Մեր Կորուստները. Հասարակական – Կուսակցական Գործիչ Յակոբ Մանճիկեան Իր Մահկանացուն Կնքեց
22 Հոկտեմբեր 2019 Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն խոր վիշտով կը գուժէ շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն Յակոբ Մանճիկեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ 18 Հոկտեմբեր 2019-ին: Ընկ. Մանճիկեան նշանակալի մասնակցութիւն ունեցած է Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հզօրացման աշխատանքներուն եւ եղած է Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:
Իբրեւ հիմնադիր ատենապետ՝ ընկ. Մանճիկեան ծառայած է Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբին մէջ, ինչպէս նաեւ ատենապետութեան պաշտօնը վարած եւ կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցած է Մօնթէպէլոյի Նահատակաց Յուշարձանի յանձնախումբին մէջ:
Յիշատակելի է նաեւ Ընկ. Մանճիկեանի ներդրումը Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմագրութեան գործին մէջ: Արդարեւ, ընկ. Մանճիկեան, իր տիկնոջ Քնար Աւետեան Մանճիկեանի հետ միասին, համահեղինակը եղած է Հ.Յ.Դ. Ալպոմ-Աթլասին, որ յետ տարիներու բծախնդիր ուսումնասիրութեան, հրատարկուեցաւ Դաշնակցութեան 100 Ամեակին առիթով:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
asbarez.com