ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ

Զանգուածային Բողոքի Շարժումներուն 13-րդ Օրը Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

30 Հոկտեմբեր 2019
Բախումներ Եւ Քաոսային Վիճակ Ռինկի Կամուրջի
Շրջանին Մէջ` Ճամբաները Բանալու Նպատակով


Լիբանանի մէջ ծաւալած համաժողովրդային բողոքի ցոյցերուն 13-րդ օրը, վարչապետ Սաատ Հարիրի ներկայացուց կառավարութեան հրաժարականը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ լիբանանցի ժողովուրդին:

Վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին լիբանանցիներուն ուղղեց հետեւեալ խօսքը.

«13 օրէ ի վեր Լիբանանի ժողովուրդը կը սպասէ քաղաքական լուծումի որոշումի մը, որ պիտի դադրեցնէ անկումը: Ես այս ամբողջ ընթացքին փորձեցի ելք գտնել ժողովուրդի ձայնը լսելով եւ երկիրը փրկելու համար ապահովական, տնտեսական եւ ապրուստի վտանգներէ: Ձեզմէ չեմ թաքցներ, որ ես այսօր հասայ փակուղիի, եւ անհրաժեշտ դարձաւ մեծ ցնցում կատարել, որպէսզի դիմագրաւենք տագնապը: Ես այժմ կ՛ուղղուիմ Պաապտայի պալատ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին կառավարութեան հրաժարականը ներկայացնելու, ընդառաջելով բազմաթիւ լիբանանցիներու կամքին, որոնք դուրս եկած էին փողոց` փոփոխութիւն պահանջելու, եւ յանձնառու մնալով այս պատմական պահուն երկրին անվտանգութիւնը ապահովելու»:

Ան բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց երկրին շահը, ապահովութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութեան պաշտպանութիւնը եւ տնտեսական վիճակի վատթարացումը դասելու ամէն բանէ առաջ:


Խօսքը ուղղելով քաղաքական գործիչներուն` վարչապետ Հարիրի ըսաւ. «Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել Լիբանանը, կանխել հրդեհը: Մեր պարտականութիւնն է տնտեսութիւնը վերականգնել: Կայ նոր առիթ, որ պէտք չէ փախցնել: Հրաժարականս կը դնեմ հանրապետութեան նախագահին տրամադրութեան տակ: Պաշտօնները կ՛երթան եւ կու գան, կարեւորը երկրին արժանապատուութիւնը եւ ապահովութիւնն է: Ոչ ոք իր երկրէն աւելի մեծ է: Աստուած Լիբանանի հետ է»:

Իր խօսքէն ետք վարչապետ Հարիրի անմիջապէս ուղղուեցաւ Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահին յանձնեց կառավարութեան հրաժարականի գրաւոր նամակը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ճիշդ նկատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը, որ «ընդառաջումն է ժողովրդային պահանջին»:

Ժահժահ կարեւոր նկատեց ներկայ տագնապէն դուրս գալու ուղղուած յաջորդ, հիմնական, գործնական եւ պահանջուած քայլը, որ մասնագէտներէ բաղկացած նոր կառավարութեան կազմութիւնն է: Ըստ անոր, այդ մասնագէտները պէտք է ըլլան մաքուր, ուղիղ եւ յաջողած, եւ ըլլան անկախ քաղաքական կուսակցութիւններէ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Ժահժահ իրաւասու ապահովական կառոյցներուն կոչ ուղղեց պահպանելու ցուցարարներուն ապահովութիւնը, ուր որ ալ գտնուին անոնք Լիբանանի մէջ, երէկ կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած յարձակումներէն ետք:

Երեսփոխան Նեհմաթ Իֆրամ «Թուիթըր»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ես կ՛ողջունեմ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հակիրճ խօսքի բովանդակութիւնը, քանի որ ան կը ներկայացնէ կառավարութեան հրաժարականը` ընդառաջելով ժողովուրդի պահանջին: Թերեւս ասիկա լուծում գտնելու սկիզբն է` կազմելով կարող մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը»:

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասսան «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառումին ընդմէջէն անհրաժեշտ նկատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը` կանխելու համար քաղաքացիական բախումները, որոնց վտանգին լիբանանցիք երէկ ականատես դարձան Կեդրոնական Պէյրութի մէջ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք անոր զօրակցող համակիրները բողոքելով հրաժարականին դէմ փակեցին Քասքասի ճամբան երկու ուղղութիւններով, փապուղին եւ Քորնիշ Մազրայի ճամբան, յատկապէս Ապտել Նասեր մզկիթին քով, ինչպէս նաեւ Պարպիրի ճամբան եւ Մարզական աւանի քառուղին` Քոլայի ուղղութեամբ:

