Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւին Որդեգրումը Ամերիկահայերուն Քրտնաջան Աշխատանքին Արդիւնքն Է
01 Նոյեմբեր 2019 «Ալքալիմաանլայն» կայքը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրման` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ նոր կոլ նշանակեցին Թուրքիոյ դաշտին մէջ, որմէ ամէնէն շատ օգտուողը Հայաստանն է: Կայքը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը միշտ պայքարած է, որպէսզի բոլոր երկիրները ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նշուած է նաեւ ցեղասպանութիւնը ընդունող երկիրներուն անունները:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ճանաչումը կատարուեցաւ արդարութիւն հաստատելու համար` ընդգծելով, որ չի մեռնիր իրաւունքը, որուն ետին կան պահանջատէրներ: Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ այս նուաճումը Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայերու քրտնաջան աշխատանքին արդիւնքն է, որ սկսած է 35 տարի առաջ` ընդգծելով, որ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու շահերը շրջանին մէջ փաստեցին, որ Թուրքիա իսկապէս ահաբեկչական պետութիւն մըն է:
Երեսփոխան Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ արաբական երկիրները չեն ենթարկուիր թրքական ճնշումին` յայտնելով, որ անոնք կը խուսափին ընդունելէ ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ կը վախնան արդարութենէն, իրաւունքէն եւ ունին քաղաքական եւ քարիւղային պատճառներ: Ան նշեց, որ դիմակը ինկած է այսօր, օսմանցիներուն ոճրագործութիւնները շրջանցած են պատմութեան հարցը, եւ ատիկա փաստ դարձած է նոյնիսկ այսօր, երբ Թուրքիա իր քաղաքականութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը կ՛իրագործէ նոյնիսկ արաբական երկիրներուն վրայ: Ըստ Բագրատունիի, Թուրքիոյ Սուրիա ներխուժելը ո՛չ միայն արաբական պետութեան բռնագրաւում է, այլ նաեւ արաբական այլ տարածքներ ներխուժելու սկիզբ:
aztagdaily.com