ըլլալու կամ չըլլալու իմատով, ոչ իր անձին հանդէպ համակրանքի թէ հակակրանքի կտրուածքով, ոչ ալ թէկուզ Թաւշեայ Յեղափոխութեան «սփիւռքացման» հէքիաթով մը անկախ թէ այն մեզ կը խանդավառէ թէ կը մտահոգէ: Վարչապետին այս այցն ու անոր յաջորդելիք միւս այցերը որոնք, թէկուզ և չունենան վերանկախացման տօնին խորհրդանշանականութիւնը, եթէ երբեւէ ազդանշան պիտի տան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր ձևաչափի մը, արդե՞օք այն պիտի գայ անցնող քսանամեակի կտրած ուղիին իրագործումներուն նոր որակ բերելու, նոր հորիզոններ բանալու, թէ՞ անցած ուղին անտեսելու և ամէն զերոյէն սկսելու մեծամտութեան սխալը պիտի գործէ: Ահա ա՛յս է հարցումը որ պէտք է ընել:
Այս գրութիւնը, հետևաբար, պարզ հրաւէր մըն է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին մտածելու անցնող առնուազն քսանամեակի ուղիին գիտակցելով, ամբողջ նիւթ մը՝ առանձին յօդուածի, եթէ ոչ ուսումնասիրութեան կամ մի գուցէ խորհրդաժողովի համար: Փափաքելի պիտի ըլլար որ այն պետական նախաձեռնութիւն ըլլար՝ Սփիւռքի ակտիւ մասնակցութեամբ: Բայց եթէ ինչ որ հայրենի Ռէզոն տ’Էթա մը կայ որ նման նախաձեռնութիւն շահագրգիռ չնկատէ, այն կրնայ և համասփիւռքեան ծրագիր մը ըլլալ և անոր հրաւիրուի պետական ներկայացուցիչը՝ Սփիւռքի հարցերու գործակատարի, Հանրապետութեան Նախագահի թէ Վարչապետի մակարդակով:
Այդ իսկ պատճառով թերևս հետաքրքիր պիտի ըլլայ այս գրութիւնը եզրափակել Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովին, այդ անմոռանալի «շօու»ին, հնչած Վահէ Օշականի խօսքերը. «մէկ ազգ՝ այո՛, մէկ հայրենիք՝ այո՛, մէկ մշակոյթ՝ չեմ գիտեր»: Վահէին այս խօսքերը միասնականութեան թէ համահայկականութեան ժխտումը չէին, այլ՝ գիտակցութեան հրաւէր Սփիւռքեան գոյավիճակին և Արևմտահայ մշակոյթի առանձնայատկութեան: Եւ այս, այնքան ծափահարուած խօսքերուն մէջբերումը, թող յիշեցում մը ըլլայ Սփիւռքին ֆրանսական հանրածանօթ ասացուածքի մը հետևումով՝ դուն քեզի օգնէ՛ (կազմակերպուիր) և (թերևս) հայրենի պետութիւնը քեզ կ’օգնէ:
Խ. Տէր Ղուկասեան