Մեծ թիւով բանակայիններ, գաղտնի սպասարկութեան, ընդհանուր ապահովութեան ուժեր, խռովարարութիւնը վերահսկող եւ հետաքննութեան անդամներ տարածուած էին Թայյունէ հրապարակին շուրջ:

Դարձեալ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն ետք, նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամ, Նեժիպ Միքաթի եւ Ֆուատ Սինիորա վերջինիս Պէյրութի տան մէջ հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար նշուեցաւ. «Յարգելի՛ լիբանանցիներ, վարչապետ Սաատ Հարիրին ընդառաջեց Լիբանանի տարբեր շրջաններէ լիբանանցիներու մեծամասնութեան ուղղած կոչին: Անոնք արտայայտեցին իրենց հաւատքը լիբանանեան հայրենիքին եւ անոր գերիշխան, ազատ եւ անկախ պետականութեան նկատմամբ: Պետութիւն, որ օժտուած է իր բոլոր հողերուն նկատմամբ ամբողջական եւ լիակատար ինքնիշխանութեամբ: Երբ իր հրաժարականը ներկայացուց, վարչապետ Սաատ Հարիրի շարունակեց իր հօր` նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի աւանդը իր իմաստութեամբ, քաջութեամբ եւ ազգային պատասխանատուութիւններուն տէր ըլլալով: Պահը հասած է, որպէսզի բոլորը ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները ազգային փրկարար շարժումի մը ուղղութեամբ, որ կ՛ընդառաջէ ժողովուրդի պահանջներուն եւ կը պահպանէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը քաղաքական, տնտեսական եւ ազգային քայքայումէն»:

Երէկ երեկոյեան հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան այցելեց վարչապետ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը` զօրակցութիւն յայտնելու համար անոր «ազգային մեծ կեցուածքին, զոր արտայայտեց իր հրաժարականին ընդմէջէն: Հանրապետութեան միւֆթին ըսաւ, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը բոլոր պատասխանատուները կը դնէ իրենց պատմական եւ ազգային պատասխանատուութիւններուն առջեւ` պահպանելու Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն արժանապատիւ կեանքը: Միւֆթի Տըրիան աւելցուց. «Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը դրական ցնցում մըն է բոլոր պատասխանատուներուն եւ լիբանանցիներուն` համաձայնութեան յանգելու համար փրկարար լուծումներու շուրջ, որոնք երկիրը դուրս կը բերեն քաղաքացիներուն դիմագրաւած տագնապներէն եւ մարտահրաւէրներէն»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայել «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Պատմական որոշում` պատմական կացութեան մէջ: Լիբանանցի ժողովուրդին կամքը յաղթեց: Յարգա՛նք իւրաքանչիւր լիբանանցիի` հիւսիսէն հարաւ: Ասիկա սկիզբն է փոփոխութեան ուղիին, որ կը շարունակէ սահմանադրութիւնը եւ ժողովուրդին կամքը յարգել` կազմելով մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն եւ կատարելով կանխահաս ընտրութիւններ, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդը պատասխանատուութեան կանչէ եւ փոփոխութիւն յառաջացնէ»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Առաջին օրէն իսկ երկխօսութեան կոչ ուղղեցի, եւ երբ մերժեցի վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան շարքերուն մէջ անհանգստութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Բայց այս ճակատագրական պահուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարութենէն ետք, ինչպէս նաեւ լուծում գտնելու համար մեր եւ անոր թափած ջանքերէն ետք, նորէն կոչ կ՛ուղղեմ երկխօսութեան եւ հանդարտութեան»:

Երէկ առաւօտեան կարգ մը ցուցարարներ հաւաքուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի տան առջեւ, որ կը գտնուի Պլիս փողոցին վրայ:

Ցուցարարները նշեցին, որ շարժումը պիտի ընդգրկէ բոլոր նախարարներուն եւ պատասխանատուներուն տուները` բողոքելու համար անոնց հակաժողովրդական կեցուածքներուն դէմ:

Լիբանանի դրամատուներու միութեան վարչութիւնը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին իրադարձութիւններուն, եւ քննարկուեցան ներկայ պայմաններուն մէջ դրամատնային մարզի գործերու ընթացքը: Վարչութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ իրենք պիտի շարունակեն կարելի ջանքերը թափել քաղաքացիներուն վրայ տագնապի բեռը թեթեւցնելու համար:

Հաստատուեցաւ, որ դրամատուները պիտի ապահովեն պետական եւ սեփական մարզերու պաշտօնեաներուն ամսականները: Միութիւնը յայտարարեց, որ դրամատուները փակ պիտի մնան նաեւ այսօր:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան, վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն ետք յայտարարեց, որ Լիբանան 15 օրէ ի վեր վտանգաւոր տագնապ կը դիմագրաւէ` ժողովրդային բազմամարդ ցոյցերով, արկածներով, լարուածութեամբ եւ վստահութեան տագնապով:

Լոտրիան Ազգային ժողովին առջեւ Ֆրանսայի անունով կոչ ուղղեց Լիբանանի պատասխանատուներուն ճիգ չխնայելու, որպէսզի կառոյցներու կայունութիւնը եւ Լիբանանի միասնականութիւնը ապահովուին: Ան նկատել տուաւ, որ Հարիրիի հրաժարականը կը վատթարացնէ տագնապը:

«Կայունութեան պայմանը ժողովուրդին ձայնը եւ անոր պահանջները լսելու ցանկութիւնն է», աւելցուց ան:

Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները պատրա՞ստ են միասնաբար «կառուցելու Լիբանանը», եւ արդեօք պատրա՞ստ են երկրին շահը դնելու իրենց անձնական շահերէն առաջ:

«Լիբանան կարիքը ունի, որ քաղաքական ամբողջ խաւը հարցականի տակ դնէ իր աշխատանքը եւ ջանայ հզօր պատասխան տալ ժողովուրդին: Ֆրանսա պատրաստ է անոնց օգնելու այս գծով», ընդգծեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը:

Հզօր Լիբանան համախմբումի շարք մը երեսփոխաններ եւ նախարարներ յայտարարեցին իրենց հարստութեան եւ ունեցուածքներուն մասին` Պէյրութի Արդարադատութեան պալատին մէջ:

Երեսփոխան Էտի Մաալուֆ Արդարադատութեան պալատին առջեւէն յայտնեց, որ այս քայլը սկիզբ մըն է բացայայտելու բազմաթիւ բաներ, եւ ասիկա բաժին մըն է մեծ քայլերու շարքի մը` հասնելու համար մաքուր պետութեան, որուն քաղաքական գործիչներուն եւ պաշտօնեաներուն վրայ կասկածներ չկան: «Ով որ մեզ կը քննադատէ, մեզի պէս թող ընէ եւ թող վերացնէ իր դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնը եւ անձեռնմխելիութիւնը»:

Նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ իրենք յայտարարած են իրենց ունեցուածքներուն մասին, նախքան ուղղուիլը դէպի Սահմանադրական խորհուրդ` իբրեւ երկրորդ քայլ: Ան միւս քաղաքական գործիչներուն կոչ ուղղեց նոյնը կատարելու:

Երէկ կէսօրին Ռինկի կամուրջին վրայ հրմշտուքներ եւ վէճեր տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ այն քաղաքացիներուն միջեւ, որոնք կը մերժէին ճամբաներու փակ մնալը: Ապահովական ուժերը միջամտեցին:

Բողոքող քաղաքացիները նշեցին, որ ցուցարարները պէտք է բողոքի ցոյց կատարեն պատասխանատուներու տուներուն առջեւ` փոխանակ քաղաքացիներուն երթեւեկը արգիլելու: Անոնք մերժեցին խորհրդանիշներու դէմ լուտանքներ արձակել, յատկապէս Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ:

Իսկ ցուցարարները շեշտեցին, որ պիտի շարունակեն փակել ճամբաները` նշելով, որ «պետութիւնը իրենց մտիկ չէ ըրած, երբ հաւաքուած են հրապարակներու վրայ»: Անոնք նշեցին, որ ճամբաները փակելը ամէնէն յաջող միջոցն է պահանջները իրականացնելու:

Կարգ մը կիներ նստան ճամբուն մէջտեղը, որպէսզի կարելի չըլլայ ճամբան բանալ:

«Լրագրողներ բռնութեան դէմ» միութիւնը դատապարտեց երէկ Ռինկի կամուրջին վրայ կարգ մը անձերու կողմէ օգտագործուած ձեւը` ճամբան բռնի ուժով բանալու: Միութիւնը գնահատեց ապահովական ուժերուն դերակատարութիւնը` արգիլելու խաղաղ ցուցարարներուն դէմ յարձակումը, կոչ ուղղելով չբաւարարուելու երկու կողմերը բաժնելով եւ ձերբակալել զանոնք:

Լուսանկարը՝ Սագօ Պեքարեանի

Աւելի ուշ, խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք կը մերժէին ճամբան փակել Ռինկի կամուրջին վրայ, կոտրտեցին եւ այրեցին Ռիատ Սոլհի եւ Կեդրոնական Պէյրութի վրայ տեղակայուած վրանները:

Անոնք նաեւ փորձեցին քանդել բռունցքի պատկերով պաստառը, որուն վրայ գրուած է «Յեղափոխութիւն»: Անոնք յայտնեցին, որ իրենք շրջանի բնակիչներ են եւ ոչ մէկ կուսակցութեան կը պատկանին` նշելով, որ իրենց գործերը կանգ առած են 13 օրէ ի վեր: Անոնք աւելցուցին, որ իրենք առաջին անձերէն են, որոնք մասնակցած են ցոյցերուն եւ ունին ցուցարարներուն նոյն պահանջները:

Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն ետք ժողովրդային բողոքի ցոյցերուն մասնակիցներուն մօտ տիրեց ուրախութեան եւ տօնախմբութեան մթնոլորտ: Մեծաթիւ ցուցարարներ դարձեալ լեցուցին Ռիատ Սոլհի եւ Նահատակաց հրապարակները, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Սայտայի եւ լիբանանեան զանազան շրջաններու հրապարակները: Անոնք յայտարարեցին, որ Հարիրիի հրաժարականը առաջին պահանջն էր իրենց շարժումին, եւ ժողովրդային բողոքի շարժումները տակաւին պիտի շարունակուին` մինչեւ ըմբոստութեան նպատակներուն իրագործումը:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մայիսի 9-ի խորհուրդը և նշանակությունը

«Մեր ժողվուրդը տեսավ 2020 թվականի 44-օրյա ճակատարամարտի հետևանքները, Արցախի

09 Մայիս 2025
Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

«Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան

09 Մայիս 2025
Շուշին ազգային վերազարթոնքի խորհրդանիշ

Արցախում Եռատոն է, հպարտության եւ հաղթանակի տոն։ 1992-ին Շուշիի հաղթական ազատա

09 Մայիս 2025
Միջոցառում՝ «Շուշի. վերադարձ լինելու է

Մայիսի 8-ին «Անի Պլազա» հյուրանոցի «Անի» սրահում տեղի ունեցավ Շուշիի ազատագրմա

09 Մայիս 2025
33 Տարի Առաջ` Այսօր. Հերոսական Սխրանքն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 9-ը եռատօն է, նուիրուած` համաշխարհային երկրորդ պատերա

09 Մայիս 2025
Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Հ

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդ

08 Մայիս 2025
Շուշին հանդիսանում է հայ ժողովրդի քաղա

ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Արցախի պատմամշակութային ժառանգության և արդի քաղաք

08 Մայիս 2025
Դիվանագետների համահայկական խորհրդի հայ

Մայիսյան եռատոնը հայ ժողովրդի նորագույն պատմության պանծալի էջերից է, հայկական

08 Մայիս 2025
Այն ինչ այսօր կատարվում է ժամանակավոր

«Շատ բարդ է ինձ համար այսօր խոսելը։ Մի քանի բան ուզում եմ փոխանցել ՝մեկը պատմա

08 Մայիս 2025
Ամեն ինչ անելու ենք, որ, այո՛, այդ վեր

«Շատ կարևոր է այսօր վերաիմաստավորել, արժևորել Շուշիի ազատագրման օրը և խորհուրդ

08 Մայիս 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետակ

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի ք

08 Մայիս 2025
Պատասխան ես տալու ամեն բառիդ, ամեն քայ

Փորձեմ առանց էմոցիայի Հերթական անգամ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

08 Մայիս 2025
Ուաշինկթընի Քաղաքային Խորհուրդը Ընդուն

Մայիս 6-ին, Ուաշինկթընի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց >բանաձեւ մ

08 Մայիս 2025
Մեր համազգային պահանջատիրութեան յետքայ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԻԹՈՎ Եթէ պէտք է իրերն իրենց անւամբ կ

08 Մայիս 2025
Ցաւակցագիր

ՀՅԴ Բիւրօն խոր վիշտով իմացաւ ընկ. Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը։ Այս տխ

07 Մայիս 2025
ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու դժուար ընթա

Օմանի միջնորդութեամբ տեղի ունեցող բանակցութիւնները ԱՄՆ-ի և Իրանի միջև այժմ կը

07 Մայիս 2025
էժան միջոցներով չեն կարող մեզ շեղել

Այն ենթադրությունը, թե պետք է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին անվստահություն հայտ

07 Մայիս 2025
Կառավարությունից պահանջում ենք միջոցնե

Արցախցիների իրավունքների պաշտպանության խորհուրդը Արցախի մշակութային ժառանգությ

07 Մայիս 2025
Օգտակար խորհուրդ Հայաստանի Հանրապետութ

Վերջերս Հայաստանի Հանրապետությունն անսովոր որոշում կայացրեց՝ վարձելով ամերիկյա

06 Մայիս 2025
Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղաս

Կազմակերպութեամբ Համիլթընի Ս. Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ

06 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